Search This Blog

Search This Blog

Sunday, February 28, 2021

ԵՍ ՅՂԻ ԵՄ

 

 

ԵՍ ՅՂԻ ԵՄ

Հաւատացէք, իմ մասիս չէ, որ կը խօսիմ: Թոռնիկ ունենալու յոյսով շատ շատո՜նց այդ պարտականութիւնը իմ զաւակներուս փոխանցած եմ: «Թոռնիկի պէս անուշ բան չկայ այս աշխարհիս մէջ»,- կը հաստատեն շուրջիններս: Այդ անուշութիւնը վայելելու յոյսով այնքան տղոցս գլուխը ցաւցուցած էի «աղջիկ պէպէք մը կ’ուզեմ» ըսելով, որ մի քանի տարի առաջ, առաջին թոռնիկս ծնելէն շատ առաջ, զիս ուրախացնելու համար տղաքս խօսքը մէկ ըրած տարեդարձիս պուպրիկ մը նուիրեր էին ինծի:

Այո՛, բոլորովին ալ նպատակ չունիմ իմ մասիս խօսելու: Այս առաւօտ երբ ձայնասփիւռէն կրկին ձիւնի փոթորիկին մասին կը խօսէին, ճշգրիտ ու վստահելի օդերեւութաբան մը գտնելու յոյսով հեռատեսիլին գացի եւ սկսայ արագ-արագ մէկ կայանէն միւսը ցատկռտել: Յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեց ամբողջ պաստառը գրաւող գունաւոր, բաւական խոշոր գիրերով անգլերէն սա յայտարարութիւնը:

«Ճիմի, այ էմ փրէկնընթ» - Ճիմի՛, յղի՛ եմ:

Մատս սառեցաւ կոճակին վրայ: Ալ հոն կեցայ: Պարզուեցաւ որ յղութիւն հաստատող քննութեան մը նորագոյն ձեւը ծանօթացնող ռեկլամ-յայտարարութիւնը չէր: Որովհետեւ նկարը հետզհետէ պաստառէն հեռանալով պզտիկցաւ, եւ պաստառը բռնող դէմքը տեսնուեցաւ: Ուրախութենէն ճառագայթող սիրուն դէմքով,  հազիւ երեսունը թեւակոխած երիտասարդուհի մըն էր: Էն-Պի-Սի հեռատեսիլի կայանին Ռոքըֆէլլըր կեդրոնէն հաղորդուող «Այսօր Նիւ Եորք» յայտագրին շուրջ հաւաքուող զբօսաշրջիկներէն մին էր: Մէնհէթընի կեդրոնական այդ շրջանին մէջ, չմշկողներու յատուկ կեդրոնով, ամէն Դեկտեմբերին հսկայ Կաղանդի ծառը հիւրընկալող վայրով, աշխարհի բոլոր երկիրներուն դրօշակները ծածանիլ տուող Նիւ Եորքեան այդ թաղամասը զբօսաշրջիկներուն ամէնէն սիրած վայրերէն մին է: Մանաւանդ՝ նկատի առնելով ճարտարապետական կոթող համարուող Սէնթ Փաթրիքի նման տաճարի մը դրացնութիւնը եւ Սաքս Ֆիֆթ Էվընիւի (Saks 5th Avenue)  նման նշանաւոր ցուցանիշով քովնտի վաճառատուներուն ներկայութիւնը: Առաւօտեան ժամը եօթէն մինչեւ տասը այդ վայրը ինքնաշարժի երթեւեկը արգիլուած մի քանի շրջակայ փողոցներուն հետ տարուան 365 օրերուն ընթացքին զբօսաշրջիկներով կը վխտայ: Ընդհանրապէս հետաքրքրասէրներու մեծ խումբեր հոն հաւաքուած կ’ըլլան, նշանաւոր դերասաններու, երգիչներու, հեռատեսիլի կայանի նշանաւոր խօսնակներու հանդիպելու եւ հեռատեսիլէն տեսնուելու յոյսով: Նիւ Եորքի ամէնէն խիստ ձմեռներէն մէկուն, զէրոյէն վար ջերմաստիճանով այդ օրուան սառնամանիքին սաստիկ ցուրտն անգամ չէր վախցուցած այդքան մեծ թիւով ներկայութիւն ապահովելու բացօթեայ այդ շրջափակին մէջ, եւ այդքա՛ն կանուխ ժամուն: Շատեր կային զանազան ցուցանակներ բռնած, ինչպէս սովոր է, սակայն՝ հեռատեսիլին ոսպնեակը այդ պահուն կեդրոնացած էր այս յայտարարութեան վրայ:

Անշուշտ միայն ես չէի նոյն յայտարարութիւնը կարդացողը: Ինծի հետ այդ պահո՛ւն, նոյն կայանը դիտող հաւանաբար միլիոնաւոր մարդիկ կային: Բայց ես մինչեւ ականջներս կարմրեցայ: Կարծեցի, որ սկեսրայր հայրս եւ սկեսուր մայրս ինծի հետ էին, նո՛յն սենեակին մէջ:

