Search This Blog

Search This Blog

Friday, March 19, 2021

Կրթասիրացէն Յուշ մը- Zarmine Boghosian

 

Կրթասիրացէն Յուշ մը

Զարմինէ Պօղոսեան

            1970-ականի սկիզբներուն որպէս նախապատրաստական աշխատանք վարժարանին 50-ամեակին առթիւ Պարոն Գրիգոր Պօղարեանէն խնդրուած էր Վարժարանին պատմականը գրել: Այդ օրերուն որպէս Վարչութեան ատենադպրուհի եւ Յուշամատեանի Յանձնախումբի անդամ ինծի յանձնուեցաւ Պարոն Գր. Պօղարեանի ձեռագիր էջերը: Անոնք գրուած էին հին աշակերտական թուղթերուն կամ այլ նամակներու ետեւի էջերուն վրայ....

            Անոնք որոնք ծանօթ են Պրն. Պօղարեանին ձեռագրին կրնան հասկնալ իմ աշխատանքիս տարողութիւնը: Այդ օրերուն ոչ Հայերէն գրամեքենայ ունէի .. անշուշտ համակարգիչի խօսքն անգամ գոյութիւն չունէր- ուրեմն այդ մանր-մանր գիրերը ձեռագիրովս տիւրընթեռնելի դարձնելով հաւաքեցի: Շրջանաւարտական նկարները հաւաքեցինք- Պարոն Յակոբ Քիւրքճեանը –խնամակալ մարմնի անդամ եւ երէց շրջանաւարտներու ծանօթ- մեծապէս օգնեց անունները արձանագրելու իւրաքանչիւր նկարին հետ:

            Գրեթէ բոլոր նիւթերը պատրաստ էին եւ համաձայնութիւն գոյացած՝ Պէյրութի Խայամ տպարանին հետ – բաւական մեծ գումարով – կարծեմ 10 հազար այդ օրերուն- վճառուած էր թուղթը գնելու համար- 1975-ի լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հրոյ ճարակ եղաւ տպարանը – շէնքը- -ւ անշուշտ Կրթասիրացի Յիսնամեակի մեր խանդավառութիւնը յուսախաբութեան հասաւ:

Այս տխուր լուրին յաջորդեց -1976-ին, այս բոլոր աշխատանքներուն մղիչ ուժ Պարոն Եղեա Ատուրեան եւ ընտանիքին Միացեալ Նահանգներ փոխադրուիլը:

            Իսկ 1978-ին իմ եւ ընտանիքիս փոխադրուիլը:

            Սակայն, մեր փոխադրուելէն շատ առաջ որքան որ նօթեր, գրութիւններ, նամակներ ունէի հսկայ թղթապանակով մը յանձեցի Կրթասիրացի օրուան վարչութեան:

Ինչպէս նաեւ - Հայերէն լեզուի ուսուցիչիս եւ Գեղարդ Հալէպահայ Կեանքի Տարեգիրքի խմբագիր- Պարոն Հայկ Պարիկեանին քաջալերանքով եւ հետապնդումներով-  մինչեւ այդ օր իմ քովս եղած նիւթերը ամփոփելով  համառօտ պատմականը գրեցի Կրթասիրաց Միութեան եւ Համանուն Վարժարանին:

            Ինչ որ լոյս տեսաւ այդ օրերուն: Տես՝ Գեղարդ- 1976-1978 Միացեալ թիւ- Բ. գիրք էջ- 405-418

            Շատ ուրախ եմ որ մեր վարչական կազմին սկսած գործը յաջողեցաւ տասնամեակ մը վերջ, երբ 60-ամեակի յուշամատեանը լոյս տեսաւ Տքթ. Թորոս Թորանեանի խմբագրութեամբ:

90th Anniversary of Aleppo Grtasirats- Zarmine Boghosian

 

Ողջոյն 90-ամեայ Կրթասիրացին - 1924-2014

 

Կրթասիրացը Մեր Երկուքին Համար

Յուշ պատառիկներ եւ սրտի խօսք՝ Միսաք եւ Զարմինէ  Պօղոսեաններէն

 

            1965-ի Օգոստոսին էր  որ առաջին անգամ Կրթասիրացի հին շէնքին բակէն ներս ոտք կոխեցի: Տնօրէն Արմէն Տէր Պետրոսեանին հետ հանդիպում ունէի: Նոր շրջանաւարտ դարձած՝ Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լ.Ն. Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդականէն, դիմած էի ուսուցչութեան:  Անորոշութեան զգացումէն լարուած, սրտի տրոփիւնով կը սպասէի թէ ի՞նչպէս պիտի դիմաւորուէի Պարոն Տնօրէնին կողմէ:  Իրեն յատուկ չափազանց հանդարտ ու մտերմիկ ժեստով մը Սոգագ-էլ Արպայինի հին շէնքին, խոշոր քարածածկ բակին փողոցի դռնէն  դէպի հանդիպակաց կողմը գտնուող տեսչարանը ուղեկցելով ներս հրաւիրեց զիս:  

            Դիմումնագիրս, ինքնակենսագրութիւնս եւ պահանջուած թուղթերս աչքէ անցնելէ ետք, մեր հանդիպումը հարց ու փորձէն աւելի երկար զրոյցի բնոյթ առաւ եւ հասաւ գիր ու գրականութեան: Եւ... նշանակուեցայ հինգերորդ դասարանի պատասխանատու ուսուցչուհի, ինչպէս նաեւ 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններուն  Հայոց լեզուի, պատմութեան եւ կրօնի դասատու:

            Այդ օրուընէ սկսեալ Կրթասիրաց Վարժարանի դռները բացուած էին ինծի համար: Մանաւանդ որ ապագայ ամուսինս, Միսաք Պօղոսեանը -ինչպէս նաեւ իր մայրն ու քոյրերը- շրջանաւարտ էին Կրթասիրաց վարժարանէն եւ գործօն անդամը՝ Կրթասիրաց Շրջանաւարտից Միութեան:

            Ուսուցչական ծառայութիւնս շատ երկար չտեւեց, սակայն ամուսնանալէս ետք եւ յաջորդող տարիներուն Կրթասիրացին հետ կապս ամրապնդուեցաւ միութենական աշխատանքներով Միսաքին հետ գործակցաբար – եւ մէջ ընդ մէջ- ըստ պահանջի- բացակայ ուսուցիչ մը փոխարինողի հանգամանքով:

            1953-ին նախակրթարանը աւարտելուն յաջորդ տարին իսկ, Միսաքը կ՛ընդգրկուի Կրթասիրաց Շրջանաւարտից Միութենէն ներս: Զաւեշտներով, թատերական պատկերներ ներկայացնելով զարկ կու տան շրջանի թատերական կեանքին, ձմրան՝ երկրորդ յարկի վրայ գտնուող մանկապարտէզի երկար դասարանին մէջ, իսկ ամրան բացօթեայ բակին մէջ «Լիվան»-ը որպէս բեմ գործածելով:  Տարուէ տարի վարժարանին շրջանաւարտ պատանիները անմիջապէս կը ներառուին միութենէն ներս պասքէթպոլի եւ վոլիպոլի խումբեր կազմելով: Կը կազմուին նաեւ ընկերա-մշակութային, մարզական, թատերական յանձնախումբեր եւ կը գործադրուին զիրենք հետաքրքրող հաւաքոյթներ եւ պարտիզագնացութիւններ:

            1965-էն 1978, մինչեւ մեր ընտանեօք Միացեալ Նահանգներ հաստատուիլը, երկուքս ալ գործօն անդամներն էինք Կրթասիրաց Միութեան: Երանելի օրեր էի, ընկերային ջերմ մթնոլորտ մը կը տիրէր: Տարիներ շարունակ միութենական կեանքի համագործակցութեան տիպար եւ օրինակելի կազմակերպութիւնն էր Հալէպի մէջ Կրթասիրացը իր ժրաջան անդամներուն եւ ծառայասէր ղեկավարներուն շնորհիւ:

            Շատ ու շատ յիշատակներ կան ձեռնարկներէն, ճաշկերոյթներէն, (400 հոգիի համար պատրաստուած մածունով քէօֆթէն –այնթապցիական Եախնիլի քէօֆթէն-12 քէօֆթէ իւրաքանչիւր անձի համար, Ճաթլախ քեպապ- թոքի խորոված Սեպիլի բացօթեայ պարտէզին մէջ, իւրաքանչիւր սեղանին համար յատուկ պատրաստուած կրակարան տրամադրելով, ենթակային ուզած չափով խորովելու ազատութիւն տալու համար): 

            Միութենական մեր կեանքը, ընկերային մարզին մէջ մանաւանդ, սքանչելի փորձադաշտ մըն էր երկուքիս համար ալ: Մեր բոլոր ժողովներն ու կատարուելիք ձեռնարկներուն նախապատրաստական աշխատանքները տեղի կ՛ունենային Սոգագ-էլ Արպայինի հին շէնքին մէջ:

                        Անձնական փորձառութիւններէն ելլելով եւ հիմա մանաւանդ՝ տարիներու փորձառութեան ակնոցով յետադարձ հայեացք մը նետելով կրկնակի կը հիանամ այն բոլոր ընկերային ձեռնարկներուն եւ մտայղացուած  մշակութային ելոյթներուն վրայ, որոնց մասնակից էինք այդ օրերուն խումբ մը ժրաջան ու սիրելի մեր բոլոր ընկերներուն հետ: Նուիրումի եւ կամաւոր աշխատանքի իւրայատուկ ոգի մը կը տիրէր:

            Քառասուն տարի առաջ Կրթասիրաց Միութեան Գործադիր Մարմինը ծրագրած էր վարժարանին յիսնամեակին առթիւ Ոսկեայ Յուշամատեան  մը լոյս ընծայել, (Եղիա Ատուրեան՝ ատենապետ, Միսաք Պօղոսեան՝ փոխ-ատենապետ, Զարմինէ Գ. Պօղոսեան՝ ատենդպրուհի): Քաղաքական պայմաններու պարտադրանքով եւ որոշ նկատառումներով որոշուած էր տպագրութիւնը Պէյրութ՝ Խայամ տպարանին յանձնել: Թուղթը գնուած էր: Վարժարանի շրջանաւարտներուն խմբանկարները հաւաքուած՝ անունները կարելի ճշգրտութեամբ գրանցուած էին: Որպէս ատենադպրուհի պարտականութիւն տրուած էր ինծի բոլոր այդ նիւթերը հաւաքելու եւ դասաւորելու: (Համակարգիչի չգոյութեան տարիներ էին, նոյնիսկ հայերէն գրամեքենայ չունէի- ընթեռնելի ձեռագիրով պէտք էր կրկին ընդօրինակուէին բոլոր նիւթերը- գրաշարին գործը դիւրացնելու):  Նոյն ձեւով նաեւ կը գրէի եւ կը ղրկէի Կրթասիրացի ձեռնարկներուն շնորհակալագիրերը պատկան անհատներուն կամ կազմակերպութիւններուն, իսկ  թղթակցութիւնները կը ղրկուէին «Զարթօնք»ին եւ «Նոր Անթէպ»ին:

            Յուշամատեանին համար տրուած մեր կոչին առաջին պատասխանողը Կրթասիրացի երկարամեայ Տնօրէն Գրիգոր Պօղարեանն էր (1929-1957): Վարժարանին սկզբնական շրջանի պատմական աշխատութիւնը ղրկած էր պարոն տնօրէնը իրեն յատուկ շատ մանր ձեռագիրով, որ կրկին պէտք էր գրի առնէ  դիւրընթեռնելի դարձնելու:  Կոչ ուղղուեցաւ «Նոր Անթէպ»  պարբերաթերթին միջոցաւ, որպէսզի աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ տարածուած կրթասիրացականներ իրենց յուշերով եւ վաւերագրական յօդուածներով  յուշամատեանին բովանդակութիւնը իմաստալից դարձնէին: Միաժամանակ անձնական նամակներ ալ յղուեցան հեռաւոր երկիրներ գտնուողներուն: Նամակներ եւ նկարներ սկսան հասնիլ Կրթասիրացի սաներէն՝ Գերշ. Բաբգէն Եպս. Վարժապետեանէն- (Ուաշինկթէն, Միաց. Նահանգներ), Էջմիածին ամսագրին օրուան խմբագիր՝ Արթուն Հատիտեանէն, գրականագէտ՝ Գէորգ Հատիտեանէն, վաստակաւոր ուսուցիչ՝ Սարգիս Եափուճեանէն, Բիւրականի գիտաշխատող՝ Արսէն Գալլօղլեանէն, Մոնթէվիտիոյի Այնթապի Հայրենակցական Միութեան նախագահ՝ Նազարէթ Աթթարեանէն: 

            Տակաւին շատ անուններ կան յիշատակութեան արժանի, որոնք օրին ընդառաջած էին այս հրաւէրներուն, սակայն մեր Միաց. Նահանգներ փոխադրուելէն առաջ իմ ձեռքիս տակ գտնուող բոլոր նիւթերը, ժողովներու ատենագրութիւններն ու խնամքով պատրաստուած բոլոր տարեկան ատենագրութիւնները յանձնեցինք օրուան Կրթասիրացի Գործադիր Մարմնին արխիւին:

            Պէտք է հոս յիշել նաեւ որ այդ գրի առնուած նիւթերուն ամփոփ մէկ համադրութիւնը, հայերէն լեզուի ուսուցչիս՝ Պարոն Հայկ Պարիկեանին հետապնդումներով լոյս տեսաւ «Գեղարդ Սուրիահայ Տարեգիրք»-ին 1976-1978 միացեալ թիւին մէջ – որուն ընդհանուր խմբագիրն էր   Պրն. Պարիկեանը- «Պատմութիւն Հալէպի Կրթասիրաց Միութեան եւ Համանուն Վարժարանին »– ընդհանուր խորագրի տակ (էջ 405-416):

            Ի՜նչ յուշեր կան մեր ժողովներէն որոնք տեղի կ՛ունենային Կրթասիրացի «տախտակէ դասարանին»  մէջ, որ միաժամանակ դպրոցի ժամերուն դպրոցին ուսուցչարանն էր:

            Ոսկեայ Յուշամատեանի համար կազմուած յանձնախումբին անդմաներն էին- Տօքթ. Ալեքսան Քէշիշեան- Հալէպ, Յակոբ Քիւրքճեան-(այժմ մահացած՝ Հալէպ), Եղիա Ատուրեան-(մահացած՝ Պոսթըն), Սարգիս Պալմանուկեան- այժմ կ՛ապրի Լոս Անճելոս, Զաւէն Պարսումեան, Անի Ինգնատոսեան,Կարպիս Վարդանեան,  կարծեմ տակաւին Հալէպ  կ՛ապրին- իսկ Զարմինէ եւ Միսաք Պօղոսեան- (կ՛ապրին Նիւ Եորք)- (տե՛ս 65-ամեակի Կրթասիրացի Յուշամատեան- էջ 353, Հալէպ, 1994):

            Մեծ ուրախութեամբ ատենին ստացանք 65-ամեակի Յուշամատեանէն  օրինակ մը: Կրթասիրաց Վարժարանի 65-ամեակին (1924-1989) առթիւ լոյս տեսած այս հատորին մէջ այդ նիւթերուն որոշ մէկ մասը շրջանաւարտներուն նկարներով  Յիսնամեակի հաւաքածոյէն են, որոնք լոյս տեսած են Տօքթ. Թորոս Թորանեանի խմբագրութեամբ 1994-ին ծաւալուն մանրամասնութիւններով:

            Եթէ երբեւիցէ կարելի է, եւ կամ՝ արդար է առանձնացնել Կրթասիրաց Միութեան եւ Դպրոցին առաքելութիւնը  Հալէպի ազգային կեանքէն ներս եւ օգտաշատ ներդրումներէն ընգծել մի քանին միմիայն, ես պիտի ուզէի ծանրանալ հետեւեալ երկու կարեւոր կէտերուն վրայ-        

Ա- ԴՊՐՈՑԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ-                    

            Անբացատրելի կորովով ու քաջութեամբ, Այնթապի Հերոսամարտի ոգիով ու անմար ներուժով մը Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Հալէպ հասած այնթապցիները փարած են կրթութիւն եւ լոյս ճառագայթող օճախներ հիմնելու եւ լուսաւորելու վերապրող սերունդը: Միութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք ձեռնարկած են դպրոցաշինութեան: Առօրեայ հոգերուն, ընտանիք պահելու, գաղթականի հոգեվիճակը թօթափելով  դպրոցաշինութեան փարի՞լ: Հերոսական ձեռներէցութիւն կը պահանջէ 1915-ի ջարդէն եւ 1922-ի Այնթապի պարպումէն անմիջապէս ետք 1924-ին հիմնել վարժարաններ, տղոց եւ աղջկանց առանձին բաժիններով, լոյս եւ յոյս սփռելու եւ ներշնչելու արաբական հողերուն վրայ հասակ առնող ծլարձակող հայ նոր սերունդին:  Փառք ու պատիւ,  խունկ ու աղօթք՝ այդ կորովը անմար պահող վերապրող սերունդէն հիմնադիր բոլոր անդամներուն:  Նոյն սերունդը հազիւ 20-ամեակ մը բոլորած՝ նուիրահաւաքի ձեռնարկներով կ՛իրականացնեն սեփական շէնք ունենալու երազը, Սոգագ էլ Արպայինի շէնքը ԳՆԵԼՈՎ:

            Իսկ 1967-ին՝  2869 քառ. մեթր տարածութեամբ հողաշերտը գնելով- Հալէպի այժմու վիլլաներու շրջանին մէջ-1971-ին առաջին բահի հարուածով հիմը կը դրուի այսօրուան նորակառոյց շէնքին եւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ համալիրին: Նոյն ոգին ու կորովն է որ կը շարունակուի անցնող քսանամեակէն ի վեր տարուէ տարի բարեզարդելով Այնթապցիներու Ս. Աստուածածին Եկեղեցին, Կրթասիրաց Վարժարանը իր նորակառոյց արդիական  սրահներով,  ամառնային պարտէզով, մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի բոլոր յարմարութիւններով:

            2009-ի ամրան,  Հալէպ մեր այցելութեան ընթացքին ականատեսը եղանք աւարտական հանդէսին հիասքանչ գործադրութեան եւ Չէմպէրճեան երկրորդականին ընծայուած (համանուն բարերարէն) Քիմիագիտութեան, Ֆիզիքսի համար տրամադրուած նախանձելի արդիական յարմարութիւններուն:

            Այո՛, Կրթասիրացեան ՈԳԻ՛Ն է որ կը շարունակուի սերունդէ սերունդ:

 

  Բ- ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ  ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ   

          Հալէպահայ Միջ-Միութենական Մարմնի Կազմութիւն- 1969-ի  նախօրեակին էր երբ Կրթասիրաց Միութիւնը նամակ մը ստացաւ Հայրենիքէն, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէէն – արտասահմանի հայերուն յիշեցնելու համար թէ ամենուրեք պատշաճ շուքով պիտի տօնուէր Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ՝  Յովհաննէս Թումանեանին ծննդեան 100-ամեակը: Միութեան Գործադիր Մարմնին օրուան ատենապետ՝ Եղիա Ատուրեանին համար ատաղձ էր այս նամակը, որպէսզի իր ստեղծագործ եւ հեռատես արժանիքներուն շնորհիւ ծաւալուն գործունէութիւն մը ծրագրէր եւ գործի լծուէր: Նամակը լուրջի առնելով ներկայացուց ժողովին եւ մեր բոլորին խանդավառեց: Անմիջապէս Վարչութեան անունով նամակներ խմբագրուեցան եւ ատենադպրուհիի հանգամանքով ձեռագիրովս օրինակներ պատրաստուեցան եւ ղրկուեցան Հալէպահայ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ Հայրենակցական Միութիւններուն անխտիր, իւրաքանչիւր միութենէն երկու ներկայացուցիչ խնդրելով նախապատրաստական առաջին ժողովի մը հրաւիրելու բոլորն ալ:

            Նպատակը Հալէպահայ Մշակութային Միութիւններու միջեւ մնայուն համագործակցութիւն ապահովելն էր, մանաւանդ՝ Հայրենի արուեստագէտները հիւրընկալելու եւ համայնքէն ներս այլ մշակութային ձեռնարկներ համագործակցաբար ծրագրելու եւ ներկայացնելու ժողովուրդին: Մինչ այդ՝ իւրաքանչիւր միութիւն կը ջանար առանձին առանձին ընդունելութիւն կազմակերպել՝ հիւրընկալելու համար հայրենի հիւրերը:

            Բաւական հետապնդումներէ ետք ՈՒԹԸ  միութիւններ ընդառաջեցին այս հրաւէրներուն: Կազմուեցաւ Յովհ. Թումանեանի 100-ամեակի Յոբելենական Միջ-Միութենական Մարմին  մը՝  հովանաւորութեամբ՝ Հալէպի Հ.Բ.Ը.Մ-ի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովին:  Յանձնախումբը ինքզինք անուանեց՝ Հալէպահայ Միջ-Միութենական Մարմին,  իւրաքանչիւր մասնակից միութենէն երկու անդամ նշանակելով եւ նորակազմ մարմնին ատենապետ ընտրելով Կրթասիրացի ներկայացուցիչ՝ Եղիա Ատուրեանը:

            Այս յանձնախումբին եւ Կրթասիրացի այլ անդամներուն գործօն մասնակցութեան ջանքերով լոյս տեսան Նիզար Խալիլիի թարգմանութեամբ Յովհ. Թումանեանի չորս գործերը արաբերէնով:

            Այս առթիւ Հալէպահայ մշակութային կեանքին մէջ ա՛լ աւելի յատկանշական երեւոյթ դարձաւ Արմէն Տիգրանեանի երաժշտութեամբ եւ Յովհ. Թումանեանի խօսքերով «Անոյշ»  օփերային 10 յաջորդական ելոյթները Յովհաննէս Կոստանեանի բեմադրութեամբ, իւրաքանչիւր ելոյթին ՀԲԸՄ-ի սրահը լեցնող հանդիսատեսներով:

            Այս աշխատանքներէն դուրս Միջ-Միութենական Մարմինը  մեծ խանդավառութեամբ, տարիներով հիւրընկալեց հայրենի բանաստեղծներն ու արուեստագէտները, յաջորդաբար իւրաքանչիւր մասնակից միութեան ակումբին կամ կեդրոնին մէջ հիւրասիրելով հայրենի հիւրերն ու մասնակից անդամները: (Գարեգին Սեւունց,  Յովհ. Պատալեան, Օֆէլիա Համբարձումեան եւ շատ-շատ ուրիշներ):

c e d

            Երբ այս օրերուն, այսօրուայ քաղաքական պայմաններուն ընդմէջէն եւ դիմատետրի միջոցաւ կը հետեւիմ Կրթասիրացէն ներս կատարուող աշխատանքներուն, անբացատրելի յուզումով կը կարդամ մեր նոր սերունդին տարած իսկապէս հերոսական աշխատանքին մանրամասնութիւնները: Երիտասարդ ուժեր՝ որոնցմէ ոմանք ժամանակին իմ աշակերտներս էին եղած եւ այսօր պատնասխանատու եւ հոգածու անհատներն են ե՛ւ Կրթասիրաց Վարժարանին եւ թէ Միութեան:

  Հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական վերիվայրումներուն եւ Հալէպի այսօրուայ դժնդակ պայմաններուն, Վահան Թէքէեանի խօսքերն են որ կ՛արձագանգեն հոգիիս խորերէն-

            Ի՞նչ է հոգին, Հայու հոգին .....

