Շնորհակալութիւն Նաթալի-
(օրուան հանդիսավարը եւ Զարմինէին ուսանողուհիներոն մին)
Բարձրաշնորհ Խաժակ Արք․ Պարսամեան, Առաջնորդ՝
Հիւս․ Ամերիկայի
Արժ․ Տէր Աբրահամ- հովիւ՝ Սրբոց
Նահատակաց Եկեղեցւոյ
Յարգարժան Յանձնախումբի անդամներ
Եւ Զարմինէն սիրող եւ յարգող բարեկամներ
Զարմինէն անհատականութիւն մըն է որ կաղապարի մէջ չի
դրուիր։ Իր կտրած կեանքի ճանապարհը երբ գծելու ըլլանք, զգոյշ պէտք է ըլլանք, որ՝
սահմանները առաձգական ըլլան․․․ դարպասները միշտ բաց։
Որովհետեւ այս հանդարտ, խոհուն անհատը, անվերջ ճախրող հոգի մըն է․․․ միշտ դէպի վեր՝ վսեմին, գեղեցիկին հասնելու համար։
Ամէն մարդու կեանքը
հիմնական սիւներու վրայ կառուցուած է։ Տարբեր չէ Զարմինէինը տեսական այս
ըմբռնումէն դիտուած։ Բայց․․․ եւ հոս է տարբերութիւնը․․․
Զարմինէի կեանքին սիւները շատ խորարմատ նետած են,
կ՛երթան մինչեւ մեր ազգին ամէնէն կենսական ծննդոցները։
Թուեմ այդ սիւները-
Ա- Արմատացած ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ հայութեան գանձերուն նկատմամբ։
Այսինքն՝ Հայոց պատմութիւն՝
իր բոլոր շինիչ դրուագներով։
Հայաստանեայց Առաքելական Ս․ Եկեղեցին՝ Հայոց լեզուի եւ ազգային
գոյութեան իր պատմական պահապանի շքեղ դերակատարութեամբ։
Բ- Արմատացած ՀԱՒԱՏՔ՝ Հայ
Վարժարանի անխախտ գոյութեան եւ Հայութեան
պայծառ ապագայի նկատմամբ։
Գ- Արմատացած ՆՈՒԻՐՈՒՄ՝
Հայութեան նոր սերունդի դաստիարակութեան
նկատմամբ։
Դ- Արմատացած ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ՝ Հայութեան կենսունակութեան նկատմամբ։
Ե- Արմատացած ՍԷՐ՝ Հայութեան ընդհանուր ամպհովանի Հայ Մշակոյթի նկատմամբ։
Դուք ծանօթ էք Զարմինէի կրթական պատկառելի
գործունէութեան։ Սակայն Զարմինէն խորթափանց գրաքննադատ է նաեւ։ Անոր գրական
վերլուծումները լիարժէք քննարկումներ են, լի արդար դատումներով։ Գրական մարզին
մէջ, բազմաթիւ դասախօսութիւններով եւ հրատարակութիւններով ան ծանօթացուցած է, թէ՛
անցեալի, թէ՛ ներկայի գրողները։
Պէտք է ըսեմ որ Զարմինէն նաեւ շատ լաւ հանդիսավար
է՝ գեղեցիկ ներկայացնելու ոճով եւ դիպուկ հիւմըրով, որուն միշտ կ՛ընկերանայ իր
իւրայատուկ ժպիտը։
Մէկ անգամ զինք տեսած եմ բեմ վրայ ընթերցասանական Stage Reading-ի մէջ: Վստահ եմ բեմական շնորհք ալ ունի․․․ կը սպասեմ որ օր մը զինք ղեկավարեմ թատերախաղերէս մէկուն մէջ։
Սիրելիներ,
Այս բոլորի հաւաքականութիւնն է Զարմինէն։
Ամբողջական եւ նուիրեալ ՀԱՅՈՒՀԻՆ՝ դաստիարակը,
գրաքննադատը եւ Ս․ Մեսրոպի բանակին
առաջին շարքի վրայ կեցող պահակը։
Սերունդներու հոգիներուն՝ հպարտութիւն դուն ջամբեցիր,
Անոնց մատղաշ ուղեղներուն՝ մշակոյթի առաւօտներ,
Ուղիներուն իրենց կեանքի՝ լոյսի ջահեր ապագայի։
Տուիր անոնց ՝ Գիտակցութիւն՝ արժէքներու,
Տուիր անոնց՝ Վեհանձնութիւն Հայ Ոգիի։
Սերունդներն այդ ջահակիրներն են մեր պատմութեան։
Քալէ,
Հպարտ,
Թող շքերթդ արշալոյսներ ցանէ անմար մեր դարաւոր
ազգին համար։
Արժան եւ Իրաւ։
Պատիւն Արժանաւորին։
Հրանդ Մարգարեան
Հոկտ․ 24, 2014
Սիրելի Զարմինէ,
թուղթերուս մէջէն այս գրութիւնը գտայ։
Չեմ գիտեր, եթէ տուած էի քեզի թէ՝ ոչ։
Եօթը տարի ետք, եւ անկասկած գալիք տարիներու, իր
թարմութիւնը պիտի պահէ։ Հրանդ Նոյ․11, 2021
No comments:
Post a Comment