Ի՜նչ մեղքս պահեմ, իմ երիտասարդ օրերս յիշեցի: Որո՞ւն լեզուին ինկած էր նման յայտարարութիւն նոյնիսկ շշուկով ընել կամ յղութեան սկզբնական շրջանի վեց-եօթը ամիսէն առաջ բարձրաձայն խօսիլ այդ մասին: Արդէն անկէ ետք պահել անգամ ուզէիր, չէիր կրնար, որքան ալ լայն հագուստ հագնէիր կամ «քիչ մը գիրցած եմ» ըսելով բաներ մը յարմարցնելով ինքզինքդ արդարացնել փորձէիր: Արդէն «փորձառուները» աչքերէդ կը հասկնային, առանց խօսքի մեղսակցաբար կը ժպտէին եւ իրարու կը փսփսային. «Մեր տղուն ջուրը եկեր է հարսին, գահաժառանգը կու գայ կոր… յայտնի է, տղայ պիտի ըլլայ»: Ամէն ինչ փսփսուքով կ’ըլլար:

Այդքան միայն: Վերջակէտ:

Երբ խօսնակը դառնալով յղութիւնը յայտարարող կնոջ հարցուց, թէ ո՞ւր էր Ճիմին, երիտասարդուհին միեւնոյն ճառագայթող ժպիտով հանգիստ կերպով պատասխանեց, թէ Ճիմին ուրիշ նահանգ կը  գտնուէր այդ պահուն, եւ թէ ինք իր ընկերուհիներուն հետ Նիւ Եորք այցելութեան եկած էր եւ… ի՜նչ ուրախութիւն այդ առաւօտուն երկո՛ւ անգամ մէզի քննութիւն կատարելէ ետք ալ հաստա՛տ գիտէր թէ յղի էր:

Խօսնակը, հեռատեսիլ դիտողներուս դառնալով, ըսաւ.

- Ամէն բանի ականատես եղած էի, հաւատացէ՛ք, այս մէկը առաջին անգամն է որ կը լսէի:

Ապա դառնալով մանկամարդուհիին ըսաւ.

- Յուսամ, Ճիմին գիտէ արդէն եւ մեզի հետ առաջին անգամ ըլլալով այս պաստառէն չէ որ կը լսէ իր հայրանալը…:

Ուրեմն՝ արմանք-զարմանք մնացողը միայն ես չէի:

Սովորական երեւոյթ է առտուան այս հաղորդումներու ընթացքին նման իւրայատուկ յայտարարութիւններ տեսնել պաստառի վրայ: Մէկը միւսին ամուսնութեան կամ ծննդեան տարեդարձը կը շնորհաւորէ: Կենդանիներուն նկարը կը բռնեն, սիրտ մը կը գծեն, «կը սիրեմ քեզ» մըն ալ քովիկը կ’աւելցնեն՝ տունը մնացած շան կամ կատուին կարօտին չդիմանալով: Յաճախ նաեւ հանդիպած ենք, որ սիրահարուած զոյգեր, իրենց սէրը աշխարհով մէկ յայտարարելու բուռն ցանկութեամբ, այս տեսակ պահեր կ’որսան եւ տեղւոյն վրայ ծունկի գալով «կը սիրեմ քեզ, կ’ուզեմ որ կինս ըլլաս, կ’ամուսնանա՞ս ինծի հետ» կը բացականչեն: Ադամանդակուռ մատանին կը մօտեցնեն սիրեցեալին դէմքին ու սրտի տրոփով ու անհամբեր արտորանքով մը պատասխանի կը սպասեն, որպէսզի ոսպնեակին ուշադրութենէն չփախի այդ երկա՜ր սպասուած, խելագարօրէն կրկնուող «այո»ներու շարանը: Միայն Աստուած ու սիրահար տղան գիտեն թէ յաւերժութեան գիրկը իյնալու երազով քանի՜ քանի անքուն գիշերներ լուսցուցած եւ նիւթական ինչ զոհողութիւններու ենթարկուած է ակնթարթային այդ պահը ծրագրելու համար երջանիկ սիրահարը:

Յամենայն դէպս, նմանօրինակ յայտարարութիւններ սովորական դարձած բաներ են: Սակայն «Ես յղի եմ» յայտարարել ամբողջ աշխարհի՞ն: Չէ՛, այս մէկը առաջին անգամն էր որ կը լսէինք:

Է՜, մեր ատենը ամէն բան ուրիշ էր: Ժամանակները որքա՜ն փոխուած են: Ամօթ կար, յարգանք կար: Բան մը եւս  կրնա՞մ խոստովանիլ: Այս խօսքերովս հետզհետէ որքան ես իմ մեծ մօրս կը յիշեցնեմ:

Մոռցայ օդերեւութաբանն ալ, շաբթուան ջերմաստիճանի չափերն ալ: Հարցումներու տեղատարափ մըն է որ սկսաւ խճողուիլ գլխուս մէջս:

Աշխարհ գալիք շնչաւոր մարդ էակի մը աւետումը ինչո՞ւ նոյն խանդավառութեամբ ու գուրգուրանքով չի շարունակուիր:

Մտքով մեր թաղերէն սկսելով կը հասնիմ մինչեւ Մէնհէթըն: Քանինե՜ր սա պահուս ձերբազատուիլ կ’ուզեն տակաւին աշխարհին լոյսը չտեսած ծիլերէն: Քանի՜ քանի մանուկներ հիմա սա պահուս իրենց տաքուկ անկողնէն հանուելով իրենց հօրը կամ մօրը հետ «Պէյպի Սիթըրին» տունը կը վազեն: Քանինե՞ր կը տրուին գիրկը այնպիսի հոգատարներու, որոնք բոլորովին տարբեր են իրենց խնամակալներէն՝ թէ՛ մշակոյթով, թէ՛ գոյնով եւ թէ՛ լեզուներով: Որքան սովորական երեւոյթ է տեսնել Կեդրոնական Ամերիկայէն կամ կղզիներէն յատկապէս բերուած խնամակալներու յանձնուած երեխաներ, որոնք իրենց հարազատ մօրն ու հօրը տեսնելու համար չես գիտեր քսանչորս ժամուան ո՞ր ժամուն պէտք է սպասեն այդ պահիկը վայելելու համար, ծնողքին հետ «քուալիթի թայմ-որակաւոր պահ» մը ապրելու շնորհին արժանանալու համար:

Կը մտածեմ ծնած այն երեխաներուն մասին, որոնք երեսի վրայ ձգուած են նոյն ինքն զիրենք ծնող մայրերուն կողմէ, որովհետեւ անոնք կա՛մ գինեմոլ են, կա՛մ թմրեցուցիչի գերի:

Կը մտածեմ այն մանուկներուն մասին, որոնք Մայքըլ Ճէքսընի պէս մարդոց քմահաճ «ծնողական» խնամքին ենթակայ են:

Կը մտածեմ բոլոր այն ծնելիք երեխաներուն մասին, որոնք ծախու սերմով վարձու արգանդի մը ներարկուելով կը ծնին, ի վերջոյ յանձնուելու համար դրամը մատակարարողին:

Կը մտածեմ անզաւակ զոյգերուն մասին, որոնք ինչ ինչ նիւթական զոհողութիւններով զաւակ կ’որդեգրեն, որդեգրութեան գրասենեակին ամէնէն խիստ քննութիւններէն հլու հնազանդ կը հետեւին, բծախնդրօրէն կը գործադրեն բոլոր ըսուածները եւ լիուլի կ’ամբողջացնեն պարտադրուած պահանջները:

Ինչո՞ւ որդեգրումի համար սահմանուած միեւնոյն խիստ օրէնքներուն ենթակայ չըլլան բոլոր անոնք, որոնք ծնողք ըլլալ կը փափաքին` վստահեցնելու եւ փաստելու համար, թէ պատրաստ են ու արժանի՛ ծնողք ըլլալու:

Տակաւին, սրտի ուրիշ տեսակ կծկումով մը կը մտածեմ նմանօրինակ սպասումներով աշխարհ եկած, սնած-մեծցած հարիւր հազարաւոր երիտասարդ-երիտասարդուհիներու մասին: Երիտասարդներ, որոնք իրենց ծնողներուն համար իսկ անծանօթ հեռաւոր վայրերը կը ղրկուին, մի քանի տասնեակ ղեկավարներու շահադիտական նկատառումով առնուած որոշումին հլու եւ հնազանդ՝ «աշխարհին խաղաղութիւնը պահպանելու» կոյր կամ ներարկուած համոզուածութեամբ:

Ինչո՞ւ մէկուն կեանքը այդքա՜ն աժան է միւսին համար:

Կը պատկերացնեմ այդ երիտասարդներուն մայրերը, որոնք վստահօրէն ժամանակին երբ իրենց մէզին քննութիւնը հաստատած էր թէ արգանդէն ներս սրտիկ մը սկսած էր բաբախել, նոյն հպարտ շողշողացող ժպիտով եւ միեւնոյն խանդավառ, բարձրաղաղակ յայտարարութեամբ աշխարհին աւետած էին իրենց ուրախութիւնը գոչելով՝

«Ես Յղի եմ»:

Պրուքլին, Նիւ Եորք, 10 Փետրուար, 2003

«Մարմարա», 19 Փետրուար, 2003, Չորեքշաբթի

Thursday, February 25, 2021

Հին ու Նոր- Ատենագրութենէն ՆԵ՞ՐՍ թէ՞՞՞ ԴՈՒՐՍ

 

ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ

ԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՏԵՏՐԱԿԷՆ ՆԵ՞ՐՍ ԹԷ ԴՈՒՐՍ 

Վերջերս ուսանողներէս մէկուն համար փնտռտուքի մը պատճառով երբ հայկական համայնագիտարանէն Ակսէլ Բակունցի, Զապէլ Եսայեանի, Եղիշէ Չարենցի, Գուրգէն Մահարիի կենսագրականները աչքէ կ’անցընէի, տեսակ մը «նորից նոր» սարսուռ զգացի: Անոնց կեանքին վերջին շրջանին մասին, երեսունական թուականներուն Սիպերիա կամ բանտ մնալուն մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն, խօսք, կամ գէթ ծածկագրային ինչ-որ մօտեցում կար: Մենք լսած էինք մեր ուսուցիչներէն, թէ համայնավարական տիրակալութեան շրջանին որպէս «ժողովուրդի թշնամի» բանտերու կամ Սիպերիոյ սառոյցներուն յանձնուած էր անոնց ճակատագիրը: Տասնամեակներ ետք, գալիք սերունդները ինչպէ՞ս պիտի գիտնային թէ տարբեր ծննդեան տարեթիւերով այս հանճարեղ մարդիկը ինչպէս այսքան երիտասարդ այս նոյն թուականին աշխարհէն մեկնած են, ինչէ՞ն մահացած էին: Քաղցկե՞ղն էր տանողը, թէ՞ սրտի տագնապը եւ կամ անկողնային բնական մահը: Օրինակ՝ Խաչատուր Աբովեանին նուիրուած Ակսէլ Բակունցի վէպը անաւարտ մնաց, կ’ըսէ համայնագիտարանը, բայց ինչո՞ւ չէ գրուած թէ ինչու չէ ամբողջացած: Ո՛չ մէկ բացատրութիւն կայ հոն: Չարենցին 1937-ին Կոմիտասին նուիրուած «Յաւերժական Կոմիտասը» լոյս կը տեսնէ 1964-ին, ինչո՞ւ: Բակունցին, Եսայեանին մահուան թուականի մը արձանագարութիւնը կայ եւ սակայն վայրը, ամիսը եւ օրը չէ յիշուած, ինչո՞ւ զանց առնուած է: Ի՞նչ էր անոնց մահուան պատճառը:

Օրին ի՜նչ սարսափ ապրած պէտք է ըլլան օրուան կենսագիրները կամ հեղինակները այդ էջերը համայնագիտարանի խմբագրութեան յանձնելէ առաջ եւ ի՜նչ խղճի խայթ` յանձնելէն ետք – հարց կու տամ ես ինծի:

Արդեօք մենք՝ այս օրերու ապրողներս, մեզմէ ետք եկողներուն համար ճի՞շդ ձեւով կ’արձանագրենք ամէն ինչ: Չէ՞ որ այսօրը շատ շուտ վաղը կ’ըլլայ: Այսօրուան ու վաղուան պատմութեան համար մե՛նք ենք պատասխանատուն գալիք սերունդին առջեւ:

Միութենական կեանքի մէջ, մանաւանդ՝ վարչութեան ատենադպիրները միշտ ալ «փափուկ եւ զգայուն» հարցերու դէմ-յանդիման կը գտնուին, երբ վարչութեան ատենապետին որոշումով այս կամ այն նիւթը քննարկուելէ ետք կամ առաջ – «այս նիւթին շուրջ թէեւ այսօր պէտք է որ խորհրդակցինք, սակայն ատենագրութենէն դուրս պէտք է մնան մանրամասնութիւնները» – կը յայտարարուի: Իսկ անգլերէնով՝ This is off the records նախադասութիւնը շատ ծանօթ է ժողովական կեանք ապրողներուն համար առաւել կամ նուազ չափով քիչ մը ամէն տեղ: Այս կամ այն անձին կամ մեծամեծին զգացումներուն չդպնալու համար շատ դիւրին է ընդունիլ եւ օրակարգէ դուրս դնել երբեմն շատ հրատապ, կարեւոր հարցեր: Մինչեւ իսկ տուեալ հաստատութեան կամ կազմակերպութեան համար ճակատագրական եղող հարցերը, որոնք կրնան ամբողջ ժողովի մը տեւողութեան իննսուն տոկոս ժամանակ խլած ըլլան, «խղճմտօրէն» քննարկելու համար եւ յետոյ ոչինչ յիշել այդ մասին ատենագրութեան մէջ: Մնացեալ տասը տոկոսը փառաւորապէս կ’արձանագրուի ու կը պահուի: Բայց որո՞ւն պէտք է այդ տասը տոկոսը: Մնացողներէն ովքե՞ր պիտի կրնան այդ ծածկագրերը իրականութեան մօտեցնող գուշակութիւններ ընել` հասկնալի նիւթի մը վերածելու: Կամ թէ որո՞ւն հոգն է արձանագրուածն ու չարձանագրուածը: Հոգ ընող մը պիտի ըլլա՞յ արդեօք:

Այս օրերու ENRON ընկերութեան փլուզումը արդեօ՞ք այդ – off the records – մօտեցումին պատճառով չէ:

Ո՞րն է կաշի փրկող “Off the records”ը եւ ո՞րն է խղճի ու պատմութեան դատաստանին համար “On the records” – պահելը:

Իսկապէս շատ դժուար է ժամանակի ատենադպիր ըլլալը, խիղճ ունենալը եւ գիտակցիլը թէ այսօրուան եւ երէկուան կաշիին վրայ զգացուածն է որ ժամանակակից լուրերուն արձանագրութեան հետ գալիք սերունդին պիտի հասնի, գուցէ նաեւ անոնց ճակատագիրը որոշէ:

Իսկ վա՞ղը`պարզապէս պատմութեան անցած էջ մը պիտի համարուի:

Off the records, please!!  Օֆ տհը րէքըրտս փլի՜զ:

Յունուար 2002, Պրուքլին, Ն. Ե.

Յ.Գ. Այո՛, այս մէկը երեք տարի առաջ գրած էի եւ չէի ղրկած որեւէ տեղ: Բայց կարծեմ այժմէական կարելի է նկատել:

«Մարմարա», 7 Փետրուար, 2005, Երկուշաբթի

Wednesday, February 24, 2021

Dr. Pergrouhi Svajian- ԱՆԱՂՄՈՒԿ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ

 

ԱՆԱՂՄՈՒԿ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ ԴՈԿՏ ԲԵՐԿՐՈՒՀԻ ՍՎԱՃԵԱՆ

(Նոյեմբեր 11, 1918 - Փետրուար 24, 2001)

մահուան Ա տարելիցին առթիւ

A people will not look forward to posterity who never look backward to their ancestors.