                        ... մերթ կ՛իջնէ վար ու մառախուղ կ՛ըլլայ մերթ

                                                Եւ մերթ ճերմակ ու վարդագոյն թերթ առ թերթ

Կը տարածուի  երեսն ամբողջ երկնքին,

Անհո՜ւն Հոգին, Հայո՛ւ հոգին...

Ու կը գտնեմ զայն ցեխի մէջ կիսաթաղ..

Բայց զերթ զինուոր մ՛որ կը կռուի անդադա՛ր

-         Ցեխն ալ կ՛ըսեմ,- զայն աղտոտել չի՜՜ կրնար,

Եւ ընդմէջէն իր այդ ցեխին, սարսռագին

Կը համբուրեմ Հայու յոգնած, սո՜ւրբ հոգին...:

c e d

Սիրելի Հալէպի Կրթասիրացականներ, հետեւելով այս տարուայ շրջանաւարտական

հանդէսին - Յուլիս 6-ին,  9-րդ եւ 12-րդ դասարաններուն Կրթասիրացի վկայականաց բաշխման հանդէսին մանրամասնութեան, հրճուանքով կարդացի յաջողութեան լուրերը, կարդացի նաեւ թէ լռութեան պահով մը յարգեցիք յիշատակը «զոհերուն»...  

             «զոհերո՞՞՞ւն».. .. ո՞ր զոհերուն.....

            Ու ես անգամի մը համար եւս «սարսռագին» փշաքաղուեցայ մտածելով եւ անդրադառնալով թէ ո՞ր զոհերուն համար էր այս մատղաշ տղոց յարգանքի պահը ....

             Չէ՞ որ արդէն 100-ամեակի սեմին ենք,  Ջարդէն վերապրողի, գաղթական կամ որբուկ ըլլալու ծանր փոշին շատոնց թօթափած էինք...  պէ՛տք էր թօթափած ըլլայինք:

     Կը սթափիմ՝  ի  լուր հանդէսին մանրամասնութեան, ներկայացուած յայտագրին որակին,

հիանալով, հպարտանալով կը գոչեմ ի լուր աշխարհին...

-         Ցեխն ալ կ՛ըսեմ,- զայն-ՀԱՅՈՒ ՀՈԳԻՆ- աղտոտել չի կրնար,

Եւ ....                                                                             

Կը համբուրեմ իւրաքանչիւրիդ,  Հայու յոգնած՝ բայց կորովի, այդ սո՜ւրբ հոգին,

մեր սիրելի ու թանկագին Կրթասիրացականներ:

Վստահ եմ որ Այնթապէն Հալէպ հաստատուած կրթասիրացի հիմնադիրներուն

հոգի՛ն ալ կը հրճուի ձեզմով, եւ մեր բոլոր նախնիներուն ոգին կը շարունակէ յաւէտ ապրիլ ձեզմո՛վ:

                                         Զարմինէ  Գ. Պօղոսեան- 

                             Յուլիս 16, 2014- Նիւ Եորք

Tuesday, March 9, 2021

ՅՈՒՇ ՄԸ՝ 1984 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ԶԱՒԿԻՍ` ԱՐԱՅԻՆ ՀԵՏ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԱՅՑԷՆ

 

ՅՈՒՇ ՄԸ՝ 1984 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ԶԱՒԿԻՍ` ԱՐԱՅԻՆ ՀԵՏ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԱՅՑԷՆ

ՀՐԱՉԵԱՅ ՔՈՉԱՐ- ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ - ՕՓԵՐԱՅԻ ԵՐԳՉՈՒՀԻ՝ ՊԵՒԸՐԼԻ ՍԻԼԶ․․․

1984-ի Օգոստոսին, 14 տարեկան պատանի տղուս` Արային հետ Արտասահմանի հետ Մշակութային Կապի գրասենեակէն եկած հրաւէրով 5 հայերէն լեզուի ուսուցիչ եւ 12 պատանի մեր հետ ՀԻՒՐ էինք մեր հայրենիքէն ներս։

Օրին մանրամասն արտայարտուած եմ այդ օրերու տպաւորութիւններուս վրայ։ Տղաքը ԱՐՏԵԿ ճամբար ղրկուեցան, իսկ մենք աշխարհի ամէն կողմերէն մօտաւորապէս 55 «արտասահմանցի» հայ լեզուի կրթական մշակներու հետ հետեւեցանք ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ դասընթացքներու։

Այսօրուայ տեղադրումս անոր համար է, որ հայրենի հեռատեսիլի Հ-1 կայանէն այսօր դիտեցի այն հաղորդումը, որ մանրամասնօրէն կը պատմէր բոլոր այն դժուարութիւններուն մասին, որ ՄԵԾՆ քանդակագործ ԵՐՈՒԱՆԴ ՔՈՉԱՐ դիմակալած էր ժամանակին։ Ոչ միայն Մոսկուայի երկաթեայ եաթաղանին պատճառաւ, այլեւ մեր ազգին պապէն աւելի պապական դառնալու մարմաջին, որ շատ դիւրութեամբ կարելի է պիտակել դաւաճան-լրտեսութեամբ։

Ատենին այն աստիճան հեռու գացած են անոնք իրենց ոտնձգութիւններով, որ աշխատանքի վայրի մէջ եղած ատեն իսկ փորձեր են կոտրել, վնասել, յուսահատեցնել եւլն․․․ բայց՝ արուեստագէտը, ամուր իր հաւատքին եւ հետեւողականօրէն իր տեսիլքին, շարունակած է իր գործը եւ պանծալիօրէն իր լրումին հասցուցած է։

Տակաւին ՑԱՒԱԼԻՆ ԱՅՆ Է ԹԷ․․․ փառաւորապէս տեղադրուելէն ետք իսկ – մեր հայրենակիցները իրենց խծբծոցէն չեն հրաժարած, մինչեւ որ Մոսկուայէն ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ օտար արուեստագէտ մը գովասանական յօդուած մը գրած է` ընդմիշտ լռեցնելու համար անհաւատ ՀԱՅ -լրտես-սկեպտիկներուն լեզուն։

Ինչո՞ւ մենք միշտ պատրաստ ենք ՉՀԱՒԱՏԱԼՈՒ մեր հանճարներուն…

Այսօր ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹԸ յաղթականօրէն կը բազմի Երեւանի սրտին մէջ եւ տեղ գրաւած է մեծ ու պզտիկ յաջորդող սերունդներու սրտին ու հոգիին մէջ։

Օրինակ՝ այդ օրերուն, 1984-ի ամրան, իմ պատանի տղաս, որ այդ մէկ ամսուայ պտոյտէն ետք երբ Նիւ Եորք վերադարձած էինք, իր երկրորդականի արուեստի ուսուցիչը զինք ներառած էր խումբ` տաղանդաւոր դպրոցականներու շարքին հետեւելու համար Մեթրոփոլիթըն Թանգարանի արուեստի դասընթացքներուն։ Իր գծածներէն մին արժանացաւ ԱՌԱՋԻՆ մրցանակի, օրին ոչ միայն իրեն փոքրիկ նիւթական նուէր մը տուին, այլ եւ իր գծածը ՆՈՒԷՐ տրուեցաւ Մեթրոփոլիթըն Օփերայի Սոփրանօ Պէվըրլի Սիլզին։

Որմէ ետք այդ գծանկարը երգչուհիին գրասենեակի պատին վրայ տեղ գտաւ։

Ահաւասիկ ներշնչումի աղբիւր – ՀՐԱՉԵԱՅ ՔՈՉԱՐ-ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹ, բոլոր ոտնձգութիւններէն յաղթական դուրս ելած – ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹԻՆ ներկայութեան ուժը ԵՐԵՒԱՆԻ սրտին մէջ արտասահմանեան պատանիին հոգիէն ներս։

Սփրինկֆիլտ, Փենսիլվանիա,

Ապրիլ 2020

Thursday, March 4, 2021

ԱՊՐԻԼ ՄԷԿ, ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ, ՀՐԱՇԱԼԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ _NARREC April 2019- Zarminé Boghosian

