2019 * April* NARREC MONTHLY*Armenian Page
by : Zarminé Boghosian
Որքան որ Ապրիլ
Մէկը զուարճանալու, անմեղ չարութեան եւ կատակներով «խաբելու» օր է, Ապրիլ ամիսը վերածնունդի ու գարնանային ծաղկումի ամիս
կը խորհրդանշէ, նոր սերունդը պէտք չէ մոռնայ Հայոց եղեռնի պատմութեան հետ ինքնապաշտպանութեան հերոսական այն պայքարները, որ հայ ժողովուրդը տարած է պատմական Հայաստանի
քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Զէյթունի, Մուսա Տաղի, Շապին-Գարահիսարի, Ուրֆայի եւ
Այնթապի մէջ: Այս ամիս յատկապէս պէտք չէ մոռնանք 1920 Ապրիլ 1-ի Այնթապի հերոսական
գոյամարտը, եւ Ապրիլ 24-ը:
Տօնական օրերու շարքին յիշենք որ այս տարի Կիրակի՝ Ապրիլ 14-ին
Ծաղկազարդ է: Արմաւենեաց Կիրակի՝ որ կը յիշատակէ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ,
երբ ան Բեթանիայէն կու գար եւ կը դիմաւորուէր Ձիթենիի եւ Արմաւենիի ճիւղերով: Այս
Կիրակիին կը յաջորդէ Աւագ Շաբաթը: Աւագ Երկուշաբթին
Մաքրագործման Օր կը նկատուի քանի որ այդ օր Յիսուս գաւազան մը ձեռքին տաճարէն
դուրս քշեց բոլոր վաճառականներն ու գնում կատարողները: Աւագ
Երեքշաբթի օր Յիսուս կարեւոր պատգամ մը կու տայ ժողովուրդին- ՏԱՍԸ Կոյսերու Առակը
պատմելով, որ յաճախ կը բեմականացուի մեր եկեղեցիներէն ներս Հայ դպրոցի աշակերտներուն
մասնակցութեամբ երեկոյեան արարողութեան ընթացքին: Աւագ Չորեքշաբթին համեմատաբար աւելի պարզ է կրօնական արարողութեանց
տեսակէտէն: Սակայն Աւագ Հինգշաբթին կը
հասնի իր ամէնէն ճոխ իրար յաջորդող արարողութիւններով: Անոնցմէ մին՝ ՈՏՆԼՈՒԱՆ է, դաստիարակիչ այս
արարողութիւնը որ Յիսուս Մեծութեան մէջ
Խոնարհութեան դաս կու տայ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով:
Վերջին ընթրիքին արարողութեան կը յաջորդէ ՀՍԿՈՒՄ-ը, Յիսուսի կալանաւորումն ու
հարցաքննութիւնը: Աւագ Ուրբաթը խաչելութեան եւ թաղման կարգով կը յիշուի: Իսկ Աւագ Շաբաթ՝ Խթում-Ճրագալոյց է: Երկար
պահեցողութենէ ետք երեկոյեան կը կատարուին Սուրբ Գրային ընթերցումներ, որուն կը
յաջորդէ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ:
Կիրակի
Ապրիլ 21-ին Ս. Յարութեան Տօնն է: Հայ եկեղեցւոյ հինգ
գլխաւոր
տաղաւարներէն ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն շահած տօնն է: Տօ՛նն է Ս. Յարութեան Յիսուս Փրկիչին: Այս տաղաւարին թուականը շարժական է եւ կրնայ
հանդիպիլ Մարտ 22-էն մինչեւ Ապրիլ 25 եւ որ կը ճշդուի նկատի առնելով գարնանամուտին – Մարտ 21-էն ետք եկող լուսնի լրումը: Այսինքն՝ կը տարուբերի առաւելագոյն 35 օրուայ տարբերութեամբ: Այս
տօնին առթիւ կը շնորհաւորենք բոլոր Յարութիւն,
Յարութ, Արթին անուն կրողները: Զիրար
կ’ողջունենք ըսելով՝ ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի
ՄԵՌԵԼՈՑ, ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ
ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
Զատկուայ աւանդութիւններէն է տուներէն ներս
անպայմանօրէն Կարմիր Հաւկիթ ներկելը,
հաւկթախաղեր կազմակերպելը:
Զատկուան յաջորդող օրերուն- Չորեքշաբթի՝ Ապրիլ 24-ին- կը յիշենք մեր Ամենայն Հայոց Սրբադասուած
Նահատակները: 1915-ի եղեռնը ոչ միայն մեր Պատմական
Հայաստանի բնակիչ-հայ ժողովուրդէն խլեց աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայոց կեանքը,
այլեւ կործանեց, իւրացուց, քանդեց մեր դարաւոր ազգային հարստութիւնները, մշակութային
կեդրոնները, մեր վանքերն ու եկեղեցիները- (եւ. . . տակաւին կը շարունակուին
կործանում- քանդումները):
1915-թուականը համայն հայութեան եւ
աշխարհի համար կը մնայ անմոռանալի թուական մը:
Ահաւասիկ գեղեցիկ բանաստեղծութիւն մը Սիլվա Կապուտիկեանի թարգմանութեամբ թէ ինչ կը
նշանակէ այդ թուականը նոյնիսկ ոչ-հայ բանաստեղծի մը համար-
ԻՄ
ԾՆՆԴԵԱՆ ԹԻՒԸ
Ասք Բարեկամութեան - Միքայէլ Մատուսովսկի
Թարգմ. Սիլվա
Կապուտիկեան
Սկզբում գլխի չէի ընկել ես,
Երկար տարիներ՝ անգիտակ դաւին,
Գրում էի իմ թղթերում պէս-պէս,
Թէ ծնուել եմ ես
ՏԱՍՆԸՀԻՆԳ թուին:
Ծնուել
եմ խուլ, հեռաւոր մի տեղ,
Ծնուել
եմ, երբ ձեզ՝ արեան մէջ սուզել,
Դժնի
մի Թալէաթ կամ Ջեվտէթ մի բէյ
Երկրի
երեսից ջնջել է ուզել:
Երբ Գողգոթա են քայլել՝ թոյլ ու մերկ
Ծերեր, մանուկներ՝ խաչերը ուսած,
Երբ Արաբական անապատով մէկ
Օդում կանգնել է աղեկէզ մի լաց:
Ես ուշ
իմացայ ձեր խինդ ու ցաւին,
Հիմա
ձեր բախտը՝ իմ բախտն է նաեւ,
Ներեցէ՛ք
դուք ինձ, ներէ՛ք ինձ ՀԱՅԵ՛Ր,
Որ ծնուել եմ ես Տասնըհինգ թուին:
ՅԳ- Ապրիլեան
Եղեռնին նուիրուած յուշարձաններ կան աշխարհի գրեթէ բոլոր հայահոծ գաղութներու մէջ-
Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Երեւանի Ծիծեռնակաբերդը:
Վերի նկարը
Հալէպի գերեզմանատան մէջ գտնուող Ապրիլ
Մէկ-ի Այնթապի Հերոսամարտին նուիրուած յուշարձանն է: (Նկարին վարի ձեռագիրը իմ
գործս է):
Զարմինէ Պօղոսեան
No comments:
Post a Comment