ԵՍ ՅՂԻ ԵՄ
Հաւատացէք, իմ
մասիս չէ, որ կը խօսիմ: Թոռնիկ ունենալու յոյսով շատ շատո՜նց այդ պարտականութիւնը իմ
զաւակներուս փոխանցած եմ: «Թոռնիկի պէս
անուշ բան չկայ այս աշխարհիս մէջ»,- կը հաստատեն շուրջիններս: Այդ
անուշութիւնը վայելելու յոյսով այնքան տղոցս գլուխը ցաւցուցած էի «աղջիկ պէպէք մը կ’ուզեմ» ըսելով, որ մի
քանի տարի առաջ, առաջին թոռնիկս ծնելէն շատ առաջ, զիս ուրախացնելու համար տղաքս
խօսքը մէկ ըրած տարեդարձիս պուպրիկ մը նուիրեր էին ինծի:
Այո՛, բոլորովին ալ նպատակ չունիմ իմ մասիս խօսելու: Այս առաւօտ երբ
ձայնասփիւռէն կրկին ձիւնի փոթորիկին մասին կը խօսէին, ճշգրիտ ու վստահելի
օդերեւութաբան մը գտնելու յոյսով հեռատեսիլին գացի եւ սկսայ արագ-արագ մէկ կայանէն
միւսը ցատկռտել: Յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեց ամբողջ պաստառը գրաւող գունաւոր,
բաւական խոշոր գիրերով անգլերէն սա յայտարարութիւնը:
«Ճիմի, այ էմ փրէկնընթ» - Ճիմի՛, յղի՛ եմ:
Մատս սառեցաւ կոճակին վրայ: Ալ հոն կեցայ: Պարզուեցաւ որ յղութիւն հաստատող
քննութեան մը նորագոյն ձեւը ծանօթացնող ռեկլամ-յայտարարութիւնը չէր: Որովհետեւ
նկարը հետզհետէ պաստառէն հեռանալով պզտիկցաւ, եւ պաստառը բռնող դէմքը տեսնուեցաւ:
Ուրախութենէն ճառագայթող սիրուն դէմքով,
հազիւ երեսունը թեւակոխած երիտասարդուհի մըն էր: Էն-Պի-Սի հեռատեսիլի
կայանին Ռոքըֆէլլըր կեդրոնէն հաղորդուող «Այսօր Նիւ Եորք» յայտագրին շուրջ
հաւաքուող զբօսաշրջիկներէն մին էր: Մէնհէթընի կեդրոնական այդ շրջանին մէջ,
չմշկողներու յատուկ կեդրոնով, ամէն Դեկտեմբերին հսկայ Կաղանդի ծառը հիւրընկալող
վայրով, աշխարհի բոլոր երկիրներուն դրօշակները ծածանիլ տուող Նիւ Եորքեան այդ
թաղամասը զբօսաշրջիկներուն ամէնէն սիրած վայրերէն մին է: Մանաւանդ՝ նկատի առնելով
ճարտարապետական կոթող համարուող Սէնթ Փաթրիքի նման տաճարի մը դրացնութիւնը եւ Սաքս
Ֆիֆթ Էվընիւի (Saks 5th Avenue) նման
նշանաւոր ցուցանիշով քովնտի վաճառատուներուն ներկայութիւնը: Առաւօտեան ժամը եօթէն
մինչեւ տասը այդ վայրը ինքնաշարժի երթեւեկը արգիլուած մի քանի շրջակայ փողոցներուն
հետ տարուան 365 օրերուն ընթացքին զբօսաշրջիկներով կը վխտայ: Ընդհանրապէս
հետաքրքրասէրներու մեծ խումբեր հոն հաւաքուած կ’ըլլան, նշանաւոր դերասաններու,
երգիչներու, հեռատեսիլի կայանի նշանաւոր խօսնակներու հանդիպելու եւ հեռատեսիլէն
տեսնուելու յոյսով: Նիւ Եորքի ամէնէն խիստ ձմեռներէն մէկուն, զէրոյէն վար
ջերմաստիճանով այդ օրուան սառնամանիքին սաստիկ ցուրտն անգամ չէր վախցուցած այդքան
մեծ թիւով ներկայութիւն ապահովելու բացօթեայ այդ շրջափակին մէջ, եւ այդքա՛ն կանուխ
ժամուն: Շատեր կային զանազան ցուցանակներ բռնած, ինչպէս սովոր է, սակայն՝
հեռատեսիլին ոսպնեակը այդ պահուն կեդրոնացած էր այս յայտարարութեան վրայ:
Անշուշտ միայն ես չէի նոյն յայտարարութիւնը կարդացողը: Ինծի հետ այդ պահո՛ւն,
նոյն կայանը դիտող հաւանաբար միլիոնաւոր մարդիկ կային: Բայց ես մինչեւ ականջներս
կարմրեցայ: Կարծեցի, որ սկեսրայր հայրս եւ սկեսուր մայրս ինծի հետ էին, նո՛յն
սենեակին մէջ:
Ի՜նչ մեղքս պահեմ, իմ երիտասարդ օրերս յիշեցի: Որո՞ւն լեզուին ինկած էր նման յայտարարութիւն
նոյնիսկ շշուկով ընել կամ յղութեան սկզբնական շրջանի վեց-եօթը ամիսէն առաջ
բարձրաձայն խօսիլ այդ մասին: Արդէն անկէ ետք պահել անգամ ուզէիր, չէիր կրնար,
որքան ալ լայն հագուստ հագնէիր կամ «քիչ մը
գիրցած եմ» ըսելով բաներ մը յարմարցնելով ինքզինքդ արդարացնել փորձէիր: Արդէն «փորձառուները» աչքերէդ կը հասկնային,
առանց խօսքի մեղսակցաբար կը ժպտէին եւ իրարու կը փսփսային. «Մեր տղուն ջուրը եկեր է հարսին, գահաժառանգը կու գայ կոր… յայտնի է, տղայ
պիտի ըլլայ»: Ամէն ինչ փսփսուքով կ’ըլլար:
Այդքան միայն: Վերջակէտ:
Երբ խօսնակը դառնալով յղութիւնը յայտարարող կնոջ հարցուց, թէ ո՞ւր էր Ճիմին,
երիտասարդուհին միեւնոյն ճառագայթող ժպիտով հանգիստ կերպով պատասխանեց, թէ Ճիմին
ուրիշ նահանգ կը գտնուէր այդ պահուն, եւ
թէ ինք իր ընկերուհիներուն հետ Նիւ Եորք այցելութեան եկած էր եւ… ի՜նչ ուրախութիւն
այդ առաւօտուն երկո՛ւ անգամ մէզի քննութիւն կատարելէ ետք ալ հաստա՛տ գիտէր թէ յղի
էր:
Խօսնակը, հեռատեսիլ դիտողներուս դառնալով, ըսաւ.
- Ամէն բանի ականատես եղած էի, հաւատացէ՛ք, այս մէկը առաջին անգամն է որ կը
լսէի:
Ապա դառնալով մանկամարդուհիին ըսաւ.
- Յուսամ, Ճիմին գիտէ արդէն եւ մեզի հետ առաջին անգամ ըլլալով այս պաստառէն չէ
որ կը լսէ իր հայրանալը…:
Ուրեմն՝ արմանք-զարմանք մնացողը միայն ես չէի:
Սովորական երեւոյթ է առտուան այս հաղորդումներու ընթացքին նման իւրայատուկ
յայտարարութիւններ տեսնել պաստառի վրայ: Մէկը միւսին ամուսնութեան կամ ծննդեան
տարեդարձը կը շնորհաւորէ: Կենդանիներուն նկարը կը բռնեն, սիրտ մը կը գծեն, «կը սիրեմ քեզ» մըն ալ քովիկը կ’աւելցնեն՝
տունը մնացած շան կամ կատուին կարօտին չդիմանալով: Յաճախ նաեւ հանդիպած ենք, որ
սիրահարուած զոյգեր, իրենց սէրը աշխարհով մէկ յայտարարելու բուռն ցանկութեամբ, այս
տեսակ պահեր կ’որսան եւ տեղւոյն վրայ ծունկի գալով «կը սիրեմ քեզ, կ’ուզեմ որ կինս ըլլաս, կ’ամուսնանա՞ս ինծի հետ» կը բացականչեն:
Ադամանդակուռ մատանին կը մօտեցնեն սիրեցեալին դէմքին ու սրտի տրոփով ու անհամբեր
արտորանքով մը պատասխանի կը սպասեն, որպէսզի ոսպնեակին ուշադրութենէն չփախի այդ
երկա՜ր սպասուած, խելագարօրէն կրկնուող «այո»ներու շարանը: Միայն Աստուած ու
սիրահար տղան գիտեն թէ յաւերժութեան գիրկը իյնալու երազով քանի՜ քանի անքուն
գիշերներ լուսցուցած եւ նիւթական ինչ զոհողութիւններու ենթարկուած է ակնթարթային
այդ պահը ծրագրելու համար երջանիկ սիրահարը:
Յամենայն դէպս, նմանօրինակ յայտարարութիւններ սովորական դարձած բաներ են:
Սակայն «Ես յղի եմ» յայտարարել ամբողջ աշխարհի՞ն: Չէ՛, այս մէկը առաջին
անգամն էր որ կը լսէինք:
Է՜, մեր ատենը ամէն բան ուրիշ էր: Ժամանակները որքա՜ն փոխուած են: Ամօթ կար,
յարգանք կար: Բան մը եւս կրնա՞մ
խոստովանիլ: Այս խօսքերովս հետզհետէ որքան ես իմ մեծ մօրս կը յիշեցնեմ:
Մոռցայ օդերեւութաբանն ալ, շաբթուան ջերմաստիճանի չափերն ալ: Հարցումներու
տեղատարափ մըն է որ սկսաւ խճողուիլ գլխուս մէջս:
Աշխարհ գալիք շնչաւոր մարդ էակի մը աւետումը ինչո՞ւ նոյն խանդավառութեամբ ու
գուրգուրանքով չի շարունակուիր:
Մտքով մեր թաղերէն սկսելով կը հասնիմ մինչեւ Մէնհէթըն: Քանինե՜ր սա պահուս
ձերբազատուիլ կ’ուզեն տակաւին աշխարհին լոյսը չտեսած ծիլերէն: Քանի՜ քանի
մանուկներ հիմա սա պահուս իրենց տաքուկ անկողնէն հանուելով իրենց հօրը կամ մօրը
հետ «Պէյպի Սիթըրին» տունը կը վազեն:
Քանինե՞ր կը տրուին գիրկը այնպիսի հոգատարներու, որոնք բոլորովին տարբեր են իրենց
խնամակալներէն՝ թէ՛ մշակոյթով, թէ՛ գոյնով եւ թէ՛ լեզուներով: Որքան սովորական
երեւոյթ է տեսնել Կեդրոնական Ամերիկայէն կամ կղզիներէն յատկապէս բերուած
խնամակալներու յանձնուած երեխաներ, որոնք իրենց հարազատ մօրն ու հօրը տեսնելու
համար չես գիտեր քսանչորս ժամուան ո՞ր ժամուն պէտք է սպասեն այդ պահիկը վայելելու
համար, ծնողքին հետ «քուալիթի թայմ-որակաւոր պահ» մը ապրելու շնորհին արժանանալու
համար:
Կը մտածեմ ծնած այն երեխաներուն մասին, որոնք երեսի վրայ ձգուած են նոյն ինքն
զիրենք ծնող մայրերուն կողմէ, որովհետեւ անոնք կա՛մ գինեմոլ են, կա՛մ թմրեցուցիչի
գերի:
Կը մտածեմ այն մանուկներուն մասին, որոնք Մայքըլ Ճէքսընի պէս մարդոց քմահաճ «ծնողական»
խնամքին ենթակայ են:
Կը մտածեմ բոլոր այն ծնելիք երեխաներուն մասին, որոնք ծախու սերմով վարձու
արգանդի մը ներարկուելով կը ծնին, ի վերջոյ յանձնուելու համար դրամը
մատակարարողին:
Կը մտածեմ անզաւակ զոյգերուն մասին, որոնք ինչ ինչ նիւթական զոհողութիւններով
զաւակ կ’որդեգրեն,
որդեգրութեան գրասենեակին ամէնէն խիստ քննութիւններէն հլու հնազանդ կը հետեւին,
բծախնդրօրէն կը գործադրեն բոլոր ըսուածները եւ լիուլի կ’ամբողջացնեն պարտադրուած
պահանջները:
Ինչո՞ւ որդեգրումի համար սահմանուած միեւնոյն խիստ օրէնքներուն ենթակայ չըլլան
բոլոր անոնք, որոնք ծնողք ըլլալ կը փափաքին` վստահեցնելու եւ փաստելու համար, թէ
պատրաստ են ու արժանի՛ ծնողք ըլլալու:
Տակաւին, սրտի ուրիշ տեսակ կծկումով մը կը մտածեմ նմանօրինակ սպասումներով
աշխարհ եկած, սնած-մեծցած հարիւր հազարաւոր երիտասարդ-երիտասարդուհիներու մասին:
Երիտասարդներ, որոնք իրենց ծնողներուն համար իսկ անծանօթ հեռաւոր վայրերը կը
ղրկուին, մի քանի տասնեակ ղեկավարներու շահադիտական նկատառումով առնուած որոշումին
հլու եւ հնազանդ՝ «աշխարհին խաղաղութիւնը
պահպանելու» կոյր կամ ներարկուած համոզուածութեամբ:
Ինչո՞ւ մէկուն կեանքը այդքա՜ն
աժան է միւսին համար:
Կը պատկերացնեմ այդ երիտասարդներուն մայրերը, որոնք վստահօրէն ժամանակին երբ
իրենց մէզին քննութիւնը հաստատած էր թէ արգանդէն ներս սրտիկ մը սկսած էր բաբախել,
նոյն հպարտ շողշողացող ժպիտով եւ միեւնոյն խանդավառ, բարձրաղաղակ յայտարարութեամբ
աշխարհին աւետած էին իրենց ուրախութիւնը գոչելով՝
«Ես Յղի եմ»:
Պրուքլին,
Նիւ Եորք, 10 Փետրուար, 2003
«Մարմարա»,
19 Փետրուար, 2003, Չորեքշաբթի
No comments:
Post a Comment