 2019 * April* NARREC MONTHLY*Armenian Page 

                                                by :  Zarminé Boghosian

Որքան որ Ապրիլ Մէկը զուարճանալու, անմեղ չարութեան եւ կատակներով «խաբելու» օր է, Ապրիլ ամիսը վերածնունդի ու գարնանային ծաղկումի ամիս կը խորհրդանշէ, նոր սերունդը պէտք չէ մոռնայ Հայոց եղեռնի պատմութեան հետ ինքնապաշտպանութեան հերոսական այն պայքարները, որ հայ ժողովուրդը տարած է պատմական Հայաստանի քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Զէյթունի, Մուսա Տաղի, Շապին-Գարահիսարի, Ուրֆայի եւ Այնթապի մէջ: Այս ամիս յատկապէս պէտք չէ մոռնանք 1920 Ապրիլ 1-ի Այնթապի հերոսական գոյամարտը, եւ Ապրիլ 24-ը:  

Տօնական օրերու շարքին յիշենք որ այս տարի Կիրակի՝ Ապրիլ 14-ին Ծաղկազարդ է: Արմաւենեաց Կիրակի՝ որ կը յիշատակէ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, երբ ան Բեթանիայէն կու գար եւ կը դիմաւորուէր Ձիթենիի եւ Արմաւենիի ճիւղերով: Այս Կիրակիին կը յաջորդէ Աւագ Շաբաթը: Աւագ Երկուշաբթին Մաքրագործման Օր կը նկատուի քանի որ այդ օր Յիսուս գաւազան մը ձեռքին տաճարէն դուրս քշեց բոլոր վաճառականներն ու գնում կատարողները:  Աւագ Երեքշաբթի օր Յիսուս կարեւոր պատգամ մը կու տայ ժողովուրդին- ՏԱՍԸ Կոյսերու Առակը պատմելով, որ յաճախ կը բեմականացուի մեր եկեղեցիներէն ներս Հայ դպրոցի աշակերտներուն մասնակցութեամբ երեկոյեան արարողութեան ընթացքին: Աւագ Չորեքշաբթին համեմատաբար աւելի պարզ է կրօնական արարողութեանց տեսակէտէն: Սակայն Աւագ Հինգշաբթին կը հասնի իր ամէնէն ճոխ իրար յաջորդող արարողութիւններով: Անոնցմէ մին՝ ՈՏՆԼՈՒԱՆ է, դաստիարակիչ այս արարողութիւնը որ Յիսուս Մեծութեան մէջ Խոնարհութեան դաս կու տայ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով:

Վերջին ընթրիքին արարողութեան կը յաջորդէ ՀՍԿՈՒՄ-ը, Յիսուսի կալանաւորումն ու հարցաքննութիւնը: Աւագ Ուրբաթը խաչելութեան եւ թաղման կարգով կը յիշուի: Իսկ Աւագ Շաբաթ՝ Խթում-Ճրագալոյց է: Երկար պահեցողութենէ ետք երեկոյեան կը կատարուին Սուրբ Գրային ընթերցումներ, որուն կը յաջորդէ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ:

Կիրակի Ապրիլ 21-ին Ս. Յարութեան Տօնն է: Հայ եկեղեցւոյ հինգ գլխաւոր   

տաղաւարներէն ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն շահած  տօնն է:  Տօ՛նն է Ս. Յարութեան Յիսուս Փրկիչին:  Այս տաղաւարին թուականը շարժական է եւ կրնայ հանդիպիլ Մարտ 22-էն մինչեւ Ապրիլ 25 եւ որ կը ճշդուի նկատի առնելով գարնանամուտին – Մարտ 21-էն ետք եկող լուսնի լրումը:  Այսինքն՝  կը տարուբերի առաւելագոյն 35 օրուայ տարբերութեամբ: Այս տօնին առթիւ կը շնորհաւորենք բոլոր Յարութիւն, Յարութ, Արթին անուն կրողները:  Զիրար կողջունենք ըսելով՝ ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ, ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:

Զատկուայ աւանդութիւններէն է տուներէն ներս անպայմանօրէն Կարմիր Հաւկիթ ներկելը, հաւկթախաղեր կազմակերպելը: 

Զատկուան յաջորդող օրերուն- Չորեքշաբթի՝ Ապրիլ 24-ին- կը յիշենք մեր Ամենայն Հայոց Սրբադասուած Նահատակները: 1915-ի եղեռնը ոչ միայն մեր Պատմական Հայաստանի բնակիչ-հայ ժողովուրդէն խլեց աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայոց կեանքը, այլեւ կործանեց, իւրացուց, քանդեց մեր դարաւոր ազգային հարստութիւնները, մշակութային կեդրոնները, մեր վանքերն ու եկեղեցիները- (եւ. . . տակաւին կը շարունակուին կործանում- քանդումները):

 1915-թուականը համայն հայութեան եւ աշխարհի համար կը մնայ անմոռանալի թուական մը: Ահաւասիկ գեղեցիկ բանաստեղծութիւն մը Սիլվա Կապուտիկեանի թարգմանութեամբ թէ ինչ կը նշանակէ այդ թուականը նոյնիսկ ոչ-հայ բանաստեղծի մը համար-

ԻՄ ԾՆՆԴԵԱՆ ԹԻՒԸ

             Ասք Բարեկամութեան - Միքայէլ Մատուսովսկի

                                 Թարգմ. Սիլվա Կապուտիկեան

Սկզբում գլխի չէի ընկել ես,

Երկար տարիներ՝ անգիտակ դաւին,

Գրում էի իմ թղթերում պէս-պէս,

Թէ ծնուել եմ ես ՏԱՍՆԸՀԻՆԳ թուին:

                                                Ծնուել եմ խուլ, հեռաւոր մի տեղ,

                                                Ծնուել եմ, երբ ձեզ՝ արեան մէջ սուզել,

                                                Դժնի մի Թալէաթ կամ Ջեվտէթ մի բէյ

                                                Երկրի երեսից ջնջել է ուզել:

            Երբ Գողգոթա են քայլել՝ թոյլ ու մերկ

Ծերեր, մանուկներ՝ խաչերը ուսած,

Երբ Արաբական անապատով մէկ

Օդում կանգնել է աղեկէզ մի լաց:

                                                Ես ուշ իմացայ ձեր խինդ ու ցաւին,

                                                Հիմա ձեր բախտը՝ իմ բախտն է նաեւ,

                                                Ներեցէ՛ք դուք ինձ, ներէ՛ք ինձ ՀԱՅԵ՛Ր,

            Որ ծնուել եմ ես Տասնըհինգ թուին:

 

 

 

 

ՅԳ- Ապրիլեան Եղեռնին նուիրուած յուշարձաններ կան աշխարհի գրեթէ բոլոր հայահոծ գաղութներու մէջ- Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Երեւանի Ծիծեռնակաբերդը:

        Վերի նկարը Հալէպի գերեզմանատան մէջ գտնուող Ապրիլ Մէկ-ի Այնթապի Հերոսամարտին նուիրուած յուշարձանն է: (Նկարին վարի ձեռագիրը իմ գործս է):  

Զարմինէ Պօղոսեան

 

 

 

 

Wednesday, March 3, 2021

ԵՐԲ ԿԱ՛ՄՔ, ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ՈԳԻ, ՏԵՍԻԼՔ ԵՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉ ՁԵՌՔ ՁԵՌՔԻ ՏԱՆ-About The role of the Armenian Radio of New Jersey- WSOU-89.5 FM

 

ԵՐԲ ԿԱ՛ՄՔ, ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ՈԳԻ, ՏԵՍԻԼՔ ԵՒ
ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉ ՁԵՌՔ ՁԵՌՔԻ ՏԱՆ

Զարմինէ Պօղոսեան 

(Ակնարկ՝ Հայկական Ռատիոժամին 2012 Յուլիս 29-ի հաղորդումին առթիւ)

 

Վստահ եմ, շատեր հաւատարմօրէն Կիրակի յետմիջօրէի երկու ժամերուն չեն ուզեր «փախցնել» Նիւ ճըրզիի հայկական ժամը: Ես ալ անոնցմէ մէկն եմ: Փառք տանք նաեւ ժամանակակից թէքնօլօճիին, որ մեզ կրնայ կապի մէջ պահել երկրին որ ծայրամասին մէջ ալ ըլլանք կամ նոյնսիկ երկրէն դուրս:

2012, Յուլիս 29-ի հաղորդումը ճիշդ կէսօրէ ետք 2-4-ին չկրցայ մտիկ ընել: Կէս գիշերին մօտ համակարգիչէս ունկնդրեցի: Խոստովանիմ՝ քիչ մըն ալ աւելի լաւ էր, որովհետեւ հաղորդումը ետ-առաջ տանելու առաւելութիւնը ունէի` չհասկցած բաժինս կրկին ունկնդրելու:

Եւ ահաւասիկ, ի՜նչ տեղի ունեցաւ: Վարդան Ապտօն եւ իր կամաւոր անձնակազմը ուկնդիրներուս կրցած էին կապել ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու մէկ քաղաքէն միւսը, այլ նաեւ մէկ ցամաքամասէն միւսը` Ափրիկէէն Միացեալ Նահանգներ, Նիւ Ճըրզի:

Ինչպէս գիտէք, այս օրերուն շատ մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ Քրիս Պօհճալեանին նոր լոյս ընծայուած գիրքը` «Աւազէ Դղեակին Աղջիկները» (“The Sandcastle Girls”), որ ոչ միայն Օբրա Ուինֆրիին «Շաբթուան Գիրք» ցանկին մէջ անցաւ, այլ նաեւ՝ Նիւ Եորք Թայմզի «Պէսթ Սէլլըրզ» ամէնէն շատ ծախուած գիրքերուն եօթերորդ շարքը գրաւեց (կ’արժէ գիտնալ քանի՞ հարիւր հայ գնորդ կայ անոնց մէջ):

Քրիս Պօհճալեան հեռաձայնային կապով խօսեցաւ, պատասխանեց Վարդան Ապտոյին հարցերուն: Միաժամանակ Ռատիոժամին հիւրն էր ուրիշ մէկ հայ գրող, որ անձամբ ներկայ էր: Բժիշկ Ճան Պալեան, թէեւ ան մասնագիտութեամբ բժիշկ է, գիտնական եւ Ֆայզըր-Phfizer ընկերութեան փոխ-տնօրէնը, գրած է իր առաջին գիրքը, իր իսկ կեանքի պատմութիւնը` մանկութենէն մինչեւ Ամերիկա հաստատուիլը եւ մասնագիտանալը: Ոդիսական մը, որ տակաւին կը շարունակուի եղեռնի յաջորդող սերունդներուն կեանքին մէջ ալ: Գիրքին անունն է «Գորշ Գայլերն ու Սպիտակ Աղաւնիները» (“The Grey Wolves and White Doves”): Հետաքրքրական է նաեւ այն, որ ընթերցողներէն անոնք, որ արտայայտուած են մեծ խանդավառութեամբ (ինթէրնէթով) գիրքին մասին, Հայ չեն: Մէկը կ’ըսէ. «Պատրսատ Նիւթ է Ֆիլմ Ըլալու», ուրիշ մը, որ անգլերէն լեզուի ուսուցչուհի մըն է, կ’ըսէ. «Իմ երկրորդականի աշակերտներուս ընթերցանութեան գիրքի ցանկին մէջ անցուցի»:

Այսպէս, Հայ Ռատիոժամը մեզ կը զարգացնէ, կը տեղեկացնէ, կը հետաքրքրէ` իմանալու համար, թէ ինչ կը պատահի մեր շուրջը:

Ամէնէն հեաքրքրականը Եթովպիայէն, Հապէշիստանի մայրաքաղաք Ատիս Ապապայէն երկու հայորդիներու կապուիլն էր, ափրիկեան ցամաքամասէն Նոր Աշխարհի Նիւ Ճըրզի նահանգին Սիթըն Հօլ համալսարանի Ռատիոյկայանէն իրենց խօսակցութիւնը տեղւոյն վրայ ձայնասփռուիլն էր:

Շատ հետաքրքրական ելոյթ-հարցազրոյց մը հաղորդուեցաւ` անգամ մը եւս մեզի յիշեցնելու, թէ որքան քիչ գիտենք մէկ գաղութէն միւսը մեր հայրենակիցներուն մասին: Ի՞նչ գիտենք եւ կամ որքան ծանօթ ենք իրարու: Խօսողներէն մին բնիկ Հապէշիստանցի երգիչ-երաժիշտ Վահէ Թիլպեանն էր, իսկ միւսը՝ Նիւ Եորքանակ Արամազդ Գալայճեան, որ յատուկ առաքելութեամբ ժամանակաւորապէս կը գտնուի Հապէշիստան` սերտելու, նկարելու եւ նկարահանելու վաւերագրական ֆիլմ Հապէշիստանի հայոց մասին: Հապէշիստանի թագաւորը, Երուսաղէմ այցելութեան ընթացքին եղեռնէն ազատած Վանքին որբերը տեսնելով, հոն տեղւոյն վրայ 40 որբ որդեգրելով իր հետ կը տանի Հապէշիստան, որոնք ընտանիք կը կազմեն եւ կը նպաստեն արքունի զանազան ձեռնարկներուն: Այդ խումբէն տաղանդաւորներ բարձր դիրքի կը հասնին եւ զարկ կու տան երկրին բարգաւաճման: Եթէ մտիկ չկրցաք ընել, այցելեցէք Ռատիոյին կայքը եւ թուականին վրայ դպնալով կրկին կրնաք լսել ամբողջ հաղորդումը:

Կիրակնօրեայ այս երկու ժամ հաղորդումին ընթացքին տակաւին կը լսէք Ֆլօրէնս Աւեագեանին (անգլերէն լեզուով) եւ Կարպիս Գազանճեանին (հայերէն լեզուով) համայնքային եւ հայրենի լուրերը, Սեդա Ճէպէճեանին «Դէմքեր եւ Դէպքեր» բաժինը, համայնքային յայտարարութիւնները, որոնք մէջընդմէջ կը համեմուին երգերով, երկխօսութիւններով, մեր առօրեան յուզող հարցերով Ռատիոյի երէց անդամ Պարոն Խորէն Պէզճեանին եւ կամ երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչ ռատիոյի համար ստեղծուած հրաշալի ձայնով եւ առոգանութեամբ Տիրան Ճեպեճեանին՝ Վարդան Ապտոյին հետ կողք- կողքի բարձրախօսի մօտ:

Շնրհակալութիւն ձեր բոլորին, ձայնով թէ անձայն քուլիսային աշխատողներուն, կամաւոր համալսարանականներուն:

Շնորհակալութիւն` Կա՛մք, Ծառայելու Ոգի, Տեսիլք ունեցող բոլոր հայորդիներուն:

31 Յուլիս, 2012

 

Monday, March 1, 2021

MICHINK_ Median Day of Lent- ՄԻՋԻՆՔ- Հայ Աւանդութիւններու մասին

 This year -2021- Median Day of Lent - MICHINK- ՄԻՋԻՆՔ- is on Wednesday, March 10, 2021- I had written this for a short presentation back in 2006- There are some traditional information you may want to remind yourselves. 

                                                                                     * * * * 

ՊԱՀՊԱՆԵՆՔ ՄԵՐ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

Ձօն`Զարմինէ Պօղոսեանէն

ԹՄՄ- Նիւ Եորք Նիւ Ճըրզիի Թէքէեանի Երիտասարդաց Յանձնախումբին

ՄԻՋԻՆՔ-ի ընտանեկան հաւաքոյթին առթիւ, Մարտ 18, 2006, Նիւ Ճըրզի

 

Երիտասարդները ժողովի են: Խնդրուած է յայտագիր պատրաստել Միջինքի առթիւ: Յանձնախումբի անդամները մէկիկ մէկիկ ներս կը մտնեն, ուր Լարան կը սպասէ: (Սեղանին մէկ կողմը թուղթ-մատիտ դրուած է):

 

Դերակատարներ` Դալար, Լարա, Արեւ, Հրաչ, Սարօ, Վահիկ, Վիգէն, Տիրան

 

Դալար - Օ, WoW!! այս ի՜նչ օրինաւորութիւն: Այսօր յանձնախումբը լման կազմով

  հոս հաւաքուած է: Whats going on??

