Search This Blog

Search This Blog

Friday, August 6, 2021

Armenian Interests-Armenian Poem-page-Zarmine-Boghosian

 

 

 



Remembering Arch-Priest Der Vertanes-5th Anniversary- August 5, 2016_2021- Zarmine Boghosian

 ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԶԱՒԱԿԸ, ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆ ու ԱԶԳԱՅԻՆԸ

                                 Տէր Վրթանէս Ա. Քհնյ. Գալայճեանի Վախճանումին առթիւ

                                         12 August 1939 Aleppo - Syria - 5 August, 2016 Wayne. New Jersey

«Երեւի ամէն մարդ թանկ մէկին պիտի կորցնի, որ յետոյ ամբողջ կեանքում որոնի, քանի ապրում է... »                                     Վարդգէս Պետրոսեան                                

            «Թանկ» բառը  չեմ գիտեր թէ իսկապէս պիտի կարենա՞յ պարփակել մէ՛կ անհատի մէջ ամփոփուած բոլոր այն առաքինի ծառայութիւնները, որ Արժ. Տ. Վրթանէս Ա. Քհնյ. Գալայճեանը կը մարմնաւորէր իր ողջութեան: Հոգեւորական մը՝ որ իր ֆիզիքական երկրային գոյութիւնը յանձնեց Նիւ Ճըրզիի Ճօրճ Ուաշինկթըն Յիշատակի Այգիին՝ միանալու համար երկնային կապոյտին մէջ թեւածող իր հօր՝ Տիրահայր Գէորգին հոգիին:

            Օգոստոս Հինգէն ի վեր իրար յաջորդող ցաւակցական խօսքերն ու վշտակից գրութիւնները բոլորն ալ եկան ընգծելու մեր եղբօր արժանիքները թէ ան հաւասարապէս ե՛ւ հայրենասէր էր եւ եկեղեցասէր, հայ լեզուի ջատագովն էր եւ ընտանիքը սիրող զաւակ:

Գրեթէ անհաւատալի կը թուի թէ արդէն կէս դարէն աւելի -63 տարի անցած է այն օրէն՝ երբ առաջին անգամ տասներեք տարեկան Զաւէն եղբայրս յանձնուեցաւ Դերենիկ Սրբազանին, բարձրագոյն ուսում ստանալու երազով դառնար Անթիլեաս Դպրեվանքի սան:

Երբ շրջանաւարտ ըլլալէն ետք տուն դարձաւ եղբայրս հօրս յայտնեց թէ որոշած է ազգին ծառայել հոգեւորական դառնալով: Հայրս մէկ պատասխան ունէր տալիք – «Ըրէ՛ այնպէս որ յետոյ չըսես թէ հայրս ապագայի իմ ծրագիրներուս արգելք եղաւ»:

Ցեղասպանութենէն հազիւ փրկուած հօրս համար, մանաւանդ՝ այդ օրերուն անդրանիկ մանչ զաւակը նիւթական մեծ ապահովութիւն կը նշանակէր հ՛ոն Հալէպի – Ազէզի մէջ: ԱՆգիր օրէնք էր, կամ՝ սովորութիւն, որ ընտանիքին անդրանիկ զաւակը նախակրթարան աւարտելէ ետք անմիջապէս «աղուոր» արհեստ մը սորվելով շուտ եւ շատ դրամ շահելու (շինելու) ձեւը գտնէր: Հինգ զաւակի տէր հայս այս բոլորը զգալով հանդերձ անձնասէր չեղաւ: Իր ընտանիքին յուսատու այդ ապահովութիւնը, իր անդրանիկ զաւակը կը զիջէր Հայ ժողովուրդին եւ եկեղեցիին:

Անկէ ետք մենք-քոյր եղբայրներով տարուէ տարի զգացինք թէ մեր երէց եղբայրը մեզ հարստացուց իր հոգեւոր ազդեցութեամբ, իր կեանքին օրինակով եւ իր երկու քոյրերուն եւ երկու եղբայրներուն հանդէպ ցուցաբերած հոգատարութեամբ: Բնականաբար, աղբիւրը այդ հոգատարութեան կը բխէր ծնողքէս- հանգուցեալ հօրս՝ Գէորգէն եւ 93-ամեայ մօրս՝ Տիրամայր Զապէլ Գալայճեանէն:

Հիմա ես ալ որպէս մայր եւ մեծ մայր կը զգամ թէ ի՜՜նչ ըսել է տասնըերեք տարեկան անդրանիկ զաւակդ ընտանիքէն հեռու ուրիշ երկիր, գիշերօթիկ ղրկել,  յանուն՝ բարձրագոյն կրթութեան, հոգեւոր եւ մտային զարգացման, այն ալ տասնըերեք տարեկանին եւ ... այսօրոայ  հաղորդակցութեան կապերու չգոյութեան:

Ուրբաթ՝ Օգոստոս 12-ին Տան Կարգի արարողութիւնը Տէր Վրթանէսին 77-րդ տարեդարձը նշէր: Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցին լեցնող սգակիրները – երկու օրերուն ալ - եկան փաստելու, որ իր անմիջական ընտանիքէն հեռու մնալով քահանայ եղբայրս այսքան մեծ թուով ընտանիքի մը գուրգուրանքին եւ յարգանքին արժանի դարձած էր: Աշակերտներ, գործակիցներ, ազգայիններ, հոգեւոր հայրեր, նպաստընկալներ բոլորն ալ ըսելիք ունէին, թէ ինչպէս եւ ինչ պայմաններու տակ Տէր Վրթանէսը իրենց կեանքէն ներս ներդրում մը ունեցած էր:  

Տէր Հօր Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովուական շրջանին կարճ ժամանակի մէջ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցած բարելաւումները կը թուէին,  Հ.Ե.Ե.Կ.-ACYOA-ի ձեռնարկներէն «Հայ Քլապ»  երիտասարդացի, «Արարատ» երէցներու խումբի կազմութենէն  մինչեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին Նոր Շէնքի Սրահին շինութիւնը, Կիրակնօրեայ եւ Հայ Դպրոցներուն նոր դասարաններով օժտուիլը:  Իսկ Տէր Վրթանէսին հովուական օրերուն ծխական խորհուրդի ատենապետը կը թելադրէր - Ի պահանջել հարկին Տէր Հօր օգնութեան կարիքը ունեցող ծխականին, զայն փնտռել եւ գտնել-  «եկեղեցիէն ու տունէն ետք, հիւանդանոցներէն, գործի ապահովութեան եւ կամ «իմիկրէյշըն»ի  գրասենեակներէն եւ կամ՝ շրջանի դատարաններէն- ուր Տէր Հօր հոգատար գործունէութիւնը իր ծխականներուն համար կը տարածուէր իբրեւ մխիթարիչ, խորհրդական ու թարգման, իր  կոչումին եւ պաշտօնին հաւատարիմ անձը, հաւատքով  եւ հայրենասիրութեամբ ծառայող հոգեւորականը, միշտ ալ իրեն գործակից ունենալով նոյնքան հաւատացեալ եւ ծառայասէր Երէցկին Անահիտը»:

Այո, Գալայճեան Տիրահայր Գէորգին եւ Տիրամայր Զապէլին անդրանիկ որդին տասներեք տարեկանէն սկսեալ (1953) Հայց. Եկեղեցւոյ եւ իր ժողովուրդին նուիրեալ զաւակն էր:  Աշխարհագրական անուններով լեցուն լայնածաւալ քարտէս մըն է որ գծած է ան իր կեանքին շրջանին, ամենուրեք իր հոգիէն ու սէրէն բաժին հանելով բոլոր անոնց որ իր օգնութիւնը փնտռած են այս կամ այն պատճառով: Իր անմոռանալի յիշատակները տարածուած են- Լիբանանաի մէջ՝ Անթիլեաս, Պէյթ Մէրի, Պիքֆայա, Յորդանանի մէջ՝ Երուսաղէմ, Ամման, Հրեշտակապետաց, Թարգմանչաց Վարժարան, Սիոն Ամսագիր,Սուրիոյ մէջ՝ Հալէպ- Ս. Վարդան, Կիլիկեան Վարժարան, Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Ուոքիկըն, Էլպէրոն, Եունեըն Սիթի, Ճամբար Նուպար, Ճամբար Վարդան, եւ ապա վերջին չորս տասնամեակներու ընթացքին Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ հովուական ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ ազգային, բարեսիրական գործունէութիւններու շարանով մը՝ Հայրենիքէն ներս:

Ուաշինկթընի ծխականներէն Տօքթ. Գումգուգումեանին վկայակոչումը շատ բան կ՛ըսէր Տէր Վրթանէսին անձին ու նուիրումին հանդէպ հանդիսութեան մը ընթացքին-  Տէր Վրթանէսը- ըսաւ Գումգումեանը-« հաւատալով թէ այսօրուան պատանին վաղուայ առաջնորդն է Հայ եկեղեցիին ու կազմակերպութիւններէն ներս, զանազան հետաքրքրական ձեռնարկներով, պաշտօնի հարկադրանքէն անդին մինչեւ իսկ անհատական զոհողութիւններով, փաստեց թէ տարիքային տարբերութիւն բնաւ գոյութուն չունենար եթէ հասկացողութեամբ մօտեցում ըլլայ», «ան մեզի համար –շարունակեց Գումգումեան – իրա՛ւ ուսուցիչն էր ամէն բանէ առաջ, որ մեզի ուսուցած է ո՛չ այնքան քարոզչական խօսքերով այլ՝ իր անձին օրինակովը- ան մեզի սորվեցուց ինչպէս ներել գիտնալ, ու հաւատալ՝ նոյնիսկ շարունակական, անվերջ թուացող յուսախաբութիւններէ ետք իսկ»:

Այո՛, Տէր Վրթանէսն ալ իր հովուական զանազան շրջաններուն իր կարգին շատ մը յուսախաբութիւններ ունեցած էր: Սակայն անոնք բնաւ չկրցան արգելք հանդիսանալ իր առաքելութենէն շեղելու եւ իր հաւատացեալ ժողովուրդէն հեռանալու:

Վերջին օծումի եւ թաղման արարողութիւններուն կը նախագահէր Առաջնորդ Սրբազան հայր՝ Բարձ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը: Սրբազան հայրը իր դամբանականին մէջ ընդգծեց Տէր հօր բազամազան բարոյական եւ մտաւորական արժանիքները, ի մասնաւորի Տէր Հօր երկլեզու (Անգլ եւ Հայերէն) բարձր ոճով արտայայտուելու եւ գրելու շնորհքը:

Վկայութուններու շարանը երկար է, որ պիտի ամփոփուի Տէր Հօր Քառասունքին նուիրուած գրքոյկին մէջ: Ամէնէն կարեւորը հոգիներէն ներս թափանցող իր ցուցաբերած գուրգուրանքն ու հաւատքն էր իր ժողովուրդին հանդէպ:

Ստորեւ անոնցմէ մի քանին- Լոս Անճելոսէն հոգեւոր հայր՝ Տ. Ղեւոնդ Քահանան կը գրէր- «Կան Մարդիկ, որ աշխարհ գալով իրենց հետ լոյս եւ ջերմութիւն կը բերեն: Անոնք կ՛ապրին իրենց կեանքը սերմանելով բարին, գեղեցիկն ու ճշմարիտը: Ապա Անեղին հրամանով հրաժեշտ կու տան իրենց երկրաւոր կեանքին, լուսաւոր յուշ եւ անսփոփ կարօտ թողնելով բոլոր անոնց սրտերուն մէջ, որոնք բախտը ունեցած են զինք ճանչնալու, տեսնելու եւ կամ լսելու: Ահա այդպիսին էր մեր բոլորին սիրելի եւ բոլորիս յարգանքը վայելող հոգելոյս Տէր Վրթանէս Ա. քհնյ. Գալայճեանը: Ան եղաւ յոյսը, լոյսը եւ ճշգրիտ ուղեցոյցը ոչ միայն իր հարազատներուն, այլեւ իր խնամքին յանձնուած հաւատաւոր հօտին»: 

            Իսկ Ֆիլատելֆիայէն Տ. Ներսէս Ա. Քահանան ցաւակցական նամակով կը փոխանցէր իր ջերմ մխիթարական խօսքերը- «Հեռուէն աղօթակից եղայ ձեր բոլորին հետ ի հանգիստ եկեղեցականի մը, որ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան բացառիկ աշխուժութեամբ տքնեցաւ Աստուծոյ անդաստանին մէջ՝ իր լաւագոյնը եւ ունեցածէն շատ աւելին տալու մարմաջով եւ պատրաստակամութեամբ, միշտ յիշեցնելով շրջապատին՝ Քրիստոսի իտէալ ծառային պատկերը: ... Անցեալին մի քանի առիթներով պատիւը ունեցած եմ երջանկայիշատակ եղբօրդ հետ զանազան եկեղեցիներու մէջ միասնաբար խորհուրդներ կատարելու եւ մօտէն զգալու իր սիրահամբոյր նկարագիրը եւ մարդոց մօտենալու անուշ նկարագիրը, ինչու չէ նաեւ իր Հայ եկեղեցւոյ ծէսին հանդէպ ունեցած բացառիկ բծախնդրութիւնը: Այս բոլորին վրայ անշուշտ պէտք է աւելցնել իր մասնայատուկ ժպիտը, որ կու գար ամբողջացնելու սիրալիր ու տաքուկ ընկերային պահ մը»:

Իսկ Տօքթ. Արտաշէս նշանեան կը վկայէր թէ- «Վերջին շրջանի եզակի հոգեւորական ներկայացուցիչն էր ան՝ վախճանեալ Տէր Վրթանէսը, որ երկար տարիներու ծաւալուն ու բազմաբեղուն համայնքային գործունէութեամբ վստահութիւնն ու յարգանքը կը վայելէր ողջ հայ եկեղեցականութեան ու աշխարհական դասուն»:

Ընտանիքիս բոլոր անդամներուն անունով մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Առաջնորդ Սրբազան հօր, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեաց Եկեղեցւոյ Հովիւ Տ. Տիրան Քհնյ. Պոհաճեանին եւ Ծխական Խորհուրդին, ուր Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրուայ Տան Կարգի եւ Վերջին Օծումի արարողութիւնները տեղի ունեցան նախագահութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան հօր: Շնորհակալութիւն՝ բոլոր ներկայ հոգեւորական դասուն, միութենական եւ ազգային ներկայացուցիչներուն, մեր ընտանիքին վշտակից հեռու ու մօտիկ բոլոր սգակիրներուն:

Եթէ մի քանի բառով փորձէի բնորոշել եղբօրս ներդրումը ընտանեկան եւ ազգային կեանքէն ներս այդ պիտի ըլլար կրկնել սգակիրներէն քաղուած հետեւեալ խօսքերը-   

- Սիրուած ուսուցիչ, ցաւակից, անձնուէր, արդարամիտ, ազգասէր, բարեսէր, ազգանպաստ, առատաձեռն, անվախ ու քաջակորով՝ որ իր կաշին փրկելու կամ՝ փառքի համար չէր զիջէր իր անկեղծութիւնը, ըսուելիքը կ՛ըսէր առ որ անկ է: 

Ահա այդպիսին էր մեր հարազատ երէց եղբայր Զաւէնը, ժողովուրդէն ճանչցուած եւ յարգուած Տէր Վրթանէս Աւագ Քհնյ. Գալայճեանը, որուն բարեհամբոյր հոգին իր լուսաւոր ժպիտով տակաւ պիտի թեւածէ մեր առօրեայէն ներս:  Մշտնջենական լոյս իր անձնուէր հոգիին:

Կրկին շնորհակալութիւն՝ եւ բիւր երախտագիտութիւն բոլոր անոնց՝ որ վշտակից դարձան մեր կորուստին - Տիրամայր Զապէլին, Երէցկին Անահիտին եւ Տէր Վրթանէսին երեք որդիներուն՝ Դոկտ. Զաւէնին, Պերճին, կրտսեր որդւոյն՝ նորօծ Տէր Աւետիսին,  քոյրը՝ Դոկտ. Անի եւ եղբայրները՝ Գէորգ եւ Վազգէն Գալայճեաններուն:

Ընտանիքին անունով՝  երէց քոյրը ընտանիքին, Զարմինէ Գալայճեան-Պօղոսեան,

Նիւ Եորք, Օգոստոս 28, 2016

ՅԳ- Տէր Վրթանէս Ա. Քհնյ. Գալայճեանին վախճանման քառասունքին առթիւ հոգեհանգստեան արարողութլիւնը տեղի պիտի ունենայ Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ- Կիրակի՝ Սեպտեմբեր 18, 2016-ին:

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...