Կրթասիրացէն Յուշ մը
Զարմինէ Պօղոսեան
1970-ականի
սկիզբներուն որպէս նախապատրաստական աշխատանք վարժարանին 50-ամեակին առթիւ Պարոն Գրիգոր
Պօղարեանէն խնդրուած էր Վարժարանին պատմականը գրել: Այդ օրերուն որպէս Վարչութեան ատենադպրուհի
եւ Յուշամատեանի Յանձնախումբի անդամ ինծի յանձնուեցաւ Պարոն Գր. Պօղարեանի ձեռագիր
էջերը: Անոնք գրուած էին հին աշակերտական թուղթերուն կամ այլ նամակներու ետեւի էջերուն
վրայ....
Անոնք
որոնք ծանօթ են Պրն. Պօղարեանին ձեռագրին կրնան հասկնալ իմ աշխատանքիս տարողութիւնը:
Այդ օրերուն ոչ Հայերէն գրամեքենայ ունէի .. անշուշտ համակարգիչի խօսքն անգամ գոյութիւն
չունէր- ուրեմն այդ մանր-մանր գիրերը ձեռագիրովս տիւրընթեռնելի դարձնելով հաւաքեցի:
Շրջանաւարտական նկարները հաւաքեցինք- Պարոն Յակոբ Քիւրքճեանը –խնամակալ մարմնի անդամ
եւ երէց շրջանաւարտներու ծանօթ- մեծապէս օգնեց անունները արձանագրելու իւրաքանչիւր
նկարին հետ:
Գրեթէ
բոլոր նիւթերը պատրաստ էին եւ համաձայնութիւն գոյացած՝ Պէյրութի Խայամ տպարանին հետ
– բաւական մեծ գումարով – կարծեմ 10 հազար այդ օրերուն- վճառուած էր թուղթը գնելու
համար- 1975-ի լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հրոյ ճարակ եղաւ տպարանը – շէնքը-
-ւ անշուշտ Կրթասիրացի Յիսնամեակի մեր խանդավառութիւնը յուսախաբութեան հասաւ:
Այս տխուր լուրին յաջորդեց -1976-ին, այս բոլոր աշխատանքներուն
մղիչ ուժ Պարոն Եղեա Ատուրեան եւ ընտանիքին Միացեալ Նահանգներ փոխադրուիլը:
Իսկ
1978-ին իմ եւ ընտանիքիս փոխադրուիլը:
Սակայն,
մեր փոխադրուելէն շատ առաջ որքան որ նօթեր, գրութիւններ, նամակներ ունէի հսկայ թղթապանակով
մը յանձեցի Կրթասիրացի օրուան վարչութեան:
Ինչպէս նաեւ - Հայերէն լեզուի ուսուցիչիս եւ Գեղարդ
Հալէպահայ Կեանքի Տարեգիրքի խմբագիր- Պարոն
Հայկ Պարիկեանին քաջալերանքով եւ հետապնդումներով- մինչեւ այդ օր իմ քովս եղած նիւթերը ամփոփելով համառօտ պատմականը գրեցի Կրթասիրաց Միութեան եւ
Համանուն Վարժարանին:
Ինչ
որ լոյս տեսաւ այդ օրերուն: Տես՝ Գեղարդ-
1976-1978 Միացեալ թիւ- Բ. գիրք էջ- 405-418
Շատ
ուրախ եմ որ մեր վարչական կազմին սկսած գործը յաջողեցաւ տասնամեակ մը վերջ, երբ
60-ամեակի յուշամատեանը լոյս տեսաւ Տքթ. Թորոս Թորանեանի խմբագրութեամբ:
No comments:
Post a Comment