Վահիկ - Whats cooking? Ինչո՞ւ այսքան լրջացեր էք:

Վիգէն - Come on guys! Ինչ որ պիտի ընենք, շուտ ընենք. երթալիք տեղ ունիմ:

Տիրան – Այո՛ (ժամացոյցին նայելով), ես ալ on call եմ. եթէ կանչուիմ, պէտք է երթամ, ուր որ է կը կանչուիմ (դարձեալ ժամացոյցին կը նայի), պարտականութեանս վրայ պէտք է ըլլամ:

Սարօ - Հա՜ պարտականութիւն, ՍՕՀՕ- Վիլէյճ երթալն ալ պարտականութի՞ւն կը

հաշուես (աչք ընելով միւսներուն): Ո՞վ պիտի ըլլայ կանչողը` ան սեւուլի՞կը:

Դալար - Սարօ՜, կատակելու ժամանակ չէ: Տիրանը իրաւ պարտականութիւն ունի: Ան կամաւոր կաշխատի հիւանդանոցին շտապ օգնութեան խումբին համար:

Վահիկ - «Աֆերիմ, իմին ասլան տղա՛ս»,- պիտի ըսէր հիմա մեծ հայրս, եթէ հոս  ըլլար: Տե՛ս, ես ալ չէի գիտեր այս մասին: Ես կը կարծէի, որ միայն հայ  եկեղեցիին մէջ կը ծառայես, յետոյ ալ... (աչք կընէ…): Pretty impressive man!

Տիրան - Միայն ես չեմ, որ խորանին կը ծառայեմ (եւ համեստօրէն կաւելցնէ). Վիգէնն ալ շապիկ կը հագնի:

Լարա - Lաւ, լաւ, կատակը մէկդի, տղա՛ք: Lուրջ մը նստինք: (Արեւին դառնալով) Արե՛ւ, ի՞նչ կը յիշես մեր այս տօնական օրերուն մասին:

Արե՛ւ, - Ի՞նչ տօն, ի՞նչ օր, Լարա: (Ինքզինքը անտեղեակ ձեւացնելով) Նորէն միտքդ ի՞նչ եկաւ:

Դալար - Come on guys! կատակը մէկդի՛: Հիմա որ պարտականութիւն առինք մեր վրայ մշակութային աշխատանքներ ընելու, մեր վրայ դրուած վստահութիւնը չարաչար չգործածենք: (Արեւին) Լարային ղրկած էլէքթրոնիք նամակը (e-mail) չկարդացի՞ր:

Լարա - (Բոլորին նայելով ) Ամէնուն ալ նոյն բանը ղրկեցի: I told you! You have to come to this meeting with some homework done.

Վահիկ - O yes! Dont you remember? She asked us to come prepared!!

Վիգէն - I guess we are focusing on some հայկական աւանդութիւններ

Լարա - Dont you remember anything at all from your grandmother’s stories?

Արեւ - Oh, Thats a good question! Սպասէ, տեսնեմ ինչե՜ր կրնամ յիշել:

Դալար – Թուղթ-մատիտ առնենք, միասին մտածենք, յիշածնիս ալ շուտ մը գրենք:

Սարօ - Ես թուղթ-մուղթ չունիմ:

Լարա - Ահա՛, արդէն ես պատրաստած եմ (մէկական գրիչ եւ էջ մը թուղթ կը բաժնէ իւրաքանչիւրին):

Հրաչ – Օ՜Հօ՜, տե՜ս, տե՜ս… Մեր ատենապետուհին ամէն բան մտածեր է (աչք ընելով միւսներուն` իր թուղթն ու մատիտը կ’առնէ):

Տիրան - Come on! Կատակը մէկ կողմ, ժամանակ չկայ: We are late as it is!

Վիգէն - (Դառնալով Արեւին) Հապա կ’ըսէիր թէ մեծ մայրդ ամէն օր պատմութիւն մը ունէր այս տօներուն մասին` Մեծ Պահք, Ս. Սարգիս, Տէրընտես-Տեառընդառաջ, ինչ գիտնամ դեռ ինչե՜ր:

Արեւ - (Մտածելով) Բարեկենդան, Մեծ Պահք, Միջինք, այո՛, այո՛, կամաց կամաց պիտի յիշեմ: (Աւելի կեդրոնանալով) Գիտե՞ս, ամէնէն շատ միտքս եօթը փետուրները կու գան…

Սարօ - Ի՞նչ փետուր:

Վահիկ - Feathers? Fashion show? Նորաձեւութեան դաս ալ պիտի առնե՞նք, որ  հիմա փետուրներու վրայ սկսանք խօսիլ:

Արեւ - (Մեծ մամային ձայնն ու ձեւը կապկելով) Չէ՜, տղաս չէ՜: Այն, որ ժամանակին երբ օրացոյց չունէինք, մեծ մամայիս մեծ մամաները օրերը փետուրներով կամ սիսեռի համրանքով կը գիտնայինք:

Սարօ - Ի՞նչ կըսես, փետուրը ինչ գործ ունի օրացոյցին հետ: I dont get it! What do you mean?

Հրաչ - Feathers were actually used as calendar? How? Ես ալ բան մը չհասկցայ:

Դալար - Այո՛, պարո՛նս, անոնք Palm-pilot կամ ձեռքի հեռախօս չունէին, որ իրենց ժամադրութիւնները հոնկէ գիտնային:

Արեւ- Այո՛, եօթը փետուր կը դնէին սոխի մը կամ գետնախնձորի մը վրայ, որպէսզի գիտնային, թէ երբ Մեծ Պահքի եօթը շաբաթները պիտի վերջանան, եւ Մեծ Զատիկը պիտի գայ:

Վահիկ - Wow! I love this kind of stories! Thats cool! You started using those fancy      

 Արեւ - Well! Այդքան ալ ֆէնսի չէ, պարո՛նս, ես մեծ մամայէս այսպէս սորված եմ: Հայաստան ալ գացի նէ, անոնք կարտոֆիլ կըսէին: Բայց ես գիտեմ որ փաթաթէսին իսկական հայերէն բառը գետնախնձոր է: Օ՜, օ՜, ինչ համով կ’եփէր մեծ մամաս տաք տաք այդ գետնախնձորի ճաշը: And... Its not the French fries!

Լարա - (Անհամբերութեամբ) Հիմա սա ճաշի պատմութիւնը մէկդի դիր, այս փետուրին պատմութիւնը վերջացնենք...

Տիրան – Է՜, է, wait a second! Կեցիր վայրկեան մը, ի՜նչ տեսակ հայկական  ձեռնարկ, որ առանց ճաշի ըլլայ:

Արեւ - Հա՜ , ինչ կըսէի, գիտես, մեծ մամաս ալ ասանկ բաներ կընէր մեզի. իր պատմութեան մէջտեղը, որ տեսնէր թէ ուշադիր մտիկ կընէի՞նք իրեն: OK! O քէ՛յ, լաւ, լաւ, հիմա որ ձեր ուշադրութիւնը գրաւեցի, կը շարունակեմ... Ուրեմն այդ փետուրները կը դնէին (փետուրները կամացուկ մը կը հանէ պայուսակէն):

Դալար - Look at that! I dont believe you! Մեր հոգիին հետ խաղալ կուզէի՞ր,  ներս մտար նէ, անանկ մէկ ըրիր, որ կարծես թէ չէիր գիտեր այս ժողովը ինչու համար է…

Արեւ - (Ուրախացած, որ կատակը տեղին հասած էր) է՜հ, հայկական ճաշը առանց համեմի չ’ըլլար, օրիո՛րդս: Armenians appreciate spice and humor! (Քիչ մը հովեր առնելով) I mean intelligent humor, or spicy humor! (Եւ շարունակելով) Մեծ պահքը եօթը շաբաթ է: Հայ եկեղեցին տարուայ մէջ 160 օր պահքի օր ունի lent պահելու: Բարեկենդանէն մինչեւ Սուրբ Զատիկ` 48 օրը, ՄԵԾ ՊԱՀՔ կը կոչուի: Եօթը շաբաթ կընէ, անոր համար ալ եօթը փետուր կը դնէր մեծ մաման, որպէսզի ամէն Շաբաթ իրիկուն եկեղեցիէն տուն գալուն պէս մէկ փետուրը հանէին եւ մնացեալը հաշուէին, որպէսզի գիտնային, թէ քանի շաբաթ մնաց Զատիկը տօնելու:

Սարօ - Whats so big deal about seven weeks?

Արեւ - Մեծ Պահքի օրերուն բնաւ միս, կաթնեղէն, հաւկիթ չէին ուտեր: Կը սպասէին Զատկուան, մինչեւ կարմիր հաւկիթ ներկելը խաշեն եւ ամէն բան ուտելու սկսին:

Վահիկ - Օ wow! Thats some diet!

Դալար - Մէկ խօսքով, ըսէ, որ բուսակեր – vegeterian – կըլլային:

Տիրան - Այո՛, եկեղեցին այս տօնական օրերը կը քաջալերէ եւ այս օրէնքները դրած է ձեւով մը մեզի սորվեցնելու, թէ ատեն ատեն պէտք է մենք մեզի հոգեպէս թէ ֆիզիքապէս վերանորոգենք:

Արեւ- (Շարունակելով իր պատմութիւնը) Բայց երբեմն չարաճճի պզտիկներ  կերթային, մեծ մամայէն գաղտնի մի քանի փետուր կը հանէին մեծ մամային շուարեցնելու համար: Անոր համար մեծ մամաները ստիպուած բարձր տեղէ մը կը կախէին գետնախնձորը:

(Խումբով կը խնդան, բոլորը իրարու կը նային աչք ընելով):

Վահիկ - Տեսա՞ք, այն ատեն ալ չարաճճի տղաք կան եղեր... մեզի ալ կ’ըսեն, որ  մենք ասանկ չէինք, անանկ բաներ չէինք ըներ:

Դալար - Այն ատենուայ չարութիւնները հիմակուան հետ բաղդատելու ատենը չէ: Հիմա սա ՄԻՋԻՆՔ-ի մասին ինչ որ գիտէք, անոր մասին խօսինք:

Արեւ– Ուրեմն` այդ 48 օրուայ Մեծ Պահքին ճիշդ մէջտեղը, այսինքն` 24-րդ օրը, չորրորդ Կիրակիէն վերջ, Չորեքշաբթին ՄԻՋԻՆՔ կը կոչուէր: Իրականութեան մէջ եկեղեցական արարողութիւն մը չկայ այս օրը յիշելու: Կիները կը հաւաքուին, տեղ կ’երթան, նշանուած տղաները իրենց նշանածներուն նուէր կը ղրկեն, որովհետեւ Մեծ Պահքի ընթացքին պսակի արարողութիւն արտօնուած չէ: Պէտք է սպասեն, որ Զատիկը գայ, ու յաջորդ Կիրակի միայն կրնան ամուսնանալ:

Հրաչ - Ըսել կուզես, որ անհամբեր նշանուածներուն կը յիշէցնէին, որ այդ երկար ժամանակին կէսը գնա՜ց:

Վահիկ - Այո՛, այո՛, ես լսած եմ, անոր պէս բան մը ըլլայ նէ, մօրքուրս կ’ըսէր`   կէսը գնաց, կէսը մնաց:

Դալար - Այո՛, ես ալ լսած եմ, թէ եթէ սիրահարներու տօնէն`Սուրբ Սարգիսէն վերջ  եւ Բարեկենդանէն առաջ չպսակուին, պէտք է Զատիկին սպասեն:

Տիրան - Մի մոռնաք, որ Մեծ Պահքի ատեն հայ եկեղեցին շատ գեղեցիկ արարողութիւններ ունի: Արեւագալի եւ երեկոյեան խաղաղութեան ժամերգութիւնները: Ձեր մօտակայ եկեղեցիներուն հարցուցէք: Անպայման գոնէ մէկ անգամ գացէք: Կամ օր մը որոշենք միասին երթանք:

Վիգէն - Այո՛, այո՛, անցեալ օր մայրս իր 75 տարեկան հօրաքրոջը հետ կը խօսէր, ըսաւ թէ Ալզայմըր յիշողութեան հիւանդութեան դէմ պայքարելու համար նստեր է Հաւատով Խոստովանիմին 24 համարները գոց կը սորվի, որ միտքի մարզանք ընէ:

Սարօ - OK! We got the message! ըսել կուզէք, որ այս տօնական շրջանը մարմնի եւ  մտքի առողջութեան մասին մտածելու համար է:

Տիրան - Եւ հոգիի:

Լարա- Հիմա սա ՄԻՋԻՆՔի մասը վերջացնենք: Այդ միւս տօներուն մասին յաջորդ ժողովին կը խօսինք: I am impressed! You really have done your homework!

Դալար - Իրականութեան մէջ ես Սուրբ Սարգիսին գաղափարը շատ սիրեցի. internetին մէջ կը պտըտէի երէկ`գաղափար առնելու համար, թէ ինչպէս պատրաստուած կրնամ գալ այս ժողովին: Կարդացի, որ Հայաստանի մէջ Ս. Սարգիսի տօնը - you know- ես Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին տեսած եմ: Կը նշուի ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, այլեւ աւանդական սովորութիւններով` ժողովրդական տօնախմբութիւն, մատաղի կ՛օրհնեն, կը բաժնեն, իսկ նախորդող գիշերը ամուրիները`չամուսնացած աղջիկներն ու տղաքը, քնանալէն առաջ շատ աղի կարկանդակ կուտեն, որպէսզի գիշերը, երբ շատ ծարաւնան եւ ջուր խմելու կարիք զգան, երազի մէջ իրենց ապագայ կեանքի ընկերը կամ ընկերուհին ջուր հրամցնէ անոնց. այդ ձեւով անոնք կը գուշակեն, թէ որուն հետ պիտի ամուսնանան մօտ ապագային:

Սարօ - Այդ երազը ամէն երիտասարդ կրնա՞յ տեսնել:

Վիգէն - Չլսեցի՞ր, եթէ շատ աղի բան մը ուտես եւ պառկիս ըսուեցաւ:

Տիրան - (Շեշտելով հատ հատ) Նաեւ եթէ Ա-ղօ-թե-լով պառկիս:

Արեւ - (Պայուսակէն կը հանէ ԿՈՒՏԱՊԸ): Տղա՛ք, իրականութեան մէջ ՄԻՋԻՆՔ-ը կիներու յատուկ տօն մըն է, որովհետեւ կիները ցերեկին կը հաւաքուէին, երբ տղամարդիկ աշխատանքի ըլլային: Բայց այսօր քանի որ բոլորս միասնաբար կը տանինք այս աշխատանքը, հիմա միասին ալ կրնանք ճաշակել այս համեղ կուտապը: Ուշադրութիւն, մէկ հատ մետաղեայ դրամ մը պահուած է մէջը. որուն որ ելլէ, ան պիտի ըլլայ այս տարուան բախտաւոր անձը:

(Արեւիկը զգուշութեամբ կը շերտէ կուտապը եւ կը բաժնէ: Իւրաքանչիւրը զգուշութեամբ կը կտրէ իր բաժինը: Բոլորն ալ զարմացած իրարու կը նային` ձեռքերնին մէկական սէնթ բռնած):

Միաբերան - Այս անգամ ալ մեր մեծ մաման մեր վրայ խաղ խաղցաւ:

Լարա - Կը նշանակէ, մեծ մաման խտրութիւն չի դներ իր թոռնիկներուն, կուզէ, որ

բոլորն ալ բախտաւոր զգան:

Խումբով - Բոլորս ալ այս տարուան բախտաւորներն ենք:

Նիւ Եորք, 3 Մարտ, 2006

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...