Search This Blog

Search This Blog

Saturday, July 29, 2023

ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ... ԷԼԻ ՄԷԿ ԶՈՀ,Zarmine_2008 Article Published in Mrmara and book

 

ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ... ԷԼԻ ՄԷԿ ԶՈՀ

            («Սահմանում զինուորական է զոհուել»)

Քանի՜ քանի անգամներ լուրերէն, հեռատեսիլէն, թերթերէն կամ կայքէջէն հանդիպած ենք նման նախադասութեան: Իրաքէն Սուտան, Հնդկաստանէն Ինտոնեզիա, ու հոս մեր կողմն աշխարհի դեռ վերջերս բնութեան պատճառած աղէտին հետեւանքով ինչ ինչ կորուստներ թիւերով միայն կը յայտարարուին:

Շատ շատ զոհուածներուն անունն ու տարիքը կը յիշուին: Աղէտին պատկերնե՞րը... բնականաբար մեզ կը յուզեն ժամանակաւորապէս:

Եւ... վե՛րջ:

Պահ մը ահաւոր լուրին հետ անդրադառնալ կը փորձենք զոհուողին անփոխարինելի կորուստին մասին: Ապա բնական հունով շարունակելի մեր կեանքին վերադառնալով ու մանաւանդ՝ զոհին անմիջական հարազատներուն զգալիք ցաւին, ծովացած վշտի խորութեան վրայ թերեւս պա՛հ մը միայն, գուցէ եւ քիչ մը աւելի դանդաղելէ ետք, կ՛անցնինք մեր առօրեային:

«Կեանքը կը շարունակուի, պիտի շարունակուի»,– կը կրկնենք մեր շուրջիններուն հետ տեսակ մը արդարացումով...

Այդպէս չէ սակայն, երբ ենթական եւ ենթակային պարագաները ինչ-որ ձեւով կապ ունին քեզի հետ, քու հարազատներուդ հետ:

Վերի չակերտուած նախադասութիւնը Մայիս 29-ին կարդացի հայրենի «Ազգ» օրաթերթի կայքէջէն: Հայաստանի Նոյեմբերեան շրջանի սահմանապահ երիտասարդ մը՝ միմիայն քսանմէկ տարեկան զինծառայող մը – 1985-ի ծնունդ երիտասարդ մը – թշնամիին արձակած կրակոցէն կրծքավանդակի հրազէնային վնասուածք կը ստանայ եւ Նոյեմբերեանի հիւանդանոց փոխադրուելու ճանապարհին հոգին կ’աւանդէ:

Պարոյր Սեւակի խօսքը ականջիս արաձագանգելու կը սկսի: «Մեր արեան մի գնդիկն անգամ...» ուրիշ արժէք ունի, անգնահատելիօրէն թանկագին է:

Ինչպէ՞ս թէ կրծքավանդակի վնասուածք:

Ինչո՞ւ սահմանապահ հայ զինուորը փափուշտարգել բաճկոնակ չունենայ:

Օրէ օր տեղեկութիւններս զոհին մասին աւելցան: Գերազանցիկ ուսանող: Համալսարանաւարտ: Բարձրագոյն ուսման համար գիւղէն Երեւան գացած ու վերադարձած՝ իր գիւղին ու հայրենի հողին ծառայելու նպատակով: Ուսուցչուհի մայրն ու բժիշկ հայրը ի՜նչ մեծ հաւատքով ու զոհողութեամբ Երեւանի կեցութեան ծախսերը հոգացած էին, որպէսզի իրենց անդրանիկ որդին համալսարանական կրթութեամբ գիւղ վերադառնայ դարձեա՛լ ծառայելու հայրենիքին, ի՛ր ծննդավայրին մէջ:

Զոհուած զինուորին հայրը – եթէ ուզէր – յարգուած բժիշկի հանգամանքով միգուցէ յաջողէր «մի բան ձեւակերպել» զաւկին գէթ սահմանային ծառայութենէն ազատելու համար, սակայն հողին կապուած հայրենասէր հայուն արժանապատուութեան խոտոր կը համեմատէր նման մտածելակերպն անգամ:

Իսկ զոհուած զինուորին ալեւոր ութսունամեայ մեծ հայրիկը իր անդրանիկ թոռնիկին դամբանական որպէս, երբ բաժակ կը բարձրացնէր իրենց շուրջ հաւաքուած հարիւրաւոր վշտակից հայ գիւղացիներուն, թոռնիկին զինակիցներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներով շրջապատուած... վիշտը ամփոփելով, իր գերդաստանի շառաւիղին կորուստին կսկիծը իր սրտին խորը խեղդելով, ներկաներուն քաջաբար պատգամելու կորովը ունէր. ․ ․

- Եթէ իմ որդին բանակ չգնայ, եթէ իմ թոռնիկը իր կեանքը չվտանգէ, էլ ո՞վ կը պաշտպանի մեր պապենական այս թանկագին հողը, Մեր Հայրենիքը...   

Հայաստան Մայիս քսանութի խանդավառութեան մէջ, Միացեալ Նահանգներու մէջ բոլոր զոհուածները յարգելու համար նշանակուած Յիշատակ Մեռելոցի շաբաթավերջին ահաւասիկ մէ՛կ հայ զինուորին կորուստը անուն, կերպարանք եւ դէմք ունեցաւ մեզի համար:

Մեր աչքերուն առաջ օրէ օր մեծցող աղուոր մանչուկ, ապա պատանի եւ հուսկ ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի բնագիտութեան վկայականով գերազանցիկ համալսարանաւարտ, հայրենիքի համար զինծառայող աւագ՝ Լեւոն Հմայեակի Ադամեանն է ան:

Այո՛, այո՛, ուրի՜շ տեսակ ցաւ ու խոր կսկիծ կը պատէ քեզ, երբ այդ կորուստը, այդ յայտարարուած թիւը անուն եւ դէմք ունի:

Յարգանքով լսենք այդ լուրերը ու խոնարհինք հաւատքով զոհուածներուն յիշատակին առաջ: Եթէ բնական աղէտներուն հանդէպ անզօր ենք, գէթ որպէս մարդ զգոյշ ըլլանք, խնայե՛նք:

Մարդ արարածը ե՞րբ պիտի կարենայ իր անասնական կիրքերը մարդկայնացնել ու մարդը մարդուն դէմ թշնամութիւնները դադրեցնելով անվերադարձ կորուստներուն վերջ մը դնել:

Մինչ այդ, ի հեճուկս շարք մը շահամոլներու, ահաւասիկ իրաւ հայրենասիրութեամբ տոգորուած, վասն հայրենեաց հաւատքով լի էլի՛ մէկ զոհ:

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան- Նիւ Եորք, 1 Յունիս, 2006

«Մարմարա», 7 Յունիս, 2006, Չորեքշաբթի

Sunday, July 16, 2023

Vartavar_Feast of the Trasfguration of our Lord- Armenian Tradition- Zarmine Boghosian

 

      *** Հայ եկեղեցւոյ օրացոյցին հետեւելով Յուլիս ամսուն կը տօնենք Քրիստոսի Այլակերպութիւնը- Feast of the Transfiguration, որ Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղավարներէն երրորդն է եւ շարժական: Ժողովրդական առումով՝ «Ջուրի Զատիկն է» Վարդավառը: 

*** Այս տօնը կը նշուի Ս. Յարութեան տօնէն 14 շաբաթ կամ՝ 98 օր ետք: Այս տարի (2023) կը նշուի Կիրակի ՝ Յուլիս 16-ին: Հայ ժողովուրդը ըստ աւանդութեան միշտ ալ միաձուլած է կրօնականն ու ազգայինը, հետեւաբար այս տօնին ալ ազգային բնոյթ տալով ճանչցուած է որպէս ՎԱՐԴԱՎԱՌ

*** Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետը այս տօնին կրօնական յիշատակումը կը միացնէ ժողովրդական տօնին՝ հայ դիցուհիներէն Աստղիկի՛ն, որ գեղեցկութեան, ջուրի եւ սիրոյ աստուածուհին էր, համապատասխան՝ յունական Աֆրոտիդէին: Աստղիկի մեհեանին շուրջ կատարուած տօնախմբութիւնները այդպէս կը կոչուէին։    

