Անուշապուր - Գրեց՝ Զահրատ
Կաղանդ Պապա մը գար
Նուէրներ բերէր
Տար տա՜ր չհատնէր
Նուէրներ բերէր
Տար տա՜ր չհատնէր
Ծառ մը բարձրանար
Թիզ թիզ-օրէ օր- Երկինք չհասնէր
Թիզ թիզ-օրէ օր- Երկինք չհասնէր
Ինչ որ կեանք կ´ըսենք
Անուշապուր մը ըլլար-ուտէինք-
Կեր կեր- չհատնէր . . .
Անուշապուր մը ըլլար-ուտէինք-
Կեր կեր- չհատնէր . . .
No comments:
Post a Comment