Edmund Burke

Հալէպի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի երկրորդականի տարիներու առթիւ ունեցած էինք ծանօթանալու հայրենի թէ սփիւռքահայ նշանաւոր անձնաւորութիւններու, որոնք կ’այցելէին մեր վարժարանը։ Մեր աշակերտական օրերու յիշատակները հարստացած են եւ մեր երեւակայութեան թեւ ու թռիչք տուած են զանազան հայ համայնքներէ արուեստագէտներ, բանաստեղծ թէ գիտնական այցելուներ։ Տնօրէնը – իմ օրերուս՝ Պրն Երուանդ Ակիշեանը միջանցք-սրահին մէջ հաւաքել կու տար մեզ եւ մեծ խանդավառութեամբ կը ներկայացնէր օրուան հիւրը։

Որքան ալ աշակերտական չարաճճիութեամբ կ’ուրախանայինք, որ տուեալ ժամանակի դասապահը պիտի կրճատուէր այդ հանդիպումով, մեր դաստիարակները վստահ էին, որ իրական կեանքէ, կենդանի տիպար անձեր մեր երեւակայութեան մէջ եւ մեր մատղաշ հոգիներու «Թապուլա ռազային» վրայ բան մը պիտի դրոշմէին։ Արդէն ներկայ ժամանակներու հետ բաղդատած՝ լսատեսողական դաստիարակութեան համար շատ կարելիութիւններ չկային։ «Նշանաւոր մարդիկ» կու գային մեզի, դպրոցականներուս կը պատմէին իրենց կեանքէն ու մասնագիտութենէն։ Այսպէս, անձամբ ներկայութիւնը վայելած եւ ծանօթացած էինք Անդրանիկ Անդրէասեանին, Սիլվա Կապուտիկեանին, Հրաչեայ Յովհաննիսեանին եւ շատ շատերու։

Օր մըն ալ – Պրն Ակիշեանը յայտարարեց, որ Լիբանանէն հայ կին մը, նախկին հալէպցի, շատ հաւանաբար իր սերունդին առաջինը ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ, մասնագիտական ուսում ստացած է, դոկտորայի աստիճանի հասած եւ արժանացած է Ph.D. տիտղոսին, պիտի այցելէ մեր վարժարանը։ «Այսօրուայ մեր հիւրը աշխարհահռչակ ճանաչում գտած մանկավարժ-հոգեբան մըն է»,- ընդգծեց Պրն տնօրէնը եւ ապա ամպիոն հրաւիրեց դոկտ Բերկրուհի Նաճարեանը։

Փոքրակազմ, գեղեցիկ փայլուն դէմքով եւ խիստ ճաշակաւոր հագուածքով օրիորդ մըն էր։ Ներկայ եղող չափահաս այլ հիւրերու եւ մեր ուսուցիչներու դէմքերէն արդէն կռահած էինք թէ չափազանց յարգալից անձնաւորութիւն մը ըլլալու էր օրուան հիւրը։ Ոտքի կեցած, երկար շարքերով լուռ մտիկ կ’ընէինք զինք։ Առինքնող, մեղմ եւ ազդու ձեւ մը ունէր խօսելու։ Շնորհակալ էր իր հօրմէն, որ հակառակ սերունդի տարբերութեան եւ ժամանակի պարտադրանքին` առիթ տուած էր իրեն մինչեւ Ամերիկա երթալու եւ ուսանելու։ Պատկերացուցէ՛ք, ջարդի սերունդէն հայր մը ջարդի տարիներու աւարտին ծնած իր դստեր արտօնութիւն տայ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն ետք (1949-ին) մինչեւ Ամերիկա երթալու, որպէսզի բարձրագոյն ուսում ստանայ։ Օրիորդ Բերկրուհին երեք տարուայ մէջ կ’ամբողջացնէ մագիստրոսի եւ դոկտորայի պահանջած ծրագիրը եւ 1952-ին ամերիկացի փիլիսոփայ-մանկավարժ Ճան Տուիին մանկավարժական փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած իր աւարտական ճառով, բարձր գնահատականներով եւ բացառիկ յաջողութեամբ դոկտորայի աստիճանին արժանացած՝ կը վերադառնայ Լիբանան։

Դոկտ Նաճարեանին այդ օրուան մեզի տուած պատգամն էր, թէ «եթէ երազ ունիք, ձեր աշխատանքով ու կեցուածքով կրնաք համոզել ձեր շուրջինները, որպէսզի ձեր երազներուն ընթացք տան»։ Տրուած պատգամը հալէպեան մեր պայմաններով, մանաւանդ իգական սեռին համար, քաջութիւն, կորով ու աւի՛ւն սրսկող պատուաստ էր։

Շատ տարիներ անցան դպրոցական օրերէս։ Երբ ընտանիքով Նիւ Եորք հաստատուեցանք, մամուլէն կը փնտռէի իր անունը։

80-ական թուականներուն սկիզբը ԹՄՄ-ի տարեկան համագումարի, Վոլդորֆ Ասդորիայի մէջ հանդիպեցայ առաջին անգամ Դոկտ Բերկրուհի Նաճարեանին։ Տիկին Սվաճեան դարձած էր, եւ անոր համար զինքը չէի կրցած շուտով գտնել։ Նոր կորսնցուցած էր ամուսինը` ատամնաբույժ, պատմագէտ տոքթ Սթիվըն Սվաճեանը։ Պատմեցի մեր դպրոցական օրերէն այդ այցելութեան մասին։ Անշուշտ որ ինք չէր յիշէր հազարի հասնող աշակերտութեան իւրաքանչիւրը, որ զինք տեսած կամ լսած էր այդ օր։ Սակայն բացայայտ էր ուրախութիւնը, որ այդ օրերէն տպաւորուած մէկը վերապրեցնել կու տար հալէպեան այդ այցելութիւնը։ Հասցէներու փոխանակումէն ետք աւելի եւս ուրախացայ։ Աշխարհագրականօրէն ալ շատ մօ՛տ էի. նո՛յն շրջանին մէջ կ’ապրէինք։