       *** Ըստ աւանդութեան աղաւնիներ կը թռցնէին, ծաղկեփունջեր կը կազմէին եւ ծառայութեան մէջ գործածուած կենդանիներուն ճակտին վարդափունջեր կը զետեղէին: 

*** Իսկ ընտանեկան շրջանակներու մէջ ալ ուրախ տօնախմբութիւններ տեղի կ’ունենային, շնորհաւորելու ընտանիքի անդամներէն անոնց՝ որ մկրտուած են հետեւեալ անուններով-

***   Վարդգէս, Վարդավառ, Վարդ, Պատրիկ, Ալվարդ, Զարվարդ, Լուսավարդ, Նուարդ, Վարդենի, Պայծառ, Վարդանոյշ, Վարդի, Վարդիթեր, Վարդուհի եւ Վարվառէ:

Thursday, July 13, 2023

Western-Eastern Armenian- Discussion withArmenian Teachers in Yerevan-2003- Zarmine Boghosian

 

ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՏԱՔՈՒԿ ՇՈՒՆՉԸ

Հանդիպում՝ Հայրենի մանկավարժներու հետ եւ զրոյց՝

արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի գործածութեան շուրջ

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ  Կ՛ԱՊՐԻ՞՞

Սեպտ․- Հոկտ․ 2003

            Պայմաններու բերումուվ մօտաւորապէս քսան տարիէ չէի կրցած Հայաստան այցելել: Անցնող աշնան բախտն ունեցայ Սեպտեմբեր 19-էն Հոկտեմբեր 10 եր[1]կարող ժամանակը անցընելու Հայաստանի մէջ:

*** Ազատ էի:

*** Որեւէ խումբի կամ կազմակերպութեան հետ կապուածութիւն մը չունէի: Բացի մի քանի ընտանեկան յատուկ յայտագիրներէ (հարսանիք, մկրտութիւն եւլն.)՝ օրը օրին հանդի[1]պումներս ես էի, որ պիտի ծրագրէի: Առաջին անգամ ըլլալով հայրենիք այցելած էի 1984-ի Օգոստոսին: Հայրենի Մանկավարժական Ինստիտուտի վերապատրաստման դասընթացքներուն հետեւելու համար մէկ ամիսով Մշակութային Կապի Կոմիտէին հիւր էինք 50 երկիրներէ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու խումբով մը: Հնազանդ հիւրերն էինք հիւրասէր եւ հիւրընկալ մեր քոյր-եղբայրներուն:

*** Ուրիշ օրեր էին:

*** Երազային օրեր էին: Սակայն մեր այցելութիւնները ծրագրուած ու սահմանափակ էին: Օրինակ՝ որպէս մանկավարժ՝ շատ կը փափաքէի տեղւոյն մանկավարժներուն ծանօթանալ, դասարաններ այցելել: Հակառակ մեր փափաքին՝ տարուան այդ ամսուան արձակուրդի ընթացքին բնական էր որ դպրոց, դասարան ու աշակերտ տեսնելը անհնար էր: Այս այցելութեանս ընթացքին դպրոցներուն հանդէպ իմ ունեցած հետաքրքրութիւնս պիտի կարենայի մասամբ մը գոհացնել. որուն զուգահեռ՝ Երեւանէն դուրս, շրջաններն ու գիւղերը ազատօրէն շրջելու առիթ ալ պիտի ունենայի:   

            Այո՛, շնչասպառ ըլլալու չափ վայելեցի հայրենի հրաշալի բնութիւնը: Ամրան սկիզբը Գալիֆորնիոյ Սանթա Պարպարա շրջանին մէջ էի: Վայր մը, որ իր բարձրաբերձ բլուրներու վրայ բազմած մեծահարուստներու առանձնատներով ամերիկեան ինչ-ինչ գովազդներու կ’արժանանայ: Մինչ աչքերս հայրենի բնութեան յառած կը մնային, անզգալաբար ու ակամայ, մտովի ետ կ’երթայի Սանթա Պարպարա:

            Շրթներս կ’ըսէին՝ ինչո՞վ պակաս է հայրենի բնութեան շքեղութիւնը հոնկէ: Ի՜նչ մեղք ունի մեր ժողովուրդը: Ինչո՞ւ լրիւ չենք կրնար զարգացնել ու վայելել մեզի շնորհուած այս գեղեցկութիւնը: Ինչո՞ւ միայն երգերուն մէջ պէտք է երգենք «Հայաստան Երկիր Դրախտավայրը»:

Դրախտը իսկապէս որ հո՛ս է, ու ներկա՛յ, Հաղպատի բարձունքին, Գուգարքի, Լոռիի սարերուն, Ալահվերտիի երկփեղկուած քաղաքին հովիտին մէջ ու բարձունքին վրայ, Կարմրաւորի կատարին, Գեղադիրի Արարատին նայող, երեւակայութեան անսահմանութիւն պարգեւող լայնածիր տեսադաշտին մէջ:

Ու տակաւին մտածել, թէ տակաւին Ակսել Բակունցին Գորիսն ու Զանգեզուրը տեսնելու ժամանակ չեմ ունեցած:

Պտոյտներէն մէկուն վերադարձիս զարմիկս անակնկալ մը պատրաստած էր: Իր բնակարանին մէջ մօտակահ վարժարանէ մը երկու հայերէն լեզուի ուսուցիչներ զիս կը սպասէին: Դպրոցներ այցելելու հետաքրքրութիւնս գոհացնելու համար դասաւորած էր, որ անոնք այցելեն մեզի: Շատ զարգացած, ընդհանուր գիտելիքներու հարուստ պաշարով, վաստակ ունեցող մանկավարժներ էին:

Խօսքը հասաւ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի գործածութեան: Ուզեցի գիտնալ թէ որքանով կը տարբերի ազատ Հայաստանի հայրենի վարժարաններէն ներս հայերէն լեզուի դասընթացքները: Սովետական կարգերու ժամանակ կեանքի մէջ «յաջողելու» համար ծնողներ ռուսական թեքումով դպրոցներ կը ղրկէին՝ երեխան զրկելով մայրենի լեզուամտածողութեան զարգացման իրաւունքէն:

Իսկ հիմա՞:

Մասնաւոր ջանք կը տարուէ՞ր արդեօք դպրոցական տարիքի աշակերտներուն արեւմտահայ ու արեւելահայ գրականութիւնը որոշ չափով միասնաբար ծանօթացնելու: Խօսակցութիւնը հասաւ վերջերս մամուլի մէջ երեւցող վիճաբանութեան, Մեսրոպեան ուղղագրութեան եւլն.:

            -Դէ՛, լաւ էլի՛, ձեր մօտ ո՞վ է խօսում հայերէն: Ընդունէ՜ք, որ ի վերջոյ արեւմտահայերէնը ապագայ չունի: Շատ-շատ երեւի մի քսան-երեսուն տարուայ կեանք ունենայ: Աւելի լաւ չէ՞ միանգամից երեխաներին Մեր լեզուն սովորացնէք:

– Օ՜, ուրեմն՝ արդէն «Մեր» եւ «Ձեր»ի հասա՞ծ էինք:

Մեր լեզուն եւ Ձեր լեզուն է՞ր հիմա հարցը: Հապա ի՞նչ ընել Հայաստանի՛ մէջ հայերէ՛ն չգիտցող-չխօսող հայերը: Իր կողմէ հարցը մրցակցութեան եւ յաղթական-պարտական ելլելու մասին էր եւ ոչ թէ նոր ծլող-ծլարձակող աշակերտին հայերէն լեզուի անուշութեան տարբերակները համտեսել տալու մասին: Զարմիկս անյարմար զգաց, որ մեր խօսակցութեան նիւթը հոն հասած էր:

Մէկ խօսքով, ըստ այս հայերէն լեզուի դասատուին, արեւմտահայերէնը մահամերձ մըն էր՝ կից մը տալով հոգեհանգիստ կարդալու վիճակուած: Աշակերտին լեզուամտածողութեան ճկունութիւն տալու համար, իւրաքանչիւր հայ մանկավարժի պարտականութիւնն է լեզուի տարբերակները – ներառեալ գրաբարը – համտեսել տալ ու հայ աշակերտին փոքր տարիքէն ծանօթացնել մեր գրական աշխարհի մեծերուն գործերը: Եթէ մանկավարժները իրենք այդ ճկունութիւնը չունին, ինչպէ՞ս կարելի է սպասել, որ աշակերտը ինքնիրեն զարգացնէ զայն: Ինչպէ՞ս աստիճանաբար նոր հասակ առնող սերունդներ զիրար պիտի ճանչնան ու հասկնան: Ինչպէ՞ս հասուն հայը ժամանակի հոլովոյթին հետ պիտի կարենայ բնականօրէն ու գիտակցաբար կողմնորոշուիլ:

Եւ մի գուցէ. Միանգամ ընդմիշդ լուծէ լեզուային հարցը:

Բարեբախտաբար հայրենի այցելութիւնս միայն այս հանդիպումով պիտի չվերջանար: Մի քանի յաջորդական հանդիպումներ բոլորովին պիտի շրջէին տրամադրութիւնս: Արարատ մարզի երկու տասնամեայ դպրոցներ այցելելու առիթ ունեցայ: Մին՝ Այնթապի Բիւզանդ Մարգարեանի Թիւ 2 միջնակարգ դպրոցն էր՝ 850 աշակերտներով եւ 60 անդամի հասնող ուսուցչական կազմով:

Երկրորդը նոյն շրջանին մէջ Զօրավար Արամ Գարամանուկեանին եւ իր համեստափայլ տիկնոջ Յասմիկ Գարամանուկեանին անունով դպրոցն էր՝ 450 աշակերտներով ու 40-ի չափ ուսուցչական կազմով: Տեղաբնակներուն լեզուով՝ «պէյրութահայերուն դպրոցը» գացի:

Տնօրէնուհի Ալվարդ Սահակեանի եւ ուսմասվար պատմագէտ Տիգրան Պետրոսեանի հովանաւորութեամբ առիթ տրուեցաւ երկխօսութիւն ունենալու Մարգարեան դպրոցի ուսուցչական կազմին հետ: Առանց ծրագրելու կազմակերպուած հանդիպումս՝ մէկ ժամէն աւելի տեւող հարց ու պատասխանով չնախատեսուած երկխօսութիւն մը եղաւ: Հարցերը բազմազան էին, սորվիլ չուզող աշակերտը խանդավառելու ձեւերէն մինչեւ ծնողները դաստիարակելու պարտականութիւնը ուսուցչին, եւ անշուշտ, բաղդատութիւնները Ամերիկայի ընդհանուր եւ հայ վարժարաններուն հետ: Մի քանի դասարաններէն ներս աշակերտներուն հետ ծանօթութիւնս բոլորովին ուրիշ տեսակ հոգեպարար ջերմութեամբ լեցուցին հոգիս:     

Հրաշքներ կրնան գործել մեր հայրենի մանկավարժները:

Այո՛, դասարաններուն մէջ Տէրեանի ու Չարենցի զուգահեռ՝ Դանիէլ Վարուժան ու Միսաք Մեծարենց կը դասաւանդուէր հո՛ն: Ազատօրէն հայոց պատմութիւն կը դասաւանդուէր: Ի՜նչ շռայլութիւն է այս մէկը սփիւռքահայ մանկավարժին համար: Հոկտեմբերի սկզբին, վերամուտէն միայն մէկ ամիս վերջ, վեց տարեկան առաջին դասարանցի Ռուբինային երկարաշունչ արտասանութիւնը (Թումանեանի «Շունն ու Կատուն» էր, անշուշտ արեւելահայերէն) ափիբերան թողուց զիս: Բարձրագոյն դասարանցիներէն հայոց պատմութեան, հայ դատի վերաբերող հարցերուն պատասխանները պարզապէս սքանչելի էին: Երբ մենք, մանաւանդ՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափին, ոչ միայն կը չարչարուինք «խ» եւ «ղ» ձայները ճիշդ արտասանել տալու աշխատանքին մէջ, այլ հարկ կ’ըլլայ նաեւ ծնողներուն բացատրել, թէ գեղագիտական ճաշակ ու երեւակայութիւն կը զարգացնէ բանաստեղծութիւն սորվիլն ու արտասանելը:

Երբ Հայաստանի մէջ առաջին դասարանցիին բերնէն մայրենին հեզասահ առոգանութեամբ կը գլգլայ, Ամերիկայի մէջ տակաւին կը վիճին թէ (նոյնիսկ անգլերէնով) որոշելու համար, թէ ճի՞շդ է այդքան «ծանրաբեռնել» դպրոցական երախան:  

