Search This Blog

Search This Blog

Monday, March 1, 2021

2003- My 2nd Visit to Armenia- Concerns About Eastern-Western Armenian

 

 

ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՏԱՔՈՒԿ ՇՈՒՆՉԸ

Պայմաններու բերումուվ մօտաւորապէս քսան տարիէ չէի կրցած Հայաստան այցելել: Անցնող աշնան բախտն ունեցայ Սեպտեմբեր 19-էն Հոկտեմբեր 10 երկարող ժամանակը անցընելու Հայաստանի մէջ: Ազատ էի: Որեւէ խումբի կամ կազմակերպութեան հետ կապուածութիւն մը չունէի: Բացի մի քանի ընտանեկան յատուկ յայտագիրներէ (հարսանիք, մկրտութիւն եւլն.)` օրը օրին հանդիպումներս ես էի, որ պիտի ծրագրէի:

Առաջին անգամ ըլլալով հայրենիք այցելած էի 1984-ի Օգոստոսին: Հայրենի Մանկավարժական Ինստիտուտի վերապատրաստման դասընթացքներուն հետեւելու համար մէկ ամիսով Մշակութային Կապի Կոմիտէին հիւր էինք 50 երկիրներէ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու խումբով մը: Հնազանդ հիւրերն էինք հիւրասէր եւ հիւրընկալ մեր քոյր-եղբայրներուն: Ուրիշ օրեր էին: Երազային օրեր էին: Սակայն մեր այցելութիւնները ծրագրուած ու սահմանափակ էին: Օրինակ՝ որպէս մանկավարժ՝ շատ կը փափաքէի տեղւոյն մանկավարժներուն ծանօթանալ, դասարաններ այցելել: Հակառակ մեր փափաքին` տարուան այդ ամսուան արձակուրդի ընթացքին բնական էր որ դպրոց, դասարան ու աշակերտ տեսնելը անհնար էր:

Այս այցելութեանս ընթացքին դպրոցներուն հանդէպ իմ ունեցած հետաքրքրութիւնս պիտի կարենայի մասամբ մը գոհացնել. որուն զուգահեռ՝ Երեւանէն դուրս, շրջաններն ու գիւղերը ազատօրէն շրջելու առիթ ալ պիտի ունենայի: Այո՛, շնչասպառ ըլլալու չափ վայելեցի հայրենի հրաշալի բնութիւնը: Ամրան սկիզբը Գալիֆորնիոյ Սանթա Պարպարա շրջանին մէջ էի: Վայր մը, որ իր բարձրաբերձ բլուրներու վրայ բազմած մեծահարուստներու առանձնատներով ամերիկեան ինչ-ինչ գովազդներու կ’արժանանայ: Մինչ աչքերս հայրենի բնութեան յառած կը մնային, անզգալաբար ու ակամայ, մտովի ետ կ’երթայի Սանթա Պարպարա: Շրթներս կ’ըսէին` ինչո՞վ պակաս է հայրենի բնութեան շքեղութիւնը հոնկէ: Ի՜նչ մեղք ունի մեր ժողովուրդը: Ինչո՞ւ լրիւ չենք կրնար զարգացնել ու վայելել մեզի շնորհուած այս գեղեցկութիւնը: Ինչո՞ւ միայն երգերուն մէջ պէտք է երգենք «Հայաստան Երկիր Դրախտավայրը»: Դրախտը իսկապէս որ հո՛ս է, ու ներկա՛յ, Հաղպատի բարձունքին, Գուգարքի, Լոռիի սարերուն, Ալահվերտիի երկփեղկուած քաղաքին հովիտին մէջ ու բարձունքին վրայ, Կարմրաւորի կատարին, Գեղադիրի Արարատին նայող, երեւակայութեան անսահմանութիւն պարգեւող լայնածիր տեսադաշտին մէջ: Ու տակաւին մտածել, թէ տակաւին Ակսէլ Բակունցին Գորիսն ու Զանգեզուրը տեսնելու ժամանակ չեմ ունեցած:

Պտոյտներէն մէկուն վերադարձիս զարմիկս անակնկալ մը պատրաստած էր: Իր բնակարանին մէջ մօտակահ վարժարանէ մը երկու հայերէնի ուսուցիչներ զիս կը սպասէին: Դպրոցներ այցելելու հետաքրքրութիւնս գոհացնելու համար դասաւորած էր, որ անոնք այցելեն մեզի: Շատ զարգացած, ընդհանուր գիտելիքներու հարուստ պաշարով, վաստակ ունեցող մանկավարժներ էին: Խօսքը հասաւ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի գործածութեան: Ուզեցի գիտնալ թէ որքանով կը տարբերի ազատ Հայաստանի հայրենի վարժարաններէն ներս հայերէն լեզուի դասընթացքները: Սովետական կարգերու ժամանակ կեանքի մէջ «յաջողելու» համար ծնողներ ռուսական թեքումով դպրոցներ կը ղրկէին` երեխան զրկելով մայրենի լեզուամտածողութեան զարգացման իրաւունքէն: Իսկ հիմա՞: Մասնաւոր ջանք կը տարուէ՞ր արդեօք դպրոցական տարիքի աշակերտներուն արեւմտահայ ու արեւելահայ գրականութիւնը որոշ չափով միասնաբար ծանօթացնելու: Խօսակցութիւնը հասաւ վերջերս մամուլի մէջ երեւցող վիճաբանութեան, Մեսրոպեան ուղղագրութեան եւլն.:

- Դէ՛, լաւ էլի՛, ձեր մօտ ո՞վ է խօսում հայերէն: Ընդունէ՜ք, որ ի վերջոյ արեւմտահայերէնը ապագայ չունի: Շատ-շատ երեւի մի քսան-երեսուն տարուայ կեանք ունենայ: Աւելի լաւ չէ՞ միանգամից երեխաներին Մեր լեզուն սովորացնէք:

- Օ՜, ուրեմն՝ արդէն «Մեր» եւ «Ձեր»ի հասա՞ծ էինք:

Մեր լեզուն եւ Ձեր լեզուն է՞ր հիմա հարցը: Հապա ի՞նչ ընել Հայաստանի՛ մէջ հայերէ՛ն չգիտցող-չխօսող հայերը:

Իր կողմէ հարցը մրցակցութեան եւ յաղթական-պարտական ելլելու մասին էր եւ ոչ թէ նոր ծլող-ծլարձակող աշակերտին հայերէն լեզուի անուշութեան տարբերակները համտեսել տալու մասին: Զարմիկս անյարմար զգաց, որ մեր խօսակցութեան նիւթը հոն հասած էր: Մէկ խօսքով, ըստ այս հայերէն լեզուի դասատուին, արեւմտահայերէնը մահամերձ մըն էր` կից մը տալով հոգեհանգիստ կարդալու վիճակուած:

Աշակերտին լեզուամտածողութեան ճկունութիւն տալու համար, իւրաքանչիւր հայ մանկավարժի պարտականութիւնն է լեզուի տարբերակները –ներառեալ գրաբարը- համտեսել տալ ու հայ աշակերտին փոքր տարիքէն ծանօթացնել մեր գրական աշխարհի մեծերուն գործերը: Եթե մանկավարժները իրենք այդ ճկունութիւնը չունին, ինչպէ՞ս կարելի է սպասել, որ աշակերտը ինքնիրեն զարգացնէ զայն: Ինչպէ՞ս աստիճանաբար նոր հասակ առնող սերունդներ զիրար պիտի ճանչնան ու հասկնան: Ինչպէ՞ս հասուն հայը ժամանակի հոլովոյթին հետ պիտի կարենայ բնականօրէն ու գիտակցաբար կողմնորոշուիլ: Եւ մի գուցէ. Միանգամ ընդմիշդ լուծէ լեզուային հարցը:

Բարեբախտաբար հայրենի այցելութիւնս միայն այս հանդիպումով պիտի չվերջանար:

Մի քանի յաջորդական հանդիպումներ բոլորովին պիտի շրջէին տրամադրութիւնս: Արարատ մարզի երկու տասնամեայ դպրոցներ այցելելու առիթ ունեցայ: Մին՝ Այնթապի Բիւզանդ Մարգարեանի Թիւ 2 միջնակարգ դպրոցն էր` 850 աշակերտներով եւ 60 անդամի հասնող ուսուցչական կազմով: Երկրորդը նոյն շրջանին մէջ Զօրավար Արամ Գարամանուկեանին եւ իր համեստափայլ տիկնոջ Յասմիկ Գարամանուկեանին անունով դպրոցն էր` 450 աշակերտներով ու 40-ի չափ ուսուցչական կազմով: Տեղաբնակներուն լեզուով՝ «պէյրութահայերուն» դպրոցը գացի: Տնօրէնուհի Ալվարդ Սահակեանի եւ ուսմասվար պատմագէտ Տիգրան Պետրոսեանի հովանաւորութեամբ առիթ տրուեցաւ երկխօսութիւն ունենալու Մարգարեան դպրոցի ուսուցչական կազմին հետ: Առանց ծրագրելու կազմակերպուած հանդիպումս` մէկ ժամէն աւելի տեւող հարց ու պատասխանով չնախատեսուած երկխօսութիւն մը եղաւ: Հարցերը բազմազան էին, սորվիլ չուզող աշակերտը խանդավառելու ձեւերէն մինչեւ ծնողները դաստիարակելու պարտականութիւնը ուսուցչին, եւ անշուշտ, բաղդատութիւնները Ամերիկայի ընդհանուր եւ հայ վարժարաններուն հետ: Մի քանի դասարաններէն ներս աշակերտներուն հետ ծանօթութիւնս բոլորովին ուրիշ տեսակ հոգեպարար ջերմութեամբ լեցուցին հոգիս: Հրաշքներ կրնան գործել մեր հայրենի մանկավարժները: Այո՛, դասարաններուն մէջ Տէրեանի ու Չարենցի զուգահեռ՝ Դանիէլ Վարուժան ու Միսաք Մեծարենց կը դասաւանդուէր հո՛ն: Ազատօրէն հայոց պատմութիւն կը դասաւանդուէր: Ի՜նչ շռայլութիւն է այս մէկը սփիւռքահայ մանկավարժին համար:

Հոկտեմբերի սկզբին, վերամուտէն միայն մէկ ամիս վերջ, վեց տարեկան առաջին դասարանցի Ռուբինային երկարաշունչ արտասանութիւնը (Թումանեանի «Շունն ու Կատուն» էր, անշուշտ արեւելահայերէն) ափիբերան թողուց զիս: Բարձրագոյն դասարանցիներէն հայոց պատմութեան, հայ դատի վերաբերող հարցերուն պատասխանները պարզապէս սքանչելի էին: Երբ մենք, մանաւանդ՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափին, ոչ միայն կը չարչարուինք «խ» եւ «ղ» ձայները ճիշդ արտասանել տալու աշխատանքին մէջ, այլ հարկ կ’ըլլայ նաեւ ծնողներուն բացատրել, թէ գեղագիտական ճաշակ ու երեւակայութիւն կը զարգացնէ բանաստեղծութիւն սորվիլն ու արտասանելը: Երբ Հայաստանի մէջ առաջին դասարանցիին բերնէն մայրենին հեզասահ առոգանութեամբ կը գլգլայ, Ամերիկայի մէջ տակաւին կը վիճին թէ (նոյնիսկ անգլերէնով) որոշելու համար, թէ ճի՞շդ է այդքան «ծանրաբեռնել» դպրոցական երախան:

Ուրիշ երկու առիթներով բախտաւորութիւնը ունեցայ նաեւ «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կեդրոնը այցելելու: Հիացած էի այնտեղ կատարուող Սփիւռք-հայրենիք անջրպետը կամրջող երախտաշատ աշխատանքին` բանասիրական գիտութիւններու Դոկտոր, Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի տնօրէնութեամբ:

Այցերէս մին լսարանային դասախօսութեան ներկայ ըլլալն էր: Հոգեկան անբացատրելի բաւարարութեամբ, թէեւ մէկ դասապահով միայն, Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի 5-րդ լսարանէն ներս երեք ժամով ուսանողուհի դարձայ: Ունկնդրեցի դասախօս Փրոֆ. Ս. Դանիէլեանին (նիւթը Վահան Թէքէեանի 125-ամեակին նուիրուած շարքին երկրորդ մասն էր): Բառ առ բառ, միտք առ միտք Փրոֆ. Դանիէլեան տարաւ մեզ Թէքէեանի գործերուն: Խորաթափանց քննարկումով մէկ առ մէկ լուսաբանուեցան «Ահաւոր Բան մը Այնտեղ»ը: «Պիտի Իյնաս»էն, անցանք «Սրբազան Ըմբոստութեան» ու «Յարութեան Ձայն»ին, հասնելու համար… «Մահուան տաղեր»ով փիլիսոփայ երգիչին գործերուն ու ապրելու յամառութեան ու միամտութեան մէջ տուայտող «Հայու Հոգիին»: Իրաւա՛մբ, Թէքէեանի բարձրագոչ յայտարարութեամբ եկանք համոզուելու թէ՝ «Ցե՜խն ալ, կ’ըսեմ, զայն աղտոտել չի կրնար»:

Դուրս ելայ լսարանէն` ականջներուս մէջ քիչ առաջուայ արեւելահայ երիտասարդ ուսանողին շրթներէն արտասանուած Թէքէեանի խօսքերը.

Ներէ որ քէն ըրի… ու դեռ տաք չեմ բոլորովին…:

Ինչպէ՞ս թաղել այս բոլորը:

Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի հրաւէրով ներկայ եղայ նաեւ Սեպտեմբեր 30, 2003-ին Երեւանի Հայաստանի Գրողներու Միութեան տան մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցած Շահան Շահնուրի նուիրուած գրական ձեռնարկին: Այդ օր, վաստակաւոր դասախօսներու շարքին, լսեցինք նաեւ երիտասարդութեան ձայնը՝ շնորհիւ Լուսինէ Մինասեանի «Շահնուրն այսպէս...» վերնագրով ելոյթին:

Երիտասարդ ուսանողներու հետ հանդիպումով մը ուրախութեամբ իմացայ, թէ Փրոֆ. Դանիէլեանի աւարտական դասարանէն մէկ այլ փայլուն ուսանողուհի` Լուսինէ Տօնոյեանը իր աւարտական թեզը կը պատրաստէ Վազգէն Շուշանեանի գործերըուսումնասիրելով` «Կանայք Վազգէն Շուշանեանի Ստեղծագործութիւններում»  ընդհանուր խորագրի տակ:

Այո՛, մեծ շռայլութիւն էր ինծի համար երեք շաբաթ ազատ ըլլալ Ազատ, Անկախ Հայաստանիս մէջ ուզած տեղս երթալու: Իսկ ամէնէն կարեւորը հայրենի մեր քոյր- եղբայրներուն ազատ մտածողութեանց տարբերակներուն վերահասու ըլլալն էր:

Մահամերձ արեւմտահայու զգացողութենէն զիս դուրս հանողն ու խանդավառողը լայնախոհ հայրենի մանկավարժներու շունչին տակ հասակ առնող գիտակից երիտասարդութեան հոգի ջերմացնող ձա՛յնն էր, անկասկա՛ծ:

 

Նիւ Եորք, 30 Դեկտեմբեր, 2003

No comments:

Post a Comment

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...