Through the Orchards of Armenian Language & Poetry Presented by: Zarminé Boghosian
Search This Blog
Search This Blog
Monday, March 18, 2019
Tuesday, March 12, 2019
Wednesday, March 6, 2019
Thursday, January 31, 2019
ԿԱՐՕՏ եւ ՍԵՐՆԴԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Այսօր եղբօրս աղջիկը եկաւ մեր տուն
- հայկական ճաշեր եփել սորվելու:
Շատ ուրախացայ:
Ինքզինքը կէս հայ նկատող
Ամերիկեան քաղաքացի եղբօրս զաւակը
Հայկակա՛ն քիմք ունի:
Նախ սմբուկ, լոլիկ եւ պղպեղ զատեցինք կանաչեղէնի խանութէն
Այնտեղ մեծ մայրս է որ ողջնցաւ եւ խօսիլ սկսաւ...
Թելադրելու համար թէ՝
սմբուկը ողորկ եւ քիչ մըն ալ փափուկ
Պէտք է ըլլայ
որպէսզի թէ՛ քաղցր ըլլայ եւ թէ դիւրին փորուի:
Բրինձ կամ
ձաւար, միսով թէ առանց միսի
Միեւնոյնն է աշխատանք է պէտք
մինչեւ կաթսային յանձնելու ժամը հասնի
Գլուխը կտրել,
կափարիչ
պահել, փորել,
Միջուկը հանել, քերթել, համեմել, լեցնել...
Եւ կամ տերեւ հաւաքել՝
Թարմ ու կանաչ, մետաքսի պէս մատերդ շոյող
Բակին մէջ աճած որթատունկին կանաչ տերեւները
Շարել համաչափ, երկուքի ծալլել
եւ...եռացող ջուրին մէջ թորմեցնել..
- «Հիմա կը հասկամ թէ հայ մայրերը
ինչո՞ւ խումբով աշխատիլ կը սիրեն
Ասիկա երկար ժամերով աշխատանք է
կէս ժամուայ մէջ ուտել-կշտանալու համար...»
Կը բացագանչէ նոր սերունդի ներկայացուցիչ
եղբօրս զաւակն իմ
Հայկական տոլմա եփելուն անգիտակից ...
Սմբուկը ձեռքիս՝ կը հեռանամ մտքով
Հօրքուր – ի՞նչ պատահեցաւ-
«Ար եու հիր- հո՞ս ես» հարց կու տայ ան...
Կը պատմեմ իրեն թէ ուր հասեր էի
մտքիս թելերուն հետ ճամբորդելով
Երբ հազիւ տաս տարեկան աղջնակ՝ մօրս կ՛օգնէի
Վերմակ կարելու ասեղ-դերձանով
Իր եւ խումբ մը իր ընկերուհիներուն ձեռքերով
Պարկ մը լեցուն քիլօներով սմբուկներ
փորուած-քերթուած
Թելին անցնելով պարաններուն վրայ կապելու...
պատշգամէն
կախ տալու
Ձմրան պաշարն ապահովելու..
Ամառնային մեր արարողութիւնը...
Ամէնէն լաւ մասը այս բոլորին՝
Լարա՛, պատմեմ քեզի սիրելիս,
Սեպտեմբերին այդ չորցած սմբուկներուն նուագը
Աշնանային զեփիւռին հետ մեղմիկ օրօրուող
Հովին դէմ այդ համերգին
Բոյրը չորցած սմբուկներուն շարոցին
Կ՛աւետէր վերամուտը
Կ՛առաջնորդէր մեզ...
Դպրոցական
առօրեային
Հայ դպրոցի ճամբուն երկայնքին
Մեր քայլերուն հետ քայլ պահող,
Յատուկ ռիթմով ընկերակից մըն էր
Հայկական մեր թաղին երկայնքով մէկ
պատշգամներէն կախուած թէ՝
բակերէն արձագանգող ա՛յդ մեղեդին...
Այս պահուն ա՛յդ նուագն է ականջիս....
«Տհէթ իզ սօ բօէթիք հօրքուր.......
շա՜տ բանաստեղծական է հօրքուր..»
զարմացած աչքերը կը յարէ ինծի
կարծես զիս նոր տեսնել սկսած եղբօրս զաւակը....
Տասնամեակները ակնթարթ դարձած
արագ տողանցքով կը սահին կ՛երթան
Ձեռքիս՝ սմբուկը
ականջիս է Լարային շարունակուող ձայնը-
«Եու րիլի միսս Ալէբբօ– Հօրքուր,տօնթ եու՞՞
իրաւ կարօտցած ես Հալէպը....այնպէս չէ՞» լուռ կը նայինք իրարու.....
այո՛, միեւնոյն տան մէջ ենք.. սակայն...
Լարան՝ Նիւ Եորք, ես Հալէպ....