Ուրիշ երկու առիթներով բախտաւորութիւնը ունեցայ նաեւ «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կեդրոնը այցելելու: Հիացած էի այնտեղ կատարուող Սփիւռք[1]հայրենիք անջրպետը կամրջող երախտաշատ աշխատանքին՝ բանասիրական գիտութիւններու Դոկտոր, Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի տնօրէնութեամբ:

Այցերէս մին լսարանային դասախօսութեան ներկայ ըլլալն էր: Հոգեկան անբացատրելի բաւարարութեամբ, թէեւ մէկ դասապահով միայն, Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի 5-րդ լսարանէն ներս երեք ժամով ուսանողուհի դարձայ:

Ունկնդրեցի դասախօս Փրոֆ. Ս. Դանիէլեանին (նիւթը Վահան Թէ[1]քէեանի 125-ամեակին նուիրուած շարքին երկրորդ մասն էր): Բառ առ բառ, միտք առ միտք Փրոֆ. Դանիէլեան տարաւ մեզ Թէքէեանի գործերուն: Խորաթափանց քննարկումով մէկ առ մէկ լուսաբանուեցան «Ահաւոր Բան մը Այն[1]տեղ»ը: «Պիտի Իյնաս»էն, անցանք «Սրբազան Ըմբոստութեան» ու «Յարութեան Ձայն»ին, հասնելու համար... «Մահուան Տաղեր»ով փիլիսոփայ երգիչին գործերուն ու ապրելու յամառութեան ու միամտութեան մէջ տուայտող «Հայու Հոգիին»:

Իրաւա՛մբ, Թէքէեանի բարձրագոչ յայտարարութեամբ եկանք համոզուելու թէ՝ «Ցե՜խն ալ, կ’ըսեմ, զայն աղտոտել չի կրնար»:  

Դուրս ելայ լսարանէն՝ ականջներուս մէջ քիչ առաջուայ արեւելահայ երիտասարդ ուսանողին շրթներէն արտասանուած Թէքէեանի խօսքերը. «Ներէ որ քէն ըրի... ու դեռ տաք չեմ բոլորովին...»։

Ինչպէ՞ս թաղել այս բոլորը:

Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի հրաւէրով ներկայ եղայ նաեւ Սեպտեմբեր 30, 2003-ին Երեւանի Հայաստանի Գրողներու Միութեան տան մեծ դահլիճին մէջ  տեղի ունեցած Շահան Շահնուրի նուիրուած գրական ձեռնարկին: Այդ օր, վաստակաւոր դասախօսներու շարքին, լսեցինք նաեւ երիտասարդութեան ձայնը՝ շնորհիւ Լուսինէ Մինասեանի «Շահնուրն այսպէս...» վերնագրով ելոյթին: Երիտասարդ ուսանողներու հետ հանդիպումով մը ուրախութեամբ իմացայ, թէ Փրոֆ. Դանիէլեանի աւարտական դասարանէն մէկ այլ փայլուն ուսանողուհի՝ Լուսինէ Տօնոյեանը իր աւարտական թեզը կը պատրաստէ Վազգէն Շուշանեանի գործերը ուսումնասիրելով՝ «Կանայք Վազգէն Շուշանեանի Ստեղծագործութիւններում» ընդհանուր խորագրի տակ:

Այո՛, մեծ շռայլութիւն էր ինծի համար երեք շաբաթ ազատ ըլլալ Ազատ, Անկախ Հայաստանիս մէջ ուզած տեղս երթալու: Իսկ ամէնէն կարեւորը հայրենի մեր քոյր – եղբայրներուն ազատ մտածողութեանց տարբերակներուն վերահասու ըլլալն էր:

Մահամերձ արեւմտահայու զգացողութենէն զիս դուրս հանողն ու խանդավառողը լայնախոհ հայրենի մանկավարժներու շունչին տակ հասակ առնող գիտակից երիտասարդութեան հոգի ջերմացնող ձա՛յնն էր, անկասկա՛ծ:

 

Նիւ Եորք, 30 Դեկտեմբեր, 2003

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...