Այդ օրուընէ սկսեալ շատ մը գեղարուեստական-գրական ձեռնարկներու երթ ու դարձի ճանապարհին մեր ինքնաշարժը ժամադրավայր էր իւրայատուկ ժողովներու, ազգային-եկեղեցական հարցերու վերլուծումներու, օրուան ձեռնարկին նիւթերը քննարկելու եւ գնահատելու, շատ յաճախ երեքով` դոկտորը, ամուսինս եւ ես։ Հիմա շատ կը ցաւիմ, որ օրը օրին չեմ արձանագրած կամ ձայնագրած մեր խօսակցութիւնները։ Ի՜նչ նիւթեր շօշափուած են հոն, չորս անիւներով փոքրիկ այդ սենեակին մէջ, մեզ տեղէ տեղ տանող, յաճախ մեր մտքերուն հետ սլացող ինքնաշարժին մէջ։ Խոստովանութիւն, գնահատանք եւ ափսոսանք, կատարուելիք աշխատանքներ, ծրագիրներ, որքա՜ն ընելիք ունէինք, ինչե՜ր կը մշակէինք միասնաբար լոյս ընծայելու։

1987-ին, 25 տարուայ ծառայութենէն ետք, վերջնականապէս թոշակի անցաւ Պրուքլին Համալսարանին մանկավարժական ամպիոնէն, որուն երկրորդական բաժնի վարիչն էր վերջին ինը տարիներուն։ Արդէն իսկ քանի՜ քանի կազմակերպութիւններէ ներս (հայ թէ օտար) ծրագիրներ մշակող ուղեղն էր եւ կամ գործօն մէկ անդամը գործադիր վարչութիւններու, որոնց կարգին նաեւ Նիւ Եորք քաղաքի Պէյսայտ շրջանի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի (ՍՆԱՎ) Ուսումնական Խորհրդին պատուակալ ատենապետն էր։ Իր թելադրութեամբ ալ ես մուտք կը գործէի յիշեալ վարժարանէն ներս որպէս տնօրէնուհի։

Դոկտ Սվաճեան ուր որ գտնուած է, ինչ յանձնախումբերու մէջ որ աշխատած է, արժանացած է իր աշխատակիցներուն բացարձակ յարգանքին ու հիացմունքին։ Իր իւրայատուկ ներդրումով, «իր հանճարեղ իմացական բարձր եւ իմաստուն մտքերով, իմաստութիւն՝ գործնական կաղապարի մէջ, գործադրելի տրամաբանութեամբ եւ ներուժ, վարակիչ խանդավառութեամբ». այսպէ՛ս կը բնութագրէր զինք Նիւ Եորք քաղաքի կրթական գրասենեակի փոխ նախագահ եւ տարիներու պաշտօնակից դոկտ Այրին Իմբէլիզզէրին 1991-ին, դոկտ Բերկրուհի Սվաճեանին կրթական եւ հասարակական գործունէութեան 50-ամեակին առթիւ Ս Վարդան Մայր Տաճարի Գաւուգճեան սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան իր ելոյթին ընթացքին։

«Բերկրուհի Սվաճեանը առասպել է ու միաժամանակ ներկայ պատմութիւն է»,- իրաւամբ ու անկեղծ հիացմունքով օրին յայտարարած էր դոկտ Իմբէլիզզէրին։ Ձեռնարկը համագործակցաբար կը հովանաւորէն Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդարանը, Հաուըրտ Գարակէօզեան, Ճինիշեան հիմնարկները, Նիւ Եորք քաղաքի կրթական նախարարութիւնը եւ Պրուքլին Գոլէճի տնօրէնութիւնը։

Դոկտ Բերկրուհի Սվաճեանի աշխատանքի ծիրը այնքան ընդարձակ էր որ գլխապտոյտ կ’առաջացնէր։ Մէնհէթընի Մանուկներու Թանգարանէն՝ Երեւանի Մանուկներու Թանգարանը, ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական թէ կրթական բաժնի պատասխանատու պաշտօնէն՝ Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն Թանգարանի արուեստի խորհրդատուի հանգամանքը, հայերէն դասագրքերու պատրաստման աշխատանքներէն Ճինիշեան, Գարակօզեան, Երուսաղէմի Բարեկամներու Յանձնախումբերու ժողովները, Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի կրթական ժողովները օրացոյցը կը լեցնէին զիրար հրմշտկող ժամադրութիւններով։ Իր մասնակցութիւնը կը բերէր Հայաստանի երախաներու Կաթի Ֆոնտի աշխատանքներուն, կը ճամբորդէր Հայաստանի Լենինականի մէջ հաստատուող ատամնաբուժական գրասենեակի աշխատանքներուն համար։ Ուշ գիշերին կամ շատ կանուխ հեռաւոր Աուստրալիայէն, Հայաստանէն կամ Եւրոպայէն հեռաձայնային խորհրդակցութիւններ կ’ունենար ազգային ցաւերով մտահոգ անձնաւորութիւններու եւ կամ գրքի մեկենաս կամ խորհրդատու փնտռող անհատներու հետ։ Եւ այս բոլորը՝ երբ արդէն պաշտօնապէս Դոկտ Սվաճեանը հանգստեան կոչուած էր։