Զարմինէ Գ. Պօղոսեան
20 Յուլիս, 2013- Նիւ Եորք
Tuesday, January 15, 2019
65- ԱՄԵԱՅ ԵՐԹ ՆԱՐԵԿԻՆ
1955 ՅՈՒՆՈՒԱՐ & 2019 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
2018-ին մեծ շուքով տօնուեցաւ Սրբոց Նահատակաց Հայց.
Եկեղեցւոյ 60-ամեակը: Պատմական օրեր
ապրեցաւ համայնքը, երբ մանաւանդ եկեղեցւոյս քովի փողոցը, որ մինչ այդ 210-րդ փողոց- թիւով ճանչցուած էր, պաշտօնապէս մկրտուեցաւ Հայաստան
Ճամբայ-Փողոց անունով:
Իսկ
այս տարի կը միանանք նշելու մէկ այլ նշանակալից թուական մը՝ եկեղեցւոյս Տեղեկատու թերթիկին ծնունդը: Յատկանշական
երեւոյթ է անդրադառնալ, որ եկեղեցաշինութենէն հինգ տարի առաջ համայնքը առողջ
մտածումը ունեցած էր ի մի գալու եւ եկեղեցաշինութեան համար հանգանակութիւն սկսելու:
Շնորհիւ տեղեկատու-թերթիկի մը՝ որ այդ օրերուն կը կրէր «ԼՈՆԿ
ԱՅԼԸՆՏԻ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻ –THE LONG ILAND ARMENIAN CHURCH» անունը կրցած
էին կապ պահել համայնքի հայ ընտանիքներուն հետ: Այս անուան տակ հրատարկուող տեղեկատուն՝ որուն առաջին թիւը 1955
Յունուար ամիսէն սկսեալ կը տպուէր եւ կը
տարածուէր համայնքի հայ ընտանիքներու տուներէն ներս, այս տարի իր 65-րդ տարին կը թեւակոխէ:
Չորս էջնոց այս ամսաթերթ-
ապա երկշաբաթեայ- տեղեկատուն սկսած էր հրատարակուիլ Յունուարին, շրջանի հայ
ընտանիքները տեղեակ պահելու համայնքին
գործունէութեան մասին, երբ տակաւին եկեղեցւոյ շէնքը գոյութիւն չունէր եւ Ս.
Պատարագի արարողութիւնը կամ այլ եկեղեցական խորհուրդներ կը կատարուէին մերձակայ Ֆլաշինկ
շրջանի Եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ մը մէջ:
Առաջին
թիւին առաջին էջէն իսկ կը կարդանք հետաքրքրական կոչ մը -ժողովուրդին ուղղուած- գլխաւոր
հիմնադիրներէն Զարեհ Գաբիկեանի գրչով- որպէսզի համայնքը մասնակից դառնայ եւ «ջանայ
գեղեցիկ, յատկանշանական եւ իմաստալից անուն մը» գտնէ տեղեկատուին համար: Վերջապէս երեք տարի
ետք Յունուար 1958-ին Արժ. Տ. Վարդան Քհնյ. Մկրեանի օրով տեղեկատուն
կը մկրտուի ՆԱՐԵԿ անունով եւ լոյս կը
տեսնէ ամիսը երկու անգամ դառնալով երկշաբաթաթերթ:
ՆԱՐԵԿ-ը, ինչպէս գիտենք բոլորս, Գրիգոր
Նարեկացիի ծննդավայրն է, «Ի Խորոց Սրտի Խօսք Ընդ Աստուծոյ» աղօթագիրքին
հեղինակը: Թերթիկը ՆԱՐԵԿ կոչելով
խմբագրական կազմը կը յուսար եւ կը յուսայ, որ ժողովուրդը ոչ միայն յիշէ մեր մեծ
աղօթող սուրբը, այլ՝ համայնքը կարենայ արձագանգ հանդիսանայ եկեղեցւոյ մէջ աղօթող
տիպար համայնքային գործունէութեան մը:
Եկեղեցւոյ վաթսունամեայ կեանքին ընթացքին այս ծուխը
վայելած է թիւով 14 հոգեւորականներու օրհնաբեր ծառայութիւնը: Սկզբնական
տարիներուն Գերշ. Մամբրէ
Արք. Գալֆայեանի առաջնորդութեան տարիներուն՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ.
Մանուկեանը (Երջանկայիշատակ Առաջնորդ՝ Միաց. Նահանգներու Արեւելեան Թեմին եւ ապա Պատրիարք՝
Երուսաղէմի Հայոց) կատարած է ծուխին եկեղեցական արարողութիւնները:
Յաջորդաբար հովուական պաշտօնի կոչուած են – Արժանապատիւ
հայրեր՝ Տ. Վարդան Քհնյ. Մկրեան-1955-1972, Տ. Գառնիկ Հալաճեան- 1972-1977, Տ. Միքայէլ Պութէրօ-1977-1986, Տ. Մարտիրոս Չէւեան-1986-1988, Հայր եւ
որդի- Տ. Գրիգոր եւ Եղիա Հայրապետեաններ-1988-1990, Հոգշ. Տ. Վազգէն Վրդ. Գարայեան-1991-1993, Արժ. Տէր Առաքել Ալճալեան-1991-1993, Հոգշ. Տ. Սամուէլ Վրդ. Աղոյեան-1993-1999, Հոգշ. Տ. Հայկազուն Վրդ. Մելքոնեան-1999-2000, Հոգշ. Տ. Վահան Վրդ. Յովհաննէսեան-2000=2009, Հոգշ. Տ. Դաւիթ Աբղ. Քարամեան-2010, Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ.
Գատէհճեան- 2011-2012, եւ ներկայիս՝ Արժ. Տ.
Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեան- 2012-էն սկսեալ:
Եկեղեցաշինութեան
վերաբերեալ բոլոր քաղաքային պայմանները, օրինական գործունէութիւնները ամբողջացնելէ
ետք՝ Յունիս 22, 1955-ին շինարարութիւնը
ընթացք կ’առնէ: Իսկ եկեղեցւոյ բացման եւ
օրհնութեան արարողութիւնը եւ անդրանիկ հանդիսաւոր պատարագը տեղի կ’ունենայ Կիրակի՝ Դեկտ.16, 1956-ին, նախագահութեամբը օրուան
պատարագիչ՝ Առաջնորդ Տ. Մամբրէ Արք. Գալֆայեանի:
Նորակառոյց եկեղեցւոյ անդրանիկ հովիւ- Արժ. Տ.
Վարդան Քհնյ. Մկրեանի օրերուն արդէն իսկ իրար կը յաջորդեն ժրաջան աշխատանքները
զանազան նորակազմ՝ յանձնախումբերու- Դպրաց Դասի, Տիկնանց, Մարզական-սկաուտական, Կիրակնօրեայի
Սանուց եւ այլ յանձնախումբեր: Կը կազմակերպուին գիշերային Հայերէն լեզուի
դասաւանդութեան եւ Ս. Գրային սերտողութեան պահեր: Տէր հօր օրերուն նաեւ յաջորդաբար
ծնունդ կ’առնեն Կիրակնօրեայ, Միօրեայ եւ
Ամէնօրեայ Վարժարաններու կազմակերպչական աշխատանքները- որ վաթսուն տարի ետք իսկ այս
եկեղեցին կը մնայ միա՛կը Միացեալ Նահանգներու տարածքին, որ իր գրկին մէջ կը
սնուցանէ երեք վարժարաններ:
1957 թուականի Յունիս ամսուան թիւէն կը կարդանք Տէր Վարդանին պատգամը, ուր Տէր Հայրը հպարտութեամբ կը յայտարարէ թէ «իր սիրտը ուրախութեան ալիքով մը կ’ուռի երբ կը տեսնէ, որ 241 փոքրիկներ
արձանագրուած են
Կիրակնօրեայ դպրոց եւ անոնց շարանը ուսուցիչներով եւ ծնողներով կը լեցնէ
եկեղեցին: Հոգիդ կը խայտայ երբ կը տեսնես, որ նոր եկեղեցին իր սրահով եւ դասարաններով արդէն նեղ կու գայ ամէն Կիրակի
աւելցող փոքրիկներուն համար»: Իսկ գիշերային Հայերէն
դասընթացքներու հետեւողներուն թիւը վաթսունը կ’անցնի:
Իսկ 1959-ի Մայիս ամսուան թիւով կը կարդանք երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց
Հայրապետ՝ Տ. Տ. Վազգէն Ա.ի մօր՝ Տիրամայր Սիրանուշ Պալճեանի նամակը ուր ան կոչ կ’ուղղէ բոլոր հայ
մայրերուն , որ ինչքան ալ նեղ պայմաննրու եւ տարբեր երկիրներու մէջ ապրին
- «Կ’ուզեմ որ ըլլաք ձեր տան մէջ մէյ-մէկ դաստիարակներ: Ես
ալ օտար հողի վրայ անյաջող պայմաններու տակ ապրած եմ, սակայն նուիրուած եմ զաւկիս
Հայեցի դաստիարակութեան: Սիրելի Հայ մայրեր սիրեցէք եւ սիրցուցէք Հայ եկեղեցին,
Հաաստանը եւ Հայ լեզուն- մենք այնքան գրական գոհարներ ունինք, մի՛ զրկէք ձեր
զաւակները այդ հարստութենէն»:
Այս բոլորը տեղեկութիւնները քաղուած են հակիրճ այցի մը տալով ՆԱՐԵԿ տեղեկատուին էջերուն մէջ
արձանագրուած լուրերէն: Տեղեկատուին ծննդեան
օրերէն լոյս տեսած բոլոր թիւերուն ամփոփումը հատորի մը մէջ խնամքով կազմուած է, որ
սկսած էր Յունուար 1955-ին եւ հինգ տարուայ ընթացքին լոյս տեսած 24 թիւ, վերջինը ունենալով Դեկտ. 15,
1959-ի թիւը:
Տարիներու հոլովոյթով
խմբագրի պաշտօնով անուրանալի է հանգուցեալ Օրդ. Մարիամ Սելվինազեանի հոգատար եւ
ծայրայեղ բծախնդրութիւնը այս թերթին իւրաքանչիւր թիւին լոյս տեսնելուն հետ
կապուած՝ որ հաւատարմօրէն վարեց մինչեւ իր անսպասելի մահը- անցեալ տարի: Այժմ իր
տեղը արժանաւորապէս կ՛արդարացնէ Բժշկուհի Լին Չէթինը:
Եզրափակելէ առաջ 65-ամեայ
ՆԱՐԵԿԻՆ մասին քաղուած լուրերը, Բարի Երթ կը մաղթենք այս խիստ կարեւոր տեղեկատուին, որ
այս օրերուն արտաքինի եւ ծաւալի փոփոխութեամբ, էջերու յաւելումին կողքին բնա՛ւ թոշակառու
ըլլալու նպատակ չունի: Այլ՝ ուրախութեամբ կը յայտարարենք թէ ժամանակակից դարձած
է, էլէքթրոնային օրինակներով երիտասարդացած՝
մեր տուները աշխուժօրէն եւ կանոնաւորաբար կ՛այցելէ ամէն ամիս... համակարգիչի
ճամբով ալ- որուն 64-րորդ տարուան 12-րդ թիւը տեսանք անցնող Դեկտեմբերին: Ներկայիս քսան էջնոց
ՆԱՐԵԿ-ը կ՛առաքուի 1300 ընտանիքներու հասցէներուն եւ 1100 էլէքթրոնային հասցէներու:
Այս անկիւնադարձային
տարեդարձին առթիւ փոխ առնելով Առաջին Հովիւ Տ. Վարդանին խօսքը – “Let's have great dreams and work for their realization! Let us not allow
our life to pass in petty and meaningless detail. Personal gain, glory and pleasures
should not be our
dreams, but the works of that are done for GOD.”
Տէր
Վարդանին խօսքին անսալով՝ եկէ՛ք միասնաբար մեծ երազներ ունենանք յօգուտ մեր համայնքին եւ
միասնաբար աշխատինք՝ զանոնք իրականացնելու:
Անդրադառնալով
եկեղեցւոյ պատմութեան, հարց տանք մենք մեզի թէ ի՞նչպէս 1957-ին 240-է աւելի դպրոցական
տարիքի տղաք կը հաւաքուէին այս երդիքին տակ, իսկ այսօ՞ր, երեք վարժարաններու
աշակերտութեան գումարը չի կրնար հասնիլ այդ թիւին: Մեր մեծ երազները ըլլան ո՛չ թէ առանձին
անձնական փառասիրութենէ մղուած, այլ՝ ի շահ եւ ի նպաստ
հաւաքական մեր կեանքին, Աստուծոյ համար եւ Աստուծոյ հովանիին տակ:
Եկէք 65-ամեայ ՆԱՐԵԿԻՆ մեր շնորհաւորանքներուն
միացնենք մեր բարեմաղթութիւթիւնները՝ 2019 Նոր Տարուան առթիւ եւ Մանուկ Յիսուսի Ծննդեան հետ նորոգուած հաւատքով եւ
երազներով Յունուար 6-ին ողջունենք
զիրար ըսելով՝
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ եւ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ –
ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ եւ ՄԿՐՏԵՑԱՒ
- ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
Զարմինէ Պօղոսեան
Յունուար 1, 2019
Subscribe to:
Comments (Atom)
Armenian Schools in Diaspora- Appeared in Yerevan Armenian Language & Literature in schools-Zarmine Boghosian-Dr Pergrouhi Svajian
Այս գրութիւնը լոյս տեսած է Երեւան-Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող «Հայոց Լեզու եւ Գրականութիւնը Դպրոցում» Մարտ 2, 1990-ի թիւին մ...
-
ԽԻԶԱԽ ՈԻՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆ՝ ՔՐԻՍԹԱՆ Գրեց՝ Զարմինէ Պօղոսեան- Յնվ․ 29, 1986 Նոր հորիզոններու հաւատացող ուսուցչուհի Քրիսթան- Christa Co...














