Search This Blog

Search This Blog

Tuesday, March 9, 2021

ՅՈՒՇ ՄԸ՝ 1984 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ԶԱՒԿԻՍ` ԱՐԱՅԻՆ ՀԵՏ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԱՅՑԷՆ

 

ՅՈՒՇ ՄԸ՝ 1984 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ԶԱՒԿԻՍ` ԱՐԱՅԻՆ ՀԵՏ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԱՅՑԷՆ

ՀՐԱՉԵԱՅ ՔՈՉԱՐ- ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ - ՕՓԵՐԱՅԻ ԵՐԳՉՈՒՀԻ՝ ՊԵՒԸՐԼԻ ՍԻԼԶ․․․

1984-ի Օգոստոսին, 14 տարեկան պատանի տղուս` Արային հետ Արտասահմանի հետ Մշակութային Կապի գրասենեակէն եկած հրաւէրով 5 հայերէն լեզուի ուսուցիչ եւ 12 պատանի մեր հետ ՀԻՒՐ էինք մեր հայրենիքէն ներս։

Օրին մանրամասն արտայարտուած եմ այդ օրերու տպաւորութիւններուս վրայ։ Տղաքը ԱՐՏԵԿ ճամբար ղրկուեցան, իսկ մենք աշխարհի ամէն կողմերէն մօտաւորապէս 55 «արտասահմանցի» հայ լեզուի կրթական մշակներու հետ հետեւեցանք ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ դասընթացքներու։

Այսօրուայ տեղադրումս անոր համար է, որ հայրենի հեռատեսիլի Հ-1 կայանէն այսօր դիտեցի այն հաղորդումը, որ մանրամասնօրէն կը պատմէր բոլոր այն դժուարութիւններուն մասին, որ ՄԵԾՆ քանդակագործ ԵՐՈՒԱՆԴ ՔՈՉԱՐ դիմակալած էր ժամանակին։ Ոչ միայն Մոսկուայի երկաթեայ եաթաղանին պատճառաւ, այլեւ մեր ազգին պապէն աւելի պապական դառնալու մարմաջին, որ շատ դիւրութեամբ կարելի է պիտակել դաւաճան-լրտեսութեամբ։

Ատենին այն աստիճան հեռու գացած են անոնք իրենց ոտնձգութիւններով, որ աշխատանքի վայրի մէջ եղած ատեն իսկ փորձեր են կոտրել, վնասել, յուսահատեցնել եւլն․․․ բայց՝ արուեստագէտը, ամուր իր հաւատքին եւ հետեւողականօրէն իր տեսիլքին, շարունակած է իր գործը եւ պանծալիօրէն իր լրումին հասցուցած է։

Տակաւին ՑԱՒԱԼԻՆ ԱՅՆ Է ԹԷ․․․ փառաւորապէս տեղադրուելէն ետք իսկ – մեր հայրենակիցները իրենց խծբծոցէն չեն հրաժարած, մինչեւ որ Մոսկուայէն ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ օտար արուեստագէտ մը գովասանական յօդուած մը գրած է` ընդմիշտ լռեցնելու համար անհաւատ ՀԱՅ -լրտես-սկեպտիկներուն լեզուն։

Ինչո՞ւ մենք միշտ պատրաստ ենք ՉՀԱՒԱՏԱԼՈՒ մեր հանճարներուն…

Այսօր ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹԸ յաղթականօրէն կը բազմի Երեւանի սրտին մէջ եւ տեղ գրաւած է մեծ ու պզտիկ յաջորդող սերունդներու սրտին ու հոգիին մէջ։

Օրինակ՝ այդ օրերուն, 1984-ի ամրան, իմ պատանի տղաս, որ այդ մէկ ամսուայ պտոյտէն ետք երբ Նիւ Եորք վերադարձած էինք, իր երկրորդականի արուեստի ուսուցիչը զինք ներառած էր խումբ` տաղանդաւոր դպրոցականներու շարքին հետեւելու համար Մեթրոփոլիթըն Թանգարանի արուեստի դասընթացքներուն։ Իր գծածներէն մին արժանացաւ ԱՌԱՋԻՆ մրցանակի, օրին ոչ միայն իրեն փոքրիկ նիւթական նուէր մը տուին, այլ եւ իր գծածը ՆՈՒԷՐ տրուեցաւ Մեթրոփոլիթըն Օփերայի Սոփրանօ Պէվըրլի Սիլզին։

Որմէ ետք այդ գծանկարը երգչուհիին գրասենեակի պատին վրայ տեղ գտաւ։

Ահաւասիկ ներշնչումի աղբիւր – ՀՐԱՉԵԱՅ ՔՈՉԱՐ-ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ, բոլոր ոտնձգութիւններէն յաղթական դուրս ելած – ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹԻՆ ներկայութեան ուժը ԵՐԵՒԱՆԻ սրտին մէջ արտասահմանեան պատանիին հոգիէն ներս։

Սփրինկֆիլտ, Փենսիլվանիա,

Ապրիլ 2020

1 comment:

  1. Very touching and impressive! Thank you so much for sharing with us!!

    ReplyDelete

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...