Օրին իր անձին հմայքն ու յարգանքը քով քովի բերած էր ամերիկացի յարգուած մանկավարժ-հոգեբանները, արուեստի երկրպագուները՝ Գոլոմպիա համալսարանէն, կրթական նախարարութենէն, հանրաճանաչ մանկավարժ-հոգեբան Հաուըրտ Կարտնըրը Հարվըրտ համալսարանէն, արուեստի խորհրդատու Փրօֆ Գէրոլ Ֆայնպըրկը Նիւ Եորքէն եւ Հենրիկ Իգիթեանը Հայաստանէն՝ դարձեալ ու կրկի՛ն հայը իր ուրոյն մշակոյթով ժամանակակից նշանաւոր անհատներուն ծանօթացնելու եւ ճանչցնել տալու հեռանկարով։ Իր առասպելական, իմաստուն համեստութեամբ գրաւած էր շատ շատերու սրտերը եւ գրաւած անոնց անվերապահ յարգանքը։ Հայաստանի մանուկներու արուեստին ընդմէջէն, անոնց վրձինի հարուածներէն ու գործածած գոյներէն հայն ու մշակոյթը եւ Հայաստան աշխարհը մօտէն ճանչցնելու, գնահատել տալու իր ճիգը պարզ էր ու սրտաբուխ։ Իզուր չէր, որ ցուցահանդէսը կը կոչուէր “Look and look again: children’s art from Armenia – Տե՛ս, դարձեա՛լ տես. մանուկներու արուեստը Հայաստանէն»։

Վերջին տասնամեակին Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի ամավերջի հանդէսները գրեթէ առանց բացառութեան կը վայելէին իր գուրգուրոտ, քաջալերական ներկայութիւնը։ Մեծապէս կ’ուրախանար, երբ աշակերտները երկլեզու յայտագրի ընթացքին հանգիստ ու հեզասահ մէկ լեզուէն միւսը կ’անցնէին։ Կը շեշտուէր մայրենին, եւ կը յարգուէր տեղականը։ «Նման բնական պայմաններու մէջ է որ մեր մանուկները հանգիստ ու առողջ հոգեվիճակով անկաշկանդ ու արդիւնաբեր չափահասներ պիտի կարենան ըլլալ այս միջավայրին մէջ»,- կ’ըսէր։

1998-ին Նիւ Եորքի Էլլիս Կղզիի Մետալի մրցանակաբաշխման շքեղ հանդիսութեան մուտքին, երբ ՍՆԱՎ-ի աշակերտները հայկական ու ամերիկեան դրօշակները ձեռին, հայկական տարազներով, ամերիկեան ծովուժի պատուոյ դրօշակակիրներու հետ շարքով բարեւի կեցած կը դիմաւորեն ամբողջ Ամերիկայի տարածքէն տարբեր ազգութիւններու զանազան ակնառու ներկայացուցիչներ, որոնք այս կամ այն մարզին մէջ իրենց յաջողութիւններով պատիւ կը բերէին թէ՛ Ամերիկային եւ թէ՛ իրենց պատկանած համայնքներուն, ճառագայթող իր ժպիտով խումբէն բաժնուելով մօտեցաւ աշակերտներուն, մէկ մէկ շնորհաւորեց եւ խմբային նկարի համար կեցաւ։ Տասը օր չանցած` իւրաքանչիւր աշակերտին իր ձեռագիրով անձնական նօթ մը ղրկած էր փոքրիկ շրջանակներու մէջ` իր փափկանկատութեամբ փոքրիկներուն սրտերը գրաւելով եւ ծնողներուն իր անձին հանդէպ ունեցած յարգանքը կրկնապատկելով։

Նոյն տարուայ Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի Ս Վարդան համալիրին մէջ այդ օրերու Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդը կազմակերպած էր Մետալի շնորհաւորական ձեռնարկ մը` պատուելու համար տարուան մետալակիրներ Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու երկարամեայ ծխական ու Մայր Տաճարի հիմնադիրներէն Սվաճեան գերդաստանի արժանաւոր ներկայացուցիչը՝ Դոկտ Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեանը։ Իր շնորհակալութեան գիրը կ’ըսէր. «Երեկոն քաղցր յիշատակ մը աւելցուց, որուն համար ջերմօրէն շնորհակալ եմ։ Ուրախ էի, որ ընտրուած էի այդ մրցանակին արժանանալու ոչ միայն իմ անձիս համար, այլ մեր համայնքին վրայ թողած անդրադարձին համար»։

2000-ի ՍՆԱՎ-ի աւարտական հանդէսին բաւական տկար ու հիւծած, սակայն միշտ խնամքով ու ճաշակով հագուած՝ հո՛ն էր, առաջին շարքին, օրուան հիւր բանախօս բժշկուհի Գարոլէն Նաճարեանին եւ վարժարանի այլ պատուոյ հիւրերուն հետ։ Չէինք գիտեր, որ իր վերջին ներկայութիւնն էր այդ սրահէն ներս։

Երկար ամիսներու հիւանդանոցային կեանքէ մը ետք անաղմուկ չիջեցաւ։ Անսպասելի էր։ Միշտ կը յուսար, որ պիտի ելլէր հիւանդանոցէն         ու ամբողջացնէր այն գործերը, զոր սկսած էր։ Օր մը հիւանդանոցի իր սենեակին մէջ սրտի վիրահատման ենթարկուելէ մի քանի օր առաջ անկողնին մօտ երբ կը խօսակցէինք, պատահականօրէն ականջալուր եղանք սենեակին հանդիպակաց գրասենեակէն մեզի հասնող բժշկին բացատրութեան, որ վիրահատման ենթարկելու համար հիւանդանոցի փոփոխութիւնը կարգադրել կը ջանար։

Շիտակը չենք կրցած ճիշդ հասկնալ, թէ ինչէն կու գայ այս բարդութիւնը , երբեմն սիրտը ժայռի պէս ամուր է եւ սակայն․․․ գլուխը շարժելով կրկնեց իրեն սովոր յատուկ զսպուած մեղմ ժպիտով։

- Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ»,- ըսի կատակով, յետոյ՝ աւելցուցի․ - Մի՛ վախնաք, Դոկտ Սվաճեան, այս ալ պիտի յաղթահարէք։

Գործողութեան առաւօտուն կանուխ Մէնհէթընի Նիւ Եորք հիւանդանոցն էինք իր դստեր հետ։ Հիւանդապահուհիին օգնութեամբ լոգանքը առաւ, իր ոտքով գնաց դէպի գործողութեան սենեակը տանող պատգարակը – ազնուական ճաշակ ու մի՛տք կար իր լուռ կեցուածքին մէջ անգամ, որ չէր վրիպած հիւանդապահուհիին աչքէն։

- Ինչ արտակարգ կին է – մեզի դառնալով իր հիացմունքը չթաքցուց հիւանդապահուհին։

- Դոկտո՛ր, երկու օրուան մէջ այս աղջիկը ձեզ արդէն ճանչցեր է,- ըսի։

- Այո՛, աւելի լաւ, քան կարգ մը անձեր, որոնք շատ աւելի տարիներով զիս եւ աշխատանքս տեսած են,- ըսաւ` կրկին իմաստուն ժպիտ մը դէմքին, այս անգամ չթաքնուած տխրութեամբ, աչքերը մեզի, ձեռքը օրօրելով պատգարակին հետ հեռացաւ։ Աչքերով հետեւեցանք մինչեւ գործողութեան բաժնի դռներէն անդին անցնելը։ Չէի գիտեր, որ իր բնական ձայնով վերջին խօսքը պիտի ըլլար այդ նախադասութիւնը։

Յաջորդ օրը յատուկ խնամքի բաժնին մէջ չորս անկողինով սենեակին մը մէջ պառկած էր։ Չորս հիւանդներն ալ յատուկ մեքենաներու կապուած ուղղակի հսկողութեան տակ էին։ Երեքը տղամարդ էին, միակ կինը ինք էր։ Իր մահճակալին հանդիպակաց հիւանդը Նիւ Եորք քաղաքի նախկին քաղաքապետներէն մէկն էր։ Մեր նախկին խօսակցութիւններէն մէկուն ակնարկելով` կատակով ականջին փսփսացի

- Դոկտո՛ր, նկատեցի՞ք, որ հոս ալ կարեւոր մարդոցմով շրջապատուած ժողովի մէջ էք եւ միա՛կ կինը։ Հաւանաբար դուք կրնաք որոշել, թէ ով պիտի ըլլայ Ամերիկայի նախագահը։

Թթուածինի ապակիին տակէն ժպտաց եւ գլուխը շարժեց։ Կոր-Պուշ ընտրութիւնները ընթացքի մէջ էին։ Շուտով հարցուց, թէ տակաւին չէ՞ր որոշուած նախագահը։ «Ո՛չ»,- ըսի։ Հիւանդապահուհին հարցուց, թէ ինչ կ’ըսէր, ըսի, թէ ընտրութիւններու մասին կը խօսէինք։

- Արտակարգ կին է,- ըսաւ ա՛յս հիւանդապահուհին ալ եւ աւելցուց. - Հիւանդի այս անկողնին մէջ, հոգ չէ թէ բոլորն ալ նոյն համազգեստին տակ են, կը զգանք եւ կրնանք զանազանել, թէ մեր հիւանդը ով է եւ ինչ անհատականութիւն եւ նկարագիր ունի։

- Անկասկա՛ծ,-ըսի։

Խարբերդի գիւղերէն փոքրիկ քնքոյշ այս աղջիկը, աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ իր անուան հետ հայութիւն սփռող ազնուաշուք, հանճարեղ հայ տիկինը, Նիւ Եորք հիւանդանոցի մահիճին մէջ ֆիզիքապէս աւելի՛ եւս հիւծած, փոքրացած ֆիզիքականով եւ անխօս իր գոյութեամբ կը տպաւորէր նոյնիսկ իր ժամանակաւոր խնամատարը։

Կարճ այցելութիւններ կը թոյլատրուէին։ Ամիսներ շարունակ, յաջորդական բարդութիւններով երկարաձգուեցաւ հիւանդանոցային իր կեանքը։

1918 Նոյեմբեր 11-ին, Զինադադարի եւ խաղաղութեան դաշինք կնքուած օրուան ծնած ըլլալը նախախնամական կը գտնէր եւ հաւատացած էր, որ տակաւին շատ ընելիքներ ունէր։ Փխրուն մարմինը եւ հայու ճակատագրով քսաներորդ դարու գրեթէ բոլոր դառնութիւնները ճաշակած ու անոնց վերիվայրումներու թոհուբոհով թրծուած հոգին ու ապառաժի պէս ամուր սիրտը պայքարի մէջ էին։ Բուժումի բոլոր միջոցները գործադրուած էին։ Վերջապէս զինք դարձեալ ուրիշ հիւանդանոց փոխադրելու որոշում տրուած էր։

Երկու օր չանցած` դուստրը զանգեց։ Մինակ էր։ Սպասուածը յստակ էր իր ձայնէն։ Պէտք էր երթար մահուան տեղեկագիրը ստորագրելու։ «Ես կը տանիմ քեզ հիւանդանոց»,- ըսի։

Զինք գտանք սենեակին առանձնութեան մէջ, միեւնոյն ժպիտով, կիսափակ աչքերով հանդարտ պառկած, քունի մէջ ըլլար կարծես։ Մարմինը տաք էր տակաւին։ Միասին հայերէն «Հայր մեր» մը ըսինք եւ զինք ձգեցինք ի՛ր ժպիտով, այդ մենութեան ու ահաւոր շեