Search This Blog

Search This Blog

Saturday, January 13, 2024

Alexander Saroukhan, 125th Anniversary,Ալեքսանդր Սարուխանի 125 –ամեակին համար ամփոփեց- Zarmine K.Boghosian

 

ՍՓԻՒՌՔՒ ՀԱՅԵԼԻՆ՝

ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ ԵՐԳԻԾԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

Վարպետին 125-ամեակին առթիւ

1898-1977



 

 

«Շնորհաւորելի է ՍՓԻՒՌՔԸ որ Ալեքսանտր Սարուխան մը ունի իր մէջ»։

Միքայէլ Կիւրճեան

 

            2023-ին ողջերթ մաղթելէ առաջ կ՛անդրադառնամ թէ այս տարի ծննդեան 125-ամեակը բոլորուեցաւ հայ թէ համայն աշխարհի արուետի աշխարհին իր անմոռանալի ու պատուաբեր ներդրումը կատարած այս մեծ ծաղրանկարիչին։ Ան ոչ միայն պարծանքն է իր երակներուն մէջ վազող հայու ինքնութեան, այլեւ՝ իր ստացած համաշխարհային ճանաչումով Եգիպտոսէն մինչեւ եւրոպական երկիրները հայուն անունը պանծացնող արուեստագէտն է։  

Այո՛, ո՞վ է Սարուխանը․․․

Ի զուր չէ որ 1957-ին Իտալական «ՍԹԻՒՏԻՕ» պարբերաթերթը զինք դասած էր 20-րդ դարու 100 լաւագոյն արուեստագէտներու շարքին ։

Ալեքսանդր Սարուխան անունին ծանօթացած եմ երբ տակաւին Հալէպի դպրոցական սեղաններուն վրայ էինք։ Հալէպի աշակերտական օրերուս, վաթսունականներու սկիզբը երբ յաճախակի կառավարութիւն կը փոխուէր ուրիշ երկիրներու «մեծերու- Քենետի-1963- եւլն» սպաննութեան պատճառով դպրոցը կը փակուէր եւ տուն կը ղրկուէինք, դասերէն ազատուած ըլլալու ուրախութեան չափ ալ կը մտահոգուէինք մեր գալիքով․․․ ապագայով։

Այդ օրերու անմոռանալի յիշատակներէն մին է նաեւ հայրենի թէ արտասահմանեան ակնառու անձնաւորութիւններու այցը մեր դպրոցէն ներս։

Անշուշտ, երեւելի անձնաւորութիւններու այցը որքան որ ալ մեր մտահորիզոնը ընդլայնող այցեր էին, նոյնքան նաեւ ուրախառիթ պատճառներ էին աշակերտներուս համար կարգ մը դասապահերը կրճատելու։

Անոնց շարքին էր Եգիպտոսէն ժամանած Ալեքսանդր Սարուխանի տուած այցը մեր վարժարանին։ 

Այսօր չեմ կրնար յիշել վեց տասնամեակ առաջ նշանաւոր հիւրի մը ներկայութեան մանրամասնութիւնները։ Սակայն, գիտեմ մէկ բան պարզ է այդ օրուընէ, որ իր անունը դրոշմուած է մէջս- առանց «եան» ի նշանաւոր հայ մը։

Գուցէ գրչանուն մը․․․ Երուխան-թէ՞ Սարուխան․․․

Ան ոչ միայն մեր աշակերտական յիշողութեան մէջ անուն արձանագրեց այլ նաեւ՝ մեր վարժարանի յուշամատեանին արձանագրած իր քաջալերական մի քանի տողով մնաց մեր վարժարանի պատմութեան մէկ մասը։  Հայ դպրոցի գոյութիւնը ծափահարող եւ իր ուրախութիւնը գրաւոր բանաձեւող երգիծանկարիչ թէ ծաղրանկարիչ Սարուխանը ամենայն լրջութեամբ կ՛արձանագրէր իր գոհունակութիւնը թէ մեր վարժարանէն ներս «ապագայ սերունդը կը գտնուի գիտակից եւ  ազգային նուիրականութեանց նախանձախնդիր, կարող ձեռքերու մէջ․․․»։  

Այս օրերուն աւելի եւս կ՛իմաստաւորուի այդ խօսքը երբ հայրենիքէն թէ Սփիւռքի ամէն մէկ անկիւնէն մէն մի դպրոցի փակման, հող կորսնցնելու ցաւով «ախ ու վախ»-ի մէջ ենք հիմնովի՛ն։

Մանաւանդ՝ փնտռտուքի մէջ է մեր ազգը Դիոգինէսի լապտերով գտնելու «ազգային նուիրականութեանց նախանձախնդիր, կարող ձեռքեր» գտնելու եւ ապաւինելու համար։

 Այդ օրերուն Հալէպահայութիւնը հանդիսատեսը եղաւ նաեւ Վահէ Սամուէլեանին բեմադրութեամբ «Աշակերտական Թատրոն»-ին հրամցուցած Սարուխանին հեղինակած «Մենք Հայերէն Չենք Գիտեր» կատակերգութեան-29 Մարտ 1969-ին, հեղինակին իսկ ներկայութեան, եւ իր անձնական գնահատանքին։

Ապա զինք եւ իր անունը սկսանք տեսնել յաջորդաբար մէկ այլ մեծութեան՝ Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի» (1938) հատորին նկարազարդումներու շարանը։ Ինչպէ՞ս չյիշել նաեւ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ուն նկարազարդումները։

Սարուխան կը յիշուի նաեւ որպէս պայծառ բանախօս, իր առինքնող պերճախօսութեամբ եւ պատկերաւոր խօսքին հմայքովը։ Իրեն կը վերագրուի նաեւ կնքահայրութիւնը Հալէպի մէջ 1954-ին հիմնադրուած կեդրոնին «ՍԱՐԵԱՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱ» անուանակոչութիւնը։

Արտասահմանեան կեանքին եւ ազգապահպանման իր երկարամեայ փորձառութիւնը կրցած է ամփոփել քանի մը հատորներու մէջ։ 1963-ին լոյս կը տեսնէ իր «Մենք Հայերէն Չենք Գիտեր» թատրերգութիւնը օրին Հայաստանի մէջ ֆիլմի վերածուելով կը կրկնուի բազմաթիւ անգամներ։  Սարուխան հեղինակ է նաեւ «Վասն Ոթնուկէսից Մեղայ Մերոց», «Այրէ Ինչ Որ Պաշտեցիր» հատորներուն։

Յետոյ հասաւ «Տե՛ս Խօսքերդ» պատկերազարդ գիրքը, որ կ՛ընդգըրկէր մեր ասացուածքներուն եւ արտայայտութիւններուն զուարճալի, միաժամանակ զգաստութեան հրաւիրող պատկերաւոր շարանը։   

Երբ այս օրերուն մեր սրտերը կ՛արիւնին մեր կորուսեալ հողերուն մասին մտածելով եւ մեր հազարաւոր երիտասարդներուն երակներէն թափած արիւնլուայ հողերուն մասին սգահանդէսներ կազմակեպելով, կարդացէք անպայման Յակոբ Տիւնեայեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող ԱՂԹԱՄԱՐԻ մէջ երեւցած Սարուխանի գրիչով՝

        «ՀԱՅԸ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ՉԷ- Ո՞Ր ԱԶԳՆ Է ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ» Յօդուածը (Աղթամար- թիւ 1, Չորեքշաբթի 25 Յնվ 2023)։

«Ի՞նչ է սա ՛Դիւանագիտութիւն՛ ըսուած բանը, զոր ունին ուրիշներ եւ մենք չունինք» - հարց կու տայ Սարուխան եւ ապա սփոփարար պատասխանը ի՛նք կու տայ մեզի։ Մէկ առ մէկ ան կը թուէ բոլոր այն պատմական անուններն ու Ժամանակաշրջանները երբ հզօր պետութիւններ աշխարհին տիրանալու ծաւալապաշտ ախորժակով իրենց սահմանները կ՛ընդլայնէին արեւելքէն արեւմուտք, հիւսիսէն հարաւ։

Սարուխան յաջորդաբար կը թուէ Դիւանագիտութեամբ  կերտուած բոլոր կայսրութիւնները՝ սկսելով ուրարտական, հին յունական, հռոմէական, բիւզանդական կայսրութիւններէն հասնելու համար՝ աշխարհածաւալ ֆրանսական, աւստրօ –հունգարական գերմանական, օսմանեան եւ բրիտանական կայսրութիւններուն, որոնց շատերուն սահմաններէն ներս «արեւը մայր չէր մտներ»։

Այդ բոլորին վերելքներուն յաջորդող, այսօրուայ իրենց վիճակուած ճակատագիրը ո՞ւր հասցուցած է զիրենք։ Ամենազօր դարաշրջան մը կերտելէ ետք ո՞ւր հասցուցած է զիրենք այսպէս կոչուած «Դիւանագիտութիւնը»։

Այս օրերուն, մեր ազգին սպառնացող տագնապալի օրերուն մխիթարանք մը չէ այս թուարկումը մեր կոտտացող հոգիներուն պալասան մը ցնցուղելու, այլ՝ համբերութեամբ մեր նոր սերունդին դաստիարակելու հին սխալներէն նոր ճամբաներ որոնելու։

Վերադառնալով Սարուխանին եւ կեդրոնանալու համար երգիծական աշխարհին մէջ բացառիկ երեւոյթ համարուող Սարուխանեան ներկայութեան եւ իր գործերու հսկայ ժառանգին – աւելի քան 40 հազար գծագրութիւններու- դասաւորման համար հետեւեալ ամփոփումով կը փորձեմ ներկայացնել-

Ա- Կենսագրական գիծեր

Բ- Եգիպտահայ մամուլէն ներս իր դիրքը

Գ- Ոչ հայ մամուլէն ներս իր համբաւը

Դ- Հայ կեանքէն ներս իր ներդրումը

 

Ա- Կենսագրական գիծեր-Ալեքսանտր Յակոբի Սարուխան

Ծնած է Արտանուջ կամ Արտանոյշ –Արեւմտեան Հայաստան, 1 Հոկտ1898-ին, իր երեւակայութեան հետ այս արուեստագէտին ստեղծագործ գրիչը դադրած է ստեղծագործելէ երբ  ան իր երկրային կեանքը կնքեց Յունուար 1, 1977-ին, Գահիրէ-Եգիպտոսի մէջ, աշխարհին ժառանգ ձգելով իր հազարաւոր երգիծանկարներու անկորնչելի հարստութիւնը։

          1909-ին ընտանիքով Պաթումէն կը տեղափոխուին Պոլիս-Թուրքիա։

1922-ին զինք կը գտնենք Վիեննա-Աւստրիոյ արուեստի վարժարանէն ներս, որուն չորս տարուայ ծրագիրը ԵՐԿՈՒ տարուայ մէջ ամբողջացնելէ ետք վերջնականապէս կը հաստատուի Գահիրէ 1924-ին։

1925-1926 ին կը հրատարակէ երգիծական «ԵԳԻՊՏԱ»-ՀԱՅՈՑ  «ՍԻՆԵՄԱՆ» ՏԵՍ՝ նկար էջ 53

            Կ՛արժէ տեսնել եւ թերթատելով խորհրդածել ամէն մէկ էջին վրայ, մանաւանդ՝ կ՛արժէ օրինակ մը ունենալ սքանչելի եւ բացառիկ խնամքով պատրաստուած այս հատորէն։  

            2017-ին լոյս տեսած գեղատիպ, գունաւոր այս հատորին Հայերէն բաժնի հեղինակն է սփիւռքահայ մտաւորական, Պոսթոնի «Պայքրին» երկարամեայ խմբագիրը՝ Գրիգոր Քէօսէեան, Դոկտ Վաչէ Ղազարեանի Անգլերէն թարգմանութեամբ, Զօհրապ-Տօլօրէս Լիպմըն Հիմնադրամի առատաձեռն շնորհագումարով։

            Հատորին կողքի նկարը ինքնին հարազատ արտացոլումն է Սարուխանին երեւոյթները հարազատօրէն տեսնելով դիպուկ եւ ինքնուրոյն ձեւով բնութագրելու, ցաւալիին ու ծիծաղելիին զուգորդուած պատկերացումովը։

            Ահաւասիկ հրաշալի պատկեր մը մեր կեանքէն՝ որ բնա՛ւ չէ հինցած։ Երբ ժողովուրդը ներկայացնող հաստաբուն ծառը կտրուած է ու կ՛արիւնի, մենք երկու հատուածներով իրարու կռնակ դարձուցած մեզի յատուկ ողբը կու լանք։  

Մէկ թեւը ժողովուրդին՝ ամէն բան սեւ ու մութ տեսնող, յոռետեսութեամբ լեցուած խումբի ներկայացուցիչ մամուլն է, միւսն ալ ամէն ինչ պայծառ ու շէնշող տեսնող չափազանցուած լաւատեսութեամբ լեցուած ինքզինք խաբող մամուլին ներկայացուցիչը։

            100 եւ աւելի տարի ետք նոյն հոգեբանութիւնը կը շարունակուի բազմապատկուող հակոտնեայ հակումներովը խմբաւորուող անհամար հայ կուսակցակցութիւններու։

Այս նկարով կը տեսնենք թէ ինչպէս ժամանակի ծանր ոտքի հարուածը Խորհրդային Միութեան հաւասարապէս կը հարուածէ թէ՛ մէկին եւ թէ միւսին։ Իսկ կուսակցութիւնները մագնիսական դաշտի վրայ են յամառօրէն ետ կը կանգնին եւ ընկրկելու բացարձակ միտք չունին։

Իսկ  մենք․․․ ազգովին տակաւին խարխափումի մէջ ենք եւ չենք կրցած տեսնել տալ մենք մեզի իրական քաղաքական աշխարհը։

Համայնակուլ Համայնավարութեան  համայնացնող ճիգերը ի զուր են -  վայրենին մնաց վայրենի իր անասնային ախորժակը գոհացնող ջարդերով, մշակութասէրը մնաց մշակոյթի փարող, երազող եւ ինքնագոհ երկիր։

            Աշխարհը գլխապտոյտի մէջ դնող համաշխարհային պատերազմներու ժամանակաշրջանին մեր հարիւր հազարաւոր զոհերուն շարունակութիւնը եղաւ 1915-ի ցեղասպանութիւնն ու Ստալին-Բերիայի «ժողովուրդի թշնամի» պիտակող սպաննութիւները մեր աւագանիին։

Որուն աւելցան նաեւ «Նոր Թուրքիա, Նոր Քաղաքականութեան» անուն շեփորելով նոր ճնշումներու տակ շնչահեղձ դարձող փոքրամասնութիւններն ու անոնց կարգին նաեւ Հայ ժողովուրդը։

Թիւ 38 ծաղրանկարը դար մը առաջուընէ արդէն մեզի կը հասկցնէ թէ յոյս չկապենք մեզ եւ մեր ազգային շահերը անտեսող «Ազգերու դաշնակցութիւնը»․․․ երբ Սարուխան կը կը ներկայացնէ այս պատկերը․․․ Ազգերու Դաշնակցութեան Փոխատուութիւնը Հայաստանին- «Ա՜խ, մինինիկս քեզի ղուրպան, գնա՜ թռի՜ր, ահա քեզի երկու պալոններ, աղուոր չօճուխս․․․։»

Իսկ ինչ կը վերաբերի թուրքիոյ եւ խորհրդային միութեան մեր ժողովուրդին հետ առնչուող հարցերուն հանդէպ բռնած դիրքին, տեսէք թէ այս պատկերները որքան դիպուկ են Սարուխանի գրիչով մեզի հասկցնելու թէ ով է իւրաքանչիւրը անոնցմէ, եւ թէ մեր ազգին շահերը ինչպէս ոտնակոխուած են կամ մեզ իրար դէմ կը լարեն։

Գ- Եգիպտահայ Մամուլէն ներս Սարուխանին դիրքը-

Սարուխան մեծ յարգանք կը վայելէր եգիպտական մամուլէն ներս։ Իր դիպուկ բնութագրումները առօրեայի եւ ժամանակի քաղաքական հարցերու շուրջ հաւասարապէս կը հիացնէր արաբական մամուլի պատասխանատուներն ու ընթերցողները։

«ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ» թերթին դրօշակը բարձր պահող այս նկարը որքան խօսուն է եգիպտական մամուլէն ներս իր ունեցած անփոխարինելի ներդրումով․․․

Ահաւասիկ մէկ այլ բացառիկ պատկերացումը ամբողջ երկրագունդին գլխապտոյտ պատճառող հոգեվիճակ ստեղծող երկրորդ համաշխարհային պատերազմին  նուիրուած երգիծանկարներու հաւաքածոյէն-(Cette Guerre, 1945)  ․․․ Սարուխանեան պատկերացումովը։

Քաղաքական հասուն դիտարկումով կարելի է երկար խորհրդածել Սարուխանեան ախտաճանաչումով ըսուած հետեւեալ խօսքին վրայ․․․

- «Մենք գիտենք որ Քիւրտը ապագայ ունի, եւ թերեւս մերինէն աւելի, ոչ թէ որովհետեւ իր ետին Անգլիան կայ, այլ որովհետեւ այսպէս ասած ան տգէտ է, իսկ հայուն ետին կը կանգնի իր Ե՛ՍԸ, ՄԵԾԱՄՏՈՒԹԻՒ՛ՆԸ»։

Իսկ ինչ կը վերաբերի ժամանակի եգիպտա-ֆրանսական բարեկամութեա՞ն Սարուխանին հեգնանքը նուրբ է եւ սուր–1976-ին թերթերուն մէջ երեւցող այս ծաղրանկարը շատ բան կ՛ըսէ ․․․ երբ նոյն ծառին արմատները ողողող, առատօրէն թափուող ջուրին հետ իսկական քաղաքական պատկերը կը բացայայտէ – կարելի չափով շուտ «ծառէն օգտուելու» դիւանագիտական շահերու ախորժակը․․․ «Այս ծառին պէտք է լաւ հոգ տանինք որ կարենանք պտուղը վայելել․․»

 

 

 

 

 

Հայ կեանքէն ներս իր ներդրումը կը բացայայտուի զանազան երեւոյթներ լուսարձակի տակ առնելով։ 

Հայկական աւանդութիւններուն գիտակից դիպուկ նկար է Մեծ Պահքի ապաշխարութեան եօթը շաբթուայ շրջանին եօթը փետուրներու – եօթը «մեղքերուն վերացումը» «Մօրմօրօզ» - «Ակլատիզի» նկարով- հեռու վանելու հեեւեալ մեղքերը- «Կին զեխութիւն- գինարբուք, որկրամոլութիւն, թուալէթ-շպարում, անհաւատութիւն, թղթախաղ, պարահանդէս․․․»  -

            Իսկ հոս ահաւասիկ Հայ Կուսակցութիւններ իրար ինկած հաշուեյարդար կը պահանջեն իրարմէ «ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻ» ազգային գանձանակին մէջ ժողովուրդէն հաւաքուած գումարի մը մասին․․․ մին կըսէ՝ «ՀԲԸՄ-ը մէջտեղ պէտք է հանէ դրամները», իսկ միւսը կ՛ըսէ՝  «Ամերիկա հաւաքուած դրամներուդ հաշիւը տուր․․․» նկար 35

 

Բարերար Մելգոնեան եղբայրներուն եւ Կիպրոսի մէջ Մելգոնեան հաստատութեան հիմնադրութեան շուրջ ժառանգի տիրանալու վէճերն ու ագահութեան պատկերները․․․ երբ բարերարը սարսափած պահանջատէրերու համրանքի առատութենէն կը բացագանչէ ․․․ Մելգոնեան պարարտ տոպրակին շուրջ հաւաքուած մուկերու համրանքէն սարսափած-  «Եթէ ասանկ երթայ, մուկերը կրնան զիս ալ ուտել, միակ փրկութիւնը կատուին շուտով գալն է․․․»։ Նկար 39

Իսկ այս կթան կովին «Ամերիկացի Հայութեան» անտրտունջ վիճակը մեզի կը յիշեցնէ ՍՓԻՒՌՔ-ը, որ կթան կովի պէս կը կթուի տասնամեակներէ ի վեր։  Նկար 36

 

 

Այս օրերուն կրկին հրատապ հարց է «Հայ Գաղթականներ» տեղաւորելու եւ կերակրելու հարցը։

Ազգերու դաշնակցութիւնը ուզածիդ չափ թուղթ կու տայ ջուր տաքցնելու․․ իսկ մենք ազգովի՛ն գիտենք թէ «խօսքով փիլաւ չեփիր»․․․

Այո՛,  հայ գաղթականներու տեղաւորման հարցով այս փշաքաղող տեսարանը շատ ծանօթ է մեզի։

Տօքթ Նանսէնին բողոքին  որպէս պատասխան Ազգերու Դաշնակցութիւնը կ՛ըսէ-  «Ահա քեզի ուզածիդ չափ թուղթ փիլաւիդ ջուրը տաքցնելու․․․»  բայց օդային խօսքով եւ թուղթերու տրցակով փիլաւ կ՛եփի՞,  երբ ոչ բրինձ ոչ ալ իւղ տրամադրուած է։

Ժողովուրդ, սիրելի հայրենակիցներ, ըսէ՛ք,  ինչ փոխուած է այս օրերուն երբ 100 հազարէ աւելի մեր ազգակիցները պաշարման մէջ մնացին առանց սնունդի եւ առօրեայ անհրաժեշտութիւններու, որուն աւելցաւ ամէն ինչէ զրկուելով տեղահան ըլլալու պապենական տուն տեղ, պարտէզ ՀՈ՛Ղ կորսնցնեու ահաւորութիւնը․․․

Այո՛, «թուղթով, պարապ խօսքերով փիլաւ չի դրուիր սեղան․․․»

Սարուխանի երաւակայութեան արգասիքն են մեր կրկնուած  խօսքերուն եւ ասացուածքներուն պատկերաւոր ցուցադրութիւնը այս հատորին մէջ։

            Այս դարուն դժուար թէ կարենանք գտնել – գուցէ համրանքով են անոնք որ գիրքերու աշխարհին մէջ կը թաղուին կամ հաճոյքով գիրք կը կարդան։

Արուեստի, գրականութեան գիրքերու մէջ թաղուած ժողովուրդ ենք, առանց ինքնապաշպանութեան զէնքի։

Երանի՜ կարենանք ազգովի՛ն մաղելով կարենանք գտնել մեր իրա՛ւ բարեկամները։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

1977 Յունուար մէկին մեզմէ անվերադարձ հեռացաւ Ալեքսանդր Սարուխանը իր մահով Հայ ժողովուրդը, յատկապէս սփիւռքահայութիւնը, կորսնցուց իր ժամանակակից բացառիկ տաղանդով օժտուած անհատականութիւններէն մէկը, ամենաժողովրդականը։

Անմահն Ալեքսանդր Սարուխանի 125 –ամեակին համար ամփոփեց՝

Զարմինէ Գ Պօղոսեան

Սփրինկ Ֆիլտ – Փենսիլվանիա –

Դեկտեմբեր-2023

 

2023-dec 30-Jamanag Daily_coffee hour after Church Service-Zarmine Boghosian

 As appeared in JAMANAG Daily from Bolis


ՍՈՒՐՃԻ ՊԱՀԸ՝ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ ԿԱՄ ՅՈՅՍՈՎ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ

 

 

 

 

Քանի-քանի՜ անգամներ ուզեցի պոռալով կրկնել նահատակ մեր բանաստեղծ Սիամանթոյին խօսքը. «Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, թո՛ղ որ թքնեմ քու ճակատիդ»։

*

          Գրեթէ երկու-երեք տարիէն աւելի, համավարակի պատճառաւ կարօտ մնացինք կիրակնօրեայ «Սուրճի պահին». ժամուորները ընկերային մթնոլորտի մէջ համախմբելու նպատակով սովորաբար ամէն եկեղեցի պատարագէն ետք կը պահպանէ այդ հիւրասիրութեան ձեւը։

Ամէն ձեւով օգտակար պահ մըն է թէ՛ ստամոքսները լիացնելու եւ թէ ծանօթ-բարեկամ տեսնելու կարելիութիւն ստեղծելու, հոգեհանգիստ խնդրածներուն անձամբ ցաւակցութիւն յայտնելու, «երկու բառ» փոխանակելով «հալ-քէֆ» իրարու որպիսութիւնը հարցնելու եւ ամենէն կարեւորը՝ «մարդու երես տեսնելով» հոգեպէս լիանալու։

            Սուրճի պահը եկեղեցական արարողութենէն ետք նաեւ հանգիստի պահ մըն է։ Մանաւանդ՝ անոնց համար, որոնք հեռու տեղերէ, նուազագոյնը կէս ժամ քշելով կու գան եւ հաւատացեալօրէն ծոմապահութեամբ կը մօտենան հաղորդութիւն ստանալու, անօթի ստամոքսով տուն վերադարձը կրնայ երկար ճանապարհ ենթադրել։

            Այո՛, այդ պահը փնտռուած պահ մըն է։ Բաժակ մը սուրճին հետ լիանալու, այս կամ այն ընտանիքի հանգուցեալի հարազատներուն ցաւակցութիւն յայտնելու, ննջեցեալին հոգւոյն համար տրամադրուած տեսակաւոր ուտելիքներէն օգտուելու եւ, անշուշտ, հարազատ-ծանօթ թէ անծանօթ նոր դէմքեր տեսնելով քիչ մը մարդավայել խօսակցելու։

            Երբեմն շատ համեստ կ՚ըլլան այդ տեսակի հիւրասիրութիւնները, շատ անգամ ալ շատ առատաձեռն ճաշկերոյթի մը չափ սեղան լեցնող համադամ ուտելիքներով եւ անուշեղէններով բեռնաւորուած կ՚ըլլան։

Անցեալին եթէ մեր կլոր սեղաններուն նիւթերն էին՝ ընտանեկան հարցերը, նորապսակներ կամ նշանուելու թեկնածուները, ապա այս օրերուն շատ-շատ մտահոգութիւններ կան, տեսակաւոր, սրտաճմլիկ հրատապ հարցեր մեզ կը յուզեն։

            Սեղանի մը շուրջ համավարակէն պաշտպանուելու համար պատուաստումին հաւատացողներուն եւ թերահաւատներուն տակաւին շատ տաք վիճաբանութիւնները կը շարունակուին՝ մէկը միւսին փաստացի տուեալներով համոզելու ջանքերով հանդերձ։

            Մին կ՚ըսէ. «Չեմ ուզեր, որ իմ մարմինիս մէջ օտար նիւթեր մտնեն եւ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի ըսելու, թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ, այդ պատուստներուն հետեւանքը քսան տարի ետք մէջտեղ կ՚ելլէ»։

            Միւսը կ՚ըսէ. «Եթէ քովիտէն դուն այսօր մահանաս, որո՞ւն հոգն է, թէ քսան տարի ետք որո՛ւն ի՛նչ պիտի պատահի»։

            -Ամա՜ն, ինչեր կը խօսիք… դուք միայն ձեր անձին մասին կը մտածէք… մէյ մը մտածեցէք այդ հազարաւոր որդեկորոյս հայ մայրերուն մասին։ Կաթին հոտը իրենց բերնին, այտերուն վրայ աղուամազ անգամ չբուսած այդ անուշ երիտասարդներուն կորուստը աչքի առաջ բերէք… միայն դուք ձեր անձին մասին մտահոգուելէ առաջ…

            Քովի սեղանին շուրջ հաւաքուածները հարազատներ ունին Սուտանի, Լիբանանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։

-Ա՜խ, հէչ մի՛ ըսեր, երէկ հազիւ թէ կրցայ գիծ ունենալ եւ Սուտանի մէջ ապրող տալոջս տղուն հետ կրցայ խօսիլ։ Մայրաքաղաք Խարթում կ՚ապրին, «լաւ ենք» ըսաւ։ Լա՞ւ, բայց ի՜նչ լաւ։ «Տունէն դուրս չենք կրնար ելլել», ըսաւ… Աստուած օգնէ… կամաւոր բանտարկեալներ են, տեսնենք մինչեւ երբ… դեռ ուրիշ ահաւոր լուր մըն ալ տուաւ. տակաւին չեմ կրնար հաւատալ։ Հոն կային մեզի ծանօթ երկու քոյրեր, որոնք վտանգաւոր շրջանի մէջ կ՚ապրէին, մերինները շատ փորձեր են համոզել, որ աւելի ապահով տեղ մը երթան, բայց անոնք չեն համոզուած։ Երկու շաբաթ վերջ երկուքն ալ մեռած գտեր են իրենց տան մէջ, մարդ-մարդասանք չունին։ Գահիրէի առաջնորդէն խնդրեր են, որ միջամտէ եւ կերպով մը դիակները թաղել տան…

-Ամա՜ն, ա՜ախ մերիններն ալ Պէյրութ են… անոնք դուրս կրնան ելլել, բայց ի՞նչ օգուտ։ Ի՜նչ սղութիւն, ի՜նչ թշուառութիւն, ո՞ւրկէ դրամ ունենան տոմս գնելու։ Մարդիկ իրենց իսկ արիւն քրտինքով շահած, հաւաքած դրամները ապահովութեան համար դրամատուն դրած են, իրենք իրենց դրամին տէրը չեն, պարապ գրպանով շուկայ կ՚երթցուի՞։ Այդ երեխաները ինչպէ՞ս անհրաժեշտ սնունդ պիտի ստանան, երբ ծնողները իրենք իրենց դրամն անգամ չեն կրնար հանել դրամատունէն։ Կողոպուտ է օրը ցերեկով… եւ աշխարհին հոգը չէ՛…

-Ինչո՞ւ… ե՞րբ աշխարհին հոգը եղած է որ։ Մեր երիտասարդները հազարներով զոհուեցան 44-օրեայ պատերազմին, հարիւրաւոր գերիներ մինչեւ հիմա բանտերուն մէջ կը մաշին, ո՞վ ձայն կը հանէ, ո՞վ պաշտպան կը կենայ, ո՞վ կը պաշտպանէ անոնց դատը։

-Հապա, սիրելիս, անհետ կորսուածներուն մասին ի՞նչ կ՚ըսես։ Ծնողք եղիր ու դիմացիր, կ՚աւելցնէ քովը նստած խարտեաշ մազերով, խնամուած եղունգներով կինը։

-Հապա սա վերջին օրերուն Արցախի մեր քոյր-եղբայրներուն գլխուն եկածին ի՛նչ կ՚ըսես։ Ի՜նչ ըսել է պապենական տունդ տեղդ ձգելով, հարիւր հազարներով գաղթական ըլլաս վրայի հագուստներովդ, միայն ու միայն կեանքդ ազատելու մասին մտահոգուիս։

-Լաւ որ հայրս, մայրս ողջ չեն։ Հալէպի երկրաշարժի ահն ու սարսափը չապրեցան։ Մարդիկ օրերով իրենց տուներէն հեռու, եկեղեցիներու կամ ճաշարաններու մէջ մէկտեղուեցան, ինքնաշարժ ունեցողները ինքնաշարժի մէջ քնացան։ Տասը տարի պատերազմէն քաշածնին չէր բաւեր, մէկ ալ երկրաշարժ մը եկաւ ժողովուրդի հոգին աւելի եւս ցնցելու։ Պատերազմի տարիներուն Հռոմի Պապն իսկ ըսած էր. «Հալէպը նահատակներու վկայարանն է եւ ես պիտի աղօթեմ Հալէպի համար»:

-Է՛հ, որո՞ւ համար պիտի աղօթեն հիմա… Հալէպի՞, Պէյրութի՞, թէ Արցախի ժողովուրդին համար։

Կարծես շշուկով խօսակցութեան մասնակից դարձաւ՝ մինչ այդ ըսուածները լուռ ունկնդրած տիկին մը։

-Ծնողքս մանկութեան տարիներուն այդ գաղթականութեան եւ որբութեան այդ արհաւիրքը ապրած են արդէն։ Հիմա բնաւ պիտի չդիմանային այս եղածներուն։ Հաւատացէք, անցեալին քանի մը առիթներով շատ փափաքած էի, որ ողջ ըլլային ու իրենց աչքով-ականջով վայելէին, տեսած ըլլային իրենց երազած Հայաստանի անկախութեան ուրախութիւնը։ Հիմա պիտի չուզէի, որ այդ շատ յառաջացած տարիքին վերապրէին իրենց մանկութեան արհաւիրքը։

-Հալէ՞պը յիշեցիք, խօսակցութեան մէջ մտաւ քովի սեղանէն ուրիշ տիկին մը, ոտքի՝ սուրճի գաւաթը ձեռքին։ Ես ալ երկու օր առաջ «մէսինճըր»ով խօսեցայ զարմիկիս հետ։ Խեղճը իրենց շէնքին վեց թէ եօթներորդ յարկը կ՚ապրի։ Արդէն ութսուն տարեկան է։ Ըսաւ, թէ մէկ հատիկ տղան գլուխը առեր գացեր է Պէյրութ՝ այն յոյսով, որ վիզա ձեռք պիտի բերէ Գանատա երթալու համար… Ըսաւ, թէ հազիւ շաբաթը անգամ մը կրնայ վար իջնել, որովհետեւ ելեկտրական հոսանքը անորոշ եւ տարբեր ժամերով կ՚ունենան, կը վախնայ, որ վերելակին մէջ մնայ։

Քովի սեղանէն՝ ազատ աթոռ փնտռող ուրիշ տիկին մըն ալ կը մօտենայ տաք խօսակցութեամբ ուշադրութիւն գրաւած սեղանին, որուն շուրջ իրեն ծանօթ տիկին մը տեսնելով կը բացագանչէ.

-Ա՜խ, քա՜… ո՞ւր ես, ձայնդ չ՚ելլեր, խոհանոցիս սեղանի անկիւնդ պատրաստ քեզի կը սպասէ, սուրճդ ալ կրակին վրան է, եռալէն մէկ եղաւ… ինչո՞ւ չես երեւիր…

-Հոգ չէ, ես արդէն սուրճս շատ եռացած կը սիրեմ՝ առանց փրփուրի, ժպիտով կը պատասխանէ մինչ այդ լուռ ունկնդիր եղած տիկինը, հիմա ո՞վ, որո՞ւն տունը կ՚երթայ-կու գայ, որ դուն ինծի ձեր տան մէջ կը սպասես…

-Է՜էհ, ես ալ փրփուրով կը սիրեմ, կ՚աւելցնէ նորեկ տիկինը իր գտած աթոռին բազմելով։

-Գալ շաբաթ դուն սուրճդ փրփուրովդ ա՛ռ, նստի՛ր ես ալ իմ սուրճի գաւաթս կ՚առնեմ ու կը նստիմ «ֆէյսթայմ»ով զիրար դիտելով կը խմենք։

Տարբեր տասնամեակներու շրջանին Միացեալ Նահանգներ հաստատուած տիկիններու այս խմբակները ինչե՜ր ունէին պատմելիք ու խօսելիք։

Մեծ մասամբ անցեալ տասնամեակներու ընթացքին ծանօթացած էին, զանազան մշակոյթներէ գաղթած, ովկիանոսներէն անդին եկեր, հասեր էին հոս. Իրաք, Պարսկաստան, Սուտան, Սուրիա, Պոլիս, Լիբանան թէ Պուլկարիա։ Կենդանութիւն կ՚առնէին կարծես հոս իրենց երազային աւանդութիւններով, մշակութային կեանքով, զաւակներուն յաճախած դպրոցներուն պատմութիւններով։

Գրեթէ բոլորն ալ իրենց կեանքի երանելի առաջին երեսուն տարիները ծննդավայրի մէջ ձգած, դպրոցական տարիքի զաւակներուն ձեռքէն բռնած եկեր, հասեր էին այս «աւետեաց երկիրը»՝ նոր յոյսերով, զաւակներուն աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու ակնկալիքով։

-Ի՞նչ ընենք, մենք ըլլալիքնիս եղեր ենք արդէն, ըսինք գոնէ մեր զաւակներուն ապագան ապահովենք… եղած էր շատերուն գաղթելու բուն պատճառը եւ այս երկրին մէջ հաստատուելու նպատակը։ Որքան դժուար էր իրենց համար այս նոր երկրի նոր պայմաններուն, մշակոյթի հսկայական տարբերութեան հետ հաշտուիլը, ըմբռնելը, զաւակներուն սիրոյն «անդիէն եկածի» կամ «ովկիանոսի միւս կողմէն եկածի» հովերը իրենց վրայէն թօթափելու առօրեայ ապրումները։ Անմիջապէս դասընթացքներու արձանագրուեցան, դպրոցի ծնողական ժողովներուն ներկայութիւն հաստատեցին՝ անցած-դարձածը լաւ մը հասկնալու… զաւակներուն հետ տեղւոյն ապրելակերպով կեանքին պարտադրած ակնկալութիւնները լաւ ըմբռնելու։

Ապագա՞յ ապահովել։ Այո՛, ապագայ։

Հիմա այդ «ապագայ»ն իրենց համար եկեր, անցեր էր։

Չէ՞ք հաւատար…

Մէյ մը նայեցէք… գրեթէ բոլոր սեղանակիցներուն ալ գլուխները Արարատի ձիւնէն ա՛լ աւելի ճերմկած էին հիմա։ Իրենց զաւակներուն ունեցած պարմանիական ըմբոստութիւնը կարծես փոխանցուած էր իրենց։

«Ես այսպէ՛ս կը սիրեմ»ի մտածելակերպով՝ որոշած էին բնաւ չխաբել իրենք զիրենք եւ ոչ ալ շուրջինները՝ ճերմակները ծածկող գոյներու դիմելով։ Ձգած էին, որ բնութիւնը ցուցադրէ իրենց գլխուն վրայ աճող, անվերադարձ տասնամեակներու արագավազ սահանքին հետ մարմնի մէն մի բջիջին մէջ ծուարած, գոյն կորսնցուցած խոնջէնքը։

Ո՜ւր էին այդ օրերը։ Այդ փոքրիկ դպրոցական տարիքի զաւակները հիմա իրե՛նք դարձած էին քառասունը անց ծնողներ… եւ մէկ համալսարանէն միւսը, նահանգէ նահանգ կը վազվզեն՝ գոհացնելու իրենց մէջ արմատացած, համոզումին վրայ յամառօրէն պնդող պահանջկոտ զաւակներուն համալսարանի ընտրութիւնը։ Մին կ՚ուզէր իր ուսումը շարունակել այսինչ նահանգի համալսարանը, որ հինգ-վեց ժամուան ճամբայ է։ Մի՞ւսը, երեք, երրորդը օդանաւով երկու կամ երեք ժամուան հեռաւորութեամբ մէկ այլ նահանգ։ Հապա տարեկան վճարումնե՞րը, առանձին սենեակ կահաւորելու անհրաժեշտ պիտոյքներու շարա՞նը… Մէկ խօսքով տուն փոխադրելու չափ գլխացաւանք պատճառող յոգնութեան հետ ծախսալից վազվզուք մը սկսած էր եւ իրենք մեծ մայր դարձած՝ դիտողի ու լսողի հանգամանքէն անդին չէին կրնար երթալ։

Եկուր եւ համբերութիւն ունեցիր՝ կարծիքդ դուն քեզի պահելու։

Երկիրը՝ հսկայ իր տարածքով, հրապուրիչ անկիւններ շատ ունէր։ «Անունով համալսարան» ընդունուելու մրցակցութիւնը սահման չունէր։ Իսկ զաւակները մատի թեթեւ հպումով մը համակարգիչէն կը ծանօթանային, կը հրապուրուէին, ամէն ճիգ ի գործ կը դնէին իրենց ծնողներն ալ վարակելու իրենց խանդավառութեամբ։

Է՜հ, մեծ մայր եղիր եւ համբերութեամբ սպասէ, թէ ո՞ր մէկուն եւ ի՞նչ մասնաւոր առիթին պիտի կարենաս ներկայ ըլլալ եւ վայելել թոռնիկիդ յաջողութիւնը կամ վայելել անոնցմէ մէկն ու մէկուն ելոյթը, նկարչական ցուցահանդէսը եւ կամ բժշկական զգեստ հագնելու արարողութիւնը։

-Գալ շաբաթ մեր Լիանան դաշնակի իր առաջին ելոյթը պիտի ունենայ համալսարանի սրահին մէջ։ Ինչպէ՞ս երթալ կամ ներկայ չգտնուիլ։ Լա՛ւ որ սա համակարգիչի «ֆէյսթայմ»ով դիտելու կարելիութիւնը կայ։ Տղաս ըսաւ, որ «պիտի կապէ» մեզի այդ գիծին։ Սիրտէս կ՚երթայ, որ սանկ կուշտ ու կուռ գրկեմ եւ համբուրեմ, կ՚ըսէ ափսոսանքով տիկին Լիլին։

-Է՜հ, ես չխօսիմ ուրեմն, կ՚աւելցնէ տիկին Սեդան, մերինը այս երկրին ամենէն վերը, հիւսիսի ձիւներուն մէջ ուսանելու երթալը ընտրեց։

*

Ահա այսպէս մեր շաբաթները կը սահին, օրացոյցներու տարեթիւերը կը փոխուին ու մենք հայրենի թէ արտասահմանի ցաւերու շարանը այս սուրճի սեղաններուն շուրջ կը թափենք, մենք մեր ցաւովը կ՚ապրինք ու կը փորձենք մխիթարել ու մխիթարուիլ։

Շարժանկար պատրաստելու մասնագիտութիւնը չունիմ, սակայն, շարժանկարային սահանքով ու յաջորդականութեամբ մտային հորիզոնիս վրայ տողանցելու սկսած են անցեալ տարիներու անցուդարձերը։

Անցեալ տարուան ընթացքին ազգովի՛ն մեր շունչը պահած՝ պատմական օրեր ապրեցանք, երբ մեր նախնիներուն տառապանքն ու կորուստը աշխարհի դիւանագէտներու ձեռքին դարձեալ քաղաքական «փինկ-փոնկի»ի սեղանին դրուեցաւ։

Ամիսներով Արցախի մեր քոյր-եղբայրները արգելափակման շրջանի մը մէջ մնացին, զրկուեցան ամենատարրական ապրելակերպի անհրաժեշտ սնունդէ ու բուժումի միջոցներէ։ Քօղարկուած բացայայտութեամբ ամբողջ ժողովուրդ մը սովամահ ընելու միտումով այդ շրջափակումը աւարտեցաւ բռնի տեղահանութեամբ։ Հարիւր հազարաւոր հայորդիներ իրենց պապենական տունն ու կալուածները ետին թողած, միմիայն իրենց կեանքի ապահովութիւնը ունենալու խուճապով հասան Հայաստանի սահմանէն ներս՝ հարիւր հազարաւոր որդեկորոյս մայրերու, այրիներու եւ որբերու աչքերէն նորանոր արցունքի հեղեղներ հոսեցնելով։

Անձնական կեանքի ֆիզիքական թէ հոգեկան դժուարին անակնկալները մէկդի դրած՝ կ՚անդրադառնամ, թէ ազգովի՛ն ինչպիսի տագնապալից տարի մըն է, որ ետին կը թողունք՝ յուսալով՝ թէ կրկնուելու յանդգնութիւնը չունենայ։

Արդեօք պիտի գա՞յ այն օրը, երբ երկիրներու մեծերը, մեր համայնքային մեծերը պիտի սկսին աշխարհին նայիլ խիղճէն ու սրտէն անցնող ոսպնեակի մը ընդմէջէն՝ վճիտ ու գթառատ տեսողութեամբ։ Պիտի կարենա՞ն տեսնել ու սրբագրել բոլոր այն սխալները, որոնք իրենց ե՛սը կը թելադրէ։ Պիտի կարենա՞ն համոզուիլ՝ թէ իրենց տեսողութիւնը խիղճո՛վ պատրաստուած ոսպնեակներու կարօտ է՝ շուրջը տիրող արցունքն ու զրկանքը իրենց ահաւորութեան չափանիշով կարենալ տեսնելու համար։

Բա՛ւ է ալ։

Համայնական անտարբերութեան շապիկը մէկդի դնելով անհրաժեշտ է զգաստանալ։ Թող վերջ տրուին մեր շուրջի համայնակուլ անտարբերութեա՛ն, պատերազմներուն, շահամոլութենէ եւ եսամոլութենէ բխած անարդարութիւններուն։ Այսօր, 2023-ի դեկտեմբերի օրացոյցը մեր աչքին առաջ մեզ վերստին խորհրդածելու կը մղէ։

Այո՛, ի՞նչ ըրինք, ի՞նչ կորսնցուցինք, ինչպէ՞ս կորսնցուցինք, ի՞նչ շահեցանք եւ մանաւանդ՝ ի՞նչ կ՚ուզենք, ի՞նչ կ՚ակնկալենք ա՛յս նոր տարիէն։

(…)

Ալ ժամանա՛կն է, ազգովի՛ն խօսքերէն գործնական քայլերու անցնելու։ Մաղթենք, որ մեր ծլող ու ծաղկող սերունդին հետ մեր հասակակիցներուն՝ Արարատի ձիւնէն ալ աւելի ճերմկած մազերով սերունդին նիւթը ա՛լ զրկանքի ու կորուստի մասին չըլլայ։ Յոյսով սպասուած Նոր տարին պիտի ըլլայ՝ 2024-ը։

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

ԱՄՆ - Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023

About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...