ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌ
Զահրատ
Որպէսզի կաղանդ տօնենք,
Տեւական,
Ուր որ գացինք,
Ուր որ գաղթեցինք,
Մեզի հետ
Մեր ծառն ալ տարինք:
Թէ մարեցաւ մոմերէն մին,
Տեղը չորս մոմ վառեցինք:
Թէ խաղալիք մը կոտրեցաւ:
Կամ ժապաւէն մը փրթաւ,
Տեղը միշտ նորը դրինք:
Արմատները ե՞րբ չորցան,
Ոստերուն մէջ աւիշը ե՞րբ
Ցամքեցաւ
Եւ հիմա ծառը աւելի շքեղ,
Թէպէտ շողշողուն,
Սակայն մերը չէ ալ:
No comments:
Post a Comment