This year -2021- Median Day of Lent - MICHINK- ՄԻՋԻՆՔ- is on Wednesday, March 10, 2021- I had written this for a short presentation back in 2006- There are some traditional information you may want to remind yourselves.
* * * *
ՊԱՀՊԱՆԵՆՔ
ՄԵՐ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ
Ձօն`Զարմինէ Պօղոսեանէն
ԹՄՄ- Նիւ Եորք Նիւ Ճըրզիի Թէքէեանի
Երիտասարդաց Յանձնախումբին
ՄԻՋԻՆՔ-ի
ընտանեկան հաւաքոյթին առթիւ, Մարտ 18, 2006, Նիւ Ճըրզի
Երիտասարդները
ժողովի են: Խնդրուած է յայտագիր պատրաստել Միջինքի առթիւ: Յանձնախումբի անդամները մէկիկ մէկիկ ներս կը
մտնեն, ուր Լարան կը սպասէ: (Սեղանին մէկ կողմը թուղթ-մատիտ դրուած է):
Դերակատարներ` Դալար,
Լարա, Արեւ, Հրաչ,
Սարօ, Վահիկ, Վիգէն, Տիրան
Դալար - Օ, WoW!! այս ի՜նչ օրինաւորութիւն: Այսօր յանձնախումբը լման կազմով
հոս հաւաքուած է: What’s going on??
Վահիկ - What’s cooking? Ինչո՞ւ այսքան լրջացեր էք:
Վիգէն - Come on guys! Ինչ որ պիտի
ընենք, շուտ ընենք. երթալիք տեղ ունիմ:
Տիրան – Այո՛ (ժամացոյցին նայելով), ես ալ on call եմ. եթէ կանչուիմ, պէտք է երթամ,
ուր որ է կը կանչուիմ (դարձեալ ժամացոյցին կը նայի), պարտականութեանս վրայ պէտք է
ըլլամ:
Սարօ - Հա՜ պարտականութիւն, ՍՕՀՕ-
Վիլէյճ երթալն
ալ պարտականութի՞ւն կը
հաշուես
(աչք ընելով միւսներուն): Ո՞վ պիտի ըլլայ կանչողը` ան սեւուլի՞կը:
Դալար - Սարօ՜, կատակելու ժամանակ չէ: Տիրանը իրաւ պարտականութիւն ունի: Ան
կամաւոր կ’աշխատի
հիւանդանոցին շտապ օգնութեան
խումբին համար:
Վահիկ - «Աֆերիմ, իմին ասլան տղա՛ս»,- պիտի ըսէր հիմա մեծ հայրս, եթէ
հոս ըլլար: Տե՛ս, ես ալ չէի գիտեր այս մասին: Ես կը կարծէի, որ
միայն հայ եկեղեցիին մէջ կը ծառայես,
յետոյ ալ... (աչք կ’ընէ…): Pretty
impressive man!
Տիրան - Միայն ես չեմ, որ խորանին կը ծառայեմ (եւ համեստօրէն կ’աւելցնէ). Վիգէնն ալ շապիկ կը հագնի:
Լարա - Lաւ, լաւ, կատակը մէկդի, տղա՛ք: Lուրջ մը նստինք: (Արեւին դառնալով) Արե՛ւ,
ի՞նչ կը յիշես մեր այս տօնական
օրերուն մասին:
Արե՛ւ, - Ի՞նչ տօն,
ի՞նչ օր, Լարա: (Ինքզինքը անտեղեակ
ձեւացնելով) Նորէն միտքդ ի՞նչ եկաւ:
Դալար - Come on guys! կատակը մէկդի՛: Հիմա որ պարտականութիւն առինք մեր վրայ մշակութային աշխատանքներ ընելու,
մեր վրայ դրուած վստահութիւնը չարաչար չգործածենք: (Արեւին) Լարային ղրկած էլէքթրոնիք նամակը (e-mail) չկարդացի՞ր:
Լարա - (Բոլորին նայելով ) Ամէնուն ալ նոյն բանը ղրկեցի: I told you! You have
to come to this meeting with some
homework done.
Վահիկ - O yes! Don’t you remember? She asked us to
come prepared!!
Վիգէն - I
guess we are focusing on some հայկական աւանդութիւններ…
Լարա - Don’t you remember anything at all
from your grandmother’s stories?
Արեւ - Oh, That’s a good question! Սպասէ, տեսնեմ
ինչե՜ր կրնամ յիշել:
Դալար – Թուղթ-մատիտ առնենք, միասին մտածենք, յիշածնիս ալ շուտ մը գրենք:
Սարօ - Ես թուղթ-մուղթ չունիմ:
Լարա - Ահա՛, արդէն ես պատրաստած եմ (մէկական գրիչ եւ էջ մը թուղթ կը բաժնէ
իւրաքանչիւրին):
Հրաչ – Օ՜Հօ՜, տե՜ս, տե՜ս… Մեր ատենապետուհին ամէն բան մտածեր է (աչք ընելով
միւսներուն` իր թուղթն ու մատիտը կ’առնէ):
Տիրան - Come on! Կատակը մէկ կողմ,
ժամանակ չկայ: We are late as it is!
Վիգէն - (Դառնալով Արեւին) Հապա կ’ըսէիր
թէ մեծ մայրդ ամէն օր պատմութիւն մը ունէր այս տօներուն մասին` Մեծ Պահք, Ս. Սարգիս, Տէրընտես-Տեառընդառաջ, ինչ գիտնամ դեռ ինչե՜ր:
Արեւ - (Մտածելով) Բարեկենդան, Մեծ Պահք, Միջինք, այո՛, այո՛, կամաց կամաց պիտի յիշեմ: (Աւելի
կեդրոնանալով) Գիտե՞ս,
ամէնէն շատ միտքս եօթը փետուրները կու գան…
Սարօ - Ի՞նչ փետուր:
Վահիկ - Feathers? Fashion show? Նորաձեւութեան դաս ալ պիտի առնե՞նք, որ հիմա փետուրներու վրայ սկսանք խօսիլ:
Արեւ - (Մեծ մամային ձայնն ու ձեւը կապկելով) Չէ՜, տղաս չէ՜: Այն, որ ժամանակին
երբ օրացոյց չունէինք, մեծ մամայիս մեծ մամաները օրերը փետուրներով կամ սիսեռի
համրանքով կը գիտնայինք:
Սարօ - Ի՞նչ կ’ըսես, փետուրը ինչ գործ ունի օրացոյցին հետ: I don’t get it! What do you mean?
Հրաչ - Feathers were actually used as
calendar? How? Ես ալ բան մը չհասկցայ:
Դալար - Այո՛, պարո՛նս, անոնք Palm-pilot կամ ձեռքի հեռախօս չունէին, որ իրենց
ժամադրութիւնները հոնկէ գիտնային:
Արեւ- Այո՛, եօթը փետուր կը դնէին սոխի մը կամ գետնախնձորի մը վրայ, որպէսզի գիտնային, թէ երբ Մեծ Պահքի եօթը
շաբաթները պիտի վերջանան, եւ Մեծ Զատիկը պիտի գայ:
Վահիկ - Wow! I love this kind of stories! That’s cool! You started using those
fancy
Արեւ - Well! Այդքան ալ ֆէնսի չէ, պարո՛նս,
ես մեծ մամայէս այսպէս սորված եմ: Հայաստան ալ գացի նէ, անոնք կարտոֆիլ կ’ըսէին: Բայց ես գիտեմ որ փաթաթէսին իսկական հայերէն
բառը գետնախնձոր է: Օ՜, օ՜, ինչ համով կ’եփէր
մեծ մամաս տաք տաք այդ գետնախնձորի
ճաշը: And... It’s not
the French fries!
Լարա - (Անհամբերութեամբ) Հիմա սա ճաշի պատմութիւնը մէկդի դիր, այս փետուրին
պատմութիւնը վերջացնենք...
Տիրան – Է՜, է, wait a second! Կեցիր վայրկեան մը,
ի՜նչ տեսակ հայկական ձեռնարկ, որ առանց
ճաշի ըլլայ:
Արեւ - Հա՜ , ինչ կ’ըսէի, գիտես, մեծ մամաս ալ ասանկ բաներ կ’ընէր մեզի. իր պատմութեան մէջտեղը,
որ տեսնէր թէ ուշադիր մտիկ կ’ընէի՞նք իրեն: OK! O քէ՛յ, լաւ, լաւ, հիմա որ ձեր ուշադրութիւնը գրաւեցի, կը շարունակեմ... Ուրեմն այդ
փետուրները կը դնէին (փետուրները կամացուկ մը կը հանէ պայուսակէն):
Դալար - Look at that! I don’t believe you! Մեր հոգիին հետ խաղալ կ’ուզէի՞ր, ներս մտար նէ, անանկ մէկ ըրիր, որ կարծես թէ
չէիր գիտեր այս ժողովը ինչու համար է…
Արեւ - (Ուրախացած, որ կատակը տեղին հասած էր) է՜հ, հայկական ճաշը առանց համեմի չ’ըլլար,
օրիո՛րդս: Armenians appreciate spice and humor! (Քիչ մը հովեր առնելով) I mean
intelligent humor, or spicy humor! (Եւ շարունակելով) Մեծ պահքը եօթը շաբաթ է: Հայ
եկեղեցին տարուայ մէջ 160 օր պահքի օր ունի lent պահելու:
Բարեկենդանէն մինչեւ Սուրբ Զատիկ` 48 օրը, ՄԵԾ ՊԱՀՔ կը կոչուի: Եօթը շաբաթ կ’ընէ, անոր համար ալ եօթը փետուր կը
դնէր մեծ մաման, որպէսզի ամէն Շաբաթ իրիկուն եկեղեցիէն տուն գալուն պէս մէկ փետուրը հանէին եւ
մնացեալը հաշուէին, որպէսզի գիտնային, թէ քանի շաբաթ մնաց Զատիկը տօնելու:
Սարօ - What’s so big deal about seven weeks?
Արեւ - Մեծ Պահքի օրերուն բնաւ միս, կաթնեղէն, հաւկիթ չէին ուտեր: Կը սպասէին
Զատկուան, մինչեւ կարմիր հաւկիթ ներկելը խաշեն եւ ամէն բան ուտելու սկսին:
Վահիկ - Օ wow! That’s some
diet!
Դալար - Մէկ խօսքով, ըսէ, որ բուսակեր – vegeterian – կ’ըլլային:
Տիրան - Այո՛, եկեղեցին այս տօնական օրերը կը քաջալերէ եւ այս օրէնքները դրած է
ձեւով մը մեզի սորվեցնելու, թէ ատեն ատեն պէտք է մենք մեզի հոգեպէս թէ ֆիզիքապէս վերանորոգենք:
Արեւ- (Շարունակելով իր պատմութիւնը) Բայց երբեմն չարաճճի պզտիկներ կ’երթային, մեծ մամայէն գաղտնի մի քանի փետուր կը հանէին մեծ մամային շուարեցնելու համար: Անոր համար
մեծ մամաները ստիպուած բարձր տեղէ մը կը կախէին գետնախնձորը:
(Խումբով
կը խնդան, բոլորը իրարու կը նային աչք ընելով):
Վահիկ - Տեսա՞ք, այն ատեն ալ չարաճճի տղաք կան եղեր... մեզի ալ կ’ըսեն, որ մենք ասանկ չէինք, անանկ բաներ չէինք ըներ:
Դալար - Այն ատենուայ չարութիւնները հիմակուան հետ բաղդատելու ատենը չէ: Հիմա սա ՄԻՋԻՆՔ-ի մասին ինչ որ գիտէք, անոր մասին խօսինք:
Արեւ– Ուրեմն` այդ 48 օրուայ Մեծ Պահքին ճիշդ մէջտեղը, այսինքն` 24-րդ օրը, չորրորդ Կիրակիէն վերջ,
Չորեքշաբթին ՄԻՋԻՆՔ կը կոչուէր: Իրականութեան մէջ եկեղեցական արարողութիւն մը չկայ այս օրը
յիշելու: Կիները կը հաւաքուին, տեղ կ’երթան, նշանուած տղաները իրենց նշանածներուն
նուէր կը ղրկեն, որովհետեւ Մեծ Պահքի ընթացքին պսակի արարողութիւն արտօնուած չէ:
Պէտք է սպասեն, որ Զատիկը գայ, ու յաջորդ Կիրակի միայն կրնան ամուսնանալ:
Հրաչ - Ըսել կ’ուզես,
որ անհամբեր նշանուածներուն կը յիշէցնէին, որ այդ երկար ժամանակին կէսը գնա՜ց:
Վահիկ - Այո՛, այո՛,
ես լսած եմ, անոր պէս բան մը ըլլայ նէ, մօրքուրս կ’ըսէր` կէսը գնաց, կէսը մնաց:
Դալար - Այո՛, ես ալ լսած եմ, թէ եթէ սիրահարներու տօնէն`Սուրբ Սարգիսէն վերջ եւ Բարեկենդանէն առաջ չպսակուին, պէտք է Զատիկին
սպասեն:
Տիրան - Մի մոռնաք, որ Մեծ Պահքի ատեն հայ եկեղեցին շատ գեղեցիկ արարողութիւններ ունի:
Արեւագալի եւ երեկոյեան խաղաղութեան ժամերգութիւնները: Ձեր մօտակայ
եկեղեցիներուն հարցուցէք: Անպայման գոնէ մէկ անգամ գացէք: Կամ օր մը որոշենք միասին
երթանք:
Վիգէն - Այո՛, այո՛, անցեալ օր մայրս իր
75 տարեկան հօրաքրոջը հետ կը խօսէր, ըսաւ թէ Ալզայմըր յիշողութեան հիւանդութեան դէմ
պայքարելու համար նստեր է Հաւատով
Խոստովանիմին 24 համարները գոց կը
սորվի, որ միտքի մարզանք ընէ:
Սարօ - OK! We got the message! ըսել կ’ուզէք, որ այս տօնական շրջանը մարմնի եւ
մտքի առողջութեան մասին մտածելու համար է:
Տիրան - Եւ հոգիի:
Լարա- Հիմա սա ՄԻՋԻՆՔի մասը վերջացնենք: Այդ միւս տօներուն մասին յաջորդ ժողովին կը խօսինք: I am
impressed! You really have done your homework!
Դալար - Իրականութեան մէջ ես Սուրբ Սարգիսին գաղափարը
շատ սիրեցի. internetին մէջ կը պտըտէի երէկ`գաղափար առնելու համար, թէ ինչպէս պատրաստուած
կրնամ գալ այս ժողովին: Կարդացի, որ Հայաստանի
մէջ Ս. Սարգիսի տօնը
- you know- ես Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին տեսած եմ: Կը նշուի ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, այլեւ աւանդական
սովորութիւններով`
ժողովրդական տօնախմբութիւն, մատաղի կ՛օրհնեն, կը բաժնեն, իսկ նախորդող գիշերը ամուրիները`չամուսնացած
աղջիկներն ու տղաքը, քնանալէն առաջ շատ աղի կարկանդակ կ’ուտեն, որպէսզի գիշերը, երբ շատ ծարաւնան եւ ջուր
խմելու կարիք զգան,
երազի մէջ իրենց ապագայ
կեանքի ընկերը կամ ընկերուհին ջուր հրամցնէ անոնց. այդ ձեւով անոնք կը գուշակեն, թէ որուն հետ պիտի
ամուսնանան մօտ ապագային:
Սարօ - Այդ երազը ամէն երիտասարդ կրնա՞յ տեսնել:
Վիգէն - Չլսեցի՞ր, եթէ շատ աղի բան մը ուտես եւ
պառկիս ըսուեցաւ:
Տիրան - (Շեշտելով հատ հատ) Նաեւ եթէ Ա-ղօ-թե-լով պառկիս:
Արեւ - (Պայուսակէն կը հանէ ԿՈՒՏԱՊԸ): Տղա՛ք, իրականութեան մէջ ՄԻՋԻՆՔ-ը կիներու յատուկ տօն մըն է,
որովհետեւ կիները ցերեկին կը հաւաքուէին, երբ տղամարդիկ աշխատանքի ըլլային: Բայց
այսօր քանի որ բոլորս միասնաբար կը տանինք այս աշխատանքը, հիմա միասին ալ կրնանք
ճաշակել այս համեղ կուտապը: Ուշադրութիւն, մէկ հատ մետաղեայ դրամ մը պահուած է
մէջը. որուն որ ելլէ, ան պիտի ըլլայ այս տարուան բախտաւոր անձը:
(Արեւիկը
զգուշութեամբ կը շերտէ կուտապը եւ կը
բաժնէ: Իւրաքանչիւրը զգուշութեամբ
կը կտրէ իր բաժինը: Բոլորն ալ զարմացած իրարու կը նային` ձեռքերնին մէկական սէնթ
բռնած):
Միաբերան - Այս անգամ ալ
մեր մեծ մաման մեր վրայ խաղ խաղցաւ:
Լարա - Կը նշանակէ, մեծ մաման խտրութիւն չի դներ իր թոռնիկներուն, կ’ուզէ, որ
բոլորն
ալ բախտաւոր զգան:
Խումբով - Բոլորս ալ այս տարուան բախտաւորներն ենք:
Նիւ Եորք, 3 Մարտ, 2006
No comments:
Post a Comment