Անմոռանալի Նիւ Եորքեան Բաժակի Պահ Մը
Պոլսահայ Մտաւորական Մաքրուհի Յակոբեանի Ներկայութեամբ
Օքլանտ Կարտընզ – Նիւ Եորք- Դեկտ. 7-ի յետմիջօրէին Սբ. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Գալուստեան
Սրահը ժամադրավայրն էր գրասէր հասարակութեան մը, որ մղոնները անտեսելով հաւաքուած էր
հեռաւոր Թորոնթօյէն, Լոս Անճելոսէն եւ Միացեալ Նահանգներու այլ շրջաններէն սերունդներով
իրարմէ բաժան, սակայն նուիրումով կրթական ու գրական աշխարհէն ներս իգական սեռի արժանաւոր
երկու ներկայացուցիչներուն յարգանք մատուցելու:
Ձեռնարկը
կազմակերպուած էր Նիւ Եորքի Էսաեան-Կեդրոնականի Սանուց Միութեան կողմէ յիշատակելու համար հանգուցեալ կրթական մշակ, տնօրէնուհի,
Օրդ. Հէրմինէ Գալուստեանի ծննդեան 100- ամեակը:
Էսաեան-Կեդրոնական Սանուց Միութեան աւանդական
Բաժակի Պահն էր, Նիւ Եորքի Մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ եւ ատենապետութեամբը՝ Տիար
Արթօ Խրիմեանի, նշելու համար վաստակաշատ տնօրէնուհիին դարադարձը, որուն համար յատուկ
հրաւիրուած էր վաստակաշատ մանկավարժին սիրասուն
սանուհիներէն, Պոլսոյ Մարմարա Օրաթերթի
փոխ-խմբագրապետուհի, Օրդ. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը:
Հայկական Պոլիսն էր որ կը վերակենդանար
իր ջերմութեամբ, եւ մանաւանդ՝ արեւմտահայերէնի բիւրեղեայ կարկաչումով:
Ի պատիւ Պոլսահայերուն, Էսաեանցիներուն
եւ Կերդրոնականցիներուն, այս սրահին պատերն ու ներկաներուն ականջները շատ-շատոնց յայտագիր
մը իր ամբողջութեանը մէջ միմիայն հայերէնով չէին ըմբոշխնած:
Կիրակի Դեկտեմբեր 7-ն էր: Ո՞վ կրնար մոռնալ 26 տարի առաջ հայ աշխարհի բազկերակը
սառեցնող բնութեան բերած այն արհաւիրքը որ բազմահազար անմեղ զոհեր խլեց եւ նոյնքան
եւ աւելի հազարներով հայրենի քոյր եղբայրներ անտուն-անապաստան թողուց:
Ատենապետ
Արթօ Խրիմեան հրաւիրեց Սբ. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեանը
որպէսզի հոգեհանգստեան աղօթքը նուիրէ Սպիտակի, Լենինականի եւ շրջակայ վայրերուն բոլոր
զոհերուն յիշատակին, ներկաներուն յոտնկայս յարգալից ունկնդրութեամբ:
Պարոն Խրիմեան
իր կարգին բարի գալուստի խօսքով պատշաճօրէն ներկայացուց հիւրերը, հեռուէն ու մօտէն
ներկայ գտնուող յարգարժան Էսաեան-Կեդրոնականցիները, ներկաներուն մէջ գտնուող ամէնօրեայ
եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէնուհինրը եւ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար՝ Նիւ Եորքի
Էսաեանի Սանուց Միութեան հիմնադիրներէն Տիկ. Զուարթ Պալըգճեանը: Տիկին Պալըգճեան ոչ
միայն Պոլսահայութեան այլ՝ Նիւ Եորքահութեան համար ծանօթ դէմք մըն է իր ասմունքի գեղեցիկ
ելոյթներով եւ բեմական շատ տպաւորիչ կատարումներով:
Տիկին
Պալըգճեան շնորհալիօրէն ստանձնելէ ետք իր պաշտօնը ճարտարօրէն վարեց ձեռնարկը մինչեւ
վերջ իր պարտականութիւնը լիուլի գործադրելով: Առաջին հերթին հանդիսավարը յիշեցուց որ
սգատօն մը չէր այս ձեռնարկը Օրդ. Հերմինէ Գալուստեանին յիշատակին, այլ՝ արժանաւորապէս
ապրուած կեանքի մը տօնախմբութիւնը: Յիշելու
եւ յիշեցնելու վաստակաշատ մանկավարժին անցած
ուղին 1914-էն սկսեալ, կեանքին ոդիսականը իր բոլոր վերիվայրումներով եւ վերակենդանացնելու իր սաներուն հոգիներէն ներս թողած անմոռանալի յուշերը:
Ապա «Բաժակի
Պահ» աւանդութեան տուրք տալով Տիկ. Պալըգճեան
ներկաներուն մէջէն հրաւիրեց ամէնէն երիտասարդ եւ ամէնէն երէց շրջանաւարտները թէ՛ Էսաեանի
եւ թէ Կեդրոնականի սաներուն: Աւելի քան տասնեակ մը շրջանաւարտներ տարիներու տարբերութիւնը
մէկդի դրած հպարտութեամբ ներկայացան բաժակ ի ձեռին կենաց բարձրացնելու Հերմինէ Գալուստեանին
եւ բոլոր ուսուցիչ-ուսուցիչուհիներու խնկելի յիշատակին: Թորոնթօյէն ամենակրտսեր շրջանաւարտն էր Դալար Արսլանեան-Մարկարոսեան
իսկ երէց սերունդի ներկայացուցիչներէն էին Մարմարայի հաւատարիմ ընթերցող՝ Տիկ. Անժէլ
Պաշեան եւ Մարմարայի Նիւ Եորքեան աշխատակիցներէն եւ Օրդ. Հերմինէ Գալուստեանի գործակից
Տիկ. Ոսկի Տաղտէլէն:
Երաժշտական գեղեցիկ ծաղկեփունջով մը ներկաներուն
գեղարուեստական վայելք պատճառեց Պոսթոնէն ժամանած դաշնակահարուհի Տիկ. Թանիա Պարթեւեան,
դուստրը՝ պոլսահայ մէկ այլ արժէքաւոր ուսուցիչ Տօքթ. Խոսրով Պարթեւեանի, արդարացնելով
իր մասնագիտութեան մէջ արժանացած բոլոր դրուատանքները:
Օրուան հիւր բանախօսը ներկայացուց Միջին
Արեւելքէն Միացեալ Նահանգներու թէ Հայաստանի մէջ իր ծաւալուն աշխատանքով ծանօթ մտաւորական,
լրագրող, հրապարակագիր եւ շարք մը Հանդիպումներ հատորներու հեղինակ՝ Տիար Յակոբ Վարդիվառեանը:
Պարոն Վարդիվառեան խոր գնահատանքով ընդգծեց
Օրդ. Մաքրուհիին տարած աշխատանքը Մարմարայէն
մինչեւ Ս. Փրկիչ Պարբերաթերթին որակաւոր թիւերուն խմբագրապետութիւնը: Ան յատկապէս ընդգծեց
այն հանգամանքը թէ Օրդ. Մաքրուհին մին է մատի վրայ հաշուող իգական սեռի մամուլի նուիրեալ,
ներկայացուցիչներէն (Սեզա, Շաքէ Վարսեան, Արփի Միսաքեան): Ան նաեւ շեշտը դրաւ այն իրողութեան թէ ի հեճուկս
մեր արտասահմանեան կեանքի դժուարութիւններուն Պոլիսն ու պոլսեցին տակաւ կը պահպանեն
իրենց հայաշունչ մթնոլորտը, որ «Պոլսահայուն
դիմագիծն է իր եկեղեցասիրութեամբ եւ կրթասիրութեամբ»: Պրն. Վարդիվառեան թուեց նաեւ
այն բոլոր գնահատագիրներն ու պատուոյ շքանշանները որոնք Օրդ. Յակոբեանին տարիներու
վաստակը արդարօրէն կը պսակեն: (Թուել՞՞
մրցանակները)
Հերթը հասած էր լսելու օրուան հիւրն ու բանախօսը
Օրդ. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը, որ յոտնկայս ծափահարութիւններով
դիմաւորուեցաւ: Օրդ. Յակոբեան նախ յաւուր պատշաճի
իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Բաժակի Պահը կազմակերպող յանձնախումբին, Սբ. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Աբրահամ Մալխասեանին, հեռուներէն այս ձեռնարկին համար ժամանած Պոլսահայերուն եւ զինք
հիւրընկալող Տաղտելէն եւ Քէսքինեան ընտանիքներուն:
Օրդ.
Յակոբեան իր խօսքը սկսաւ կարդալով ողջոյնի խօսքը Մարմարայի երկարամեայ վաստակաշատ խմբագրապետ եւ «Յուշատետր»ի
անվերջանալի հատորներուն անզուգական հեղինակ՝ Ռոպէր Հատտէճեանին: Պարոն Հատտէճեան ինչպէս
միշտ, ճշգրտօրէն կը բնութագրէր
օրուան խորհուրդը- գնահատելով պոլսահայուն կապուածութիւնը իր արմատներուն հետ
որոնք աշխարհի չորս ծագերուն միասին կը տանին յարգանքն ու սէրը իրենց թանկագին դպրոցներուն եւ գիտեն պանծացնել «երջանկայիշատակ հիմնադիրներուն անուններն
ու կտակները»: Անդրադառնալով Օրդ. Գալուստեանին
թողած ժառանգին, Ոսկեայ գրչի տէր Հատտէճեան կ՛աւելցնէր «Օր. Հերմինէ
Գալուստեանը, Տնօրէնուհին, մէկը՝ որ իր հեղինակաւոր ինքնութեամբ ու գործելակեպով լրիւ
արժեւորեց ու բարձրացուց այս «Տնօրէնուհի» բառին իմաստը»:
Ապա շարունակելով մեր յարգելի խմբագրապետը կ՛աւելցնէր-«Կը մտածեմ թէ գրագէտէն կը մնայ գիրք ու բանաստեղծութիւն,
երաժշտական յօրինողէն կը մնայ սէնֆոնի կամ երգ, քանդակագործէն կը մնայ քանդակ, նկարիչէն
նկար: Իսկ ի՞նչ կը մնայ ուսուցիչէն: Ոչի ՞նչ: Ո՛չ անշուշտ: Կը մնայ անոր աշակերտը, երախտագէտ սանը»:
Ահաւասիկ
այդ երախտագէտ սաներու հոյլն էր որ այսօր հաւաքուած
էր- եւ արժանաւոր ներկայացուցիչ սանուհին արժանավայելօրէն պիտի պանծացնէր անոր յիշատակը:
Օրուան հիւր
Օրդ. Մաքրուհի Պ. Յակոբեան կու գար Պոլիսէն:
Այ՛ն Պոլիսէն որ այսօրուայ մեր արտասահմանեան պայմաններով տակաւին իր գիրկին մէջ կը
սնուցանէ 16 հայկական վարժարաններ, որոնցմէ Էսայեանը 119 տարեկան է (հիմնուած
1895-ին), եւ Կեդրոնականը 128 տարեկան (Հիմնուած՝
1886-ին):
Իր բիւրեղեայ արեւմտահայերէնով Օրդ. Մաքրուհին Նիւ Եորքի խաժամուժին մէջ ժանգոտած
մեր ականջները փայլեցնել ջանաց:
Ան եկած էր իրաւամբ «Բարոյական
ծաղկեպսակներ զետեղելու մեր վարժարաններու հիմնադիրներուն եւ բարերարներուն շիրիմներուն
վրայ եւ անդորրաւէտ կեանք եւ առողջութիւն մաղթելու ի կեանս եղող բոլոր ուսուցիչներուն»:
Օրդ. Յակոբեան ընդգծեց Օրդ. Գալուստեանի ժառանգ թողած նկարագրի յատկանշական գիծը - «Հզօր անհատականութեամբ, խրոխտ նկարագրով եւ իր
ազգային պատկանելիութեամբ խորապէս հպարտ կրթական մշակ էր ան, որ իր սաներուն հոգիներէն
ներս կը դարբնէր այն համոզումը թէ բարոյական նկարագիրը գիտութենէն առաջ գու գայ»:
Օրդ. Մաքրուհին վկայեց նաեւ թէ Օրդ. Գալուստեան
հակառակ անոր որ մասնագիտացած էր գիտական ճիւղէն ներս «մեր լեզուն կը գործածէր իր ամէնէն բիւրեղեայ շքեղանքին մէջ»:
Ի զուր չէր
որ Օրդ. Գալուստեանի սանուհին անդրադառնալով վաստակին վայել շնորհուած մրցանակներուն եւ Պատուոյ մետալներուն իրեն սրտին
մօտ կը համարէր
իր ամէնէն առաջին «Ճումհուրիէթ» մրցանակը որ
տրամադրուած էր բարերար Վահրամ Գաբրիէլեանի կողմէ որպէս «Մայրենի լեզուի մէջ
դասարանին առաջինը» հանդիսացող սանուհին, ձեռամբ՝
Տօքթ.Վարդ Շիկահերին:
Այո, մեր պատուական հիւրը բոլոր ներկաներուն
հոգիներէն ներս ներարկեց երախտաշատ մանկավարժին
յիշատակին ամոռանալիութիւնը եւ մեզ իր հետ տանելով միասնաբար զետեղել տուաւ «Մեծասքանչով հիւսուած քնքուշ ծաղկեփունջ մը անոր բարոյական գերեզմանին վրայ»:
Յայտագրի
աւարտին Տիկին Ռիթա Քեսքինեան որպէս նախկին ատենապետուհին Էսաեան-Կեդրոնական Սանուց
Միութեան պերճախօս իր հայերէնով սրտի խօսքը
յղեց ներկաներուն, երախտագիտութիւնը յայտնեց մասնակցողներուն, քաջալերեց որ ներկաները իրենց առատաձեռնութեամբ
գնահատեն ու քաջալերեն Էսաեան, Կեդրոնական
վարժարանները եւ հայ մամուլը: Ապա
հրաւիրեց իր մօրը Ոսկի Տաղտելէնին, որ ան ալ իր կարգին հիւմորով խառն ապրուած յուշերով վերստին կեանքի կոչեց
անմոռանալի մանկավարժին յիշատակը:
Դար մը վերջ
ահաւասիկ պատգամը մէկ էր ....
Կեանքի թոհուբոհին հետ Տնօրէնուհի Օրդ. Հերմինէ
Գալուստեանին կեանքին յարդը պատմութեան հետ քշեր-հեռացեր էր մեզմէ, սակայն ոսկեայ ցորեանի
արժէքով իր վաստակին ադամանդեայ յիշատակը կը
մնար մեր հոգիներէն ներս:
Զարմինէ Պօղոսեան
Նիւ Եորք, Դեկտեմբեր
8, 2014
No comments:
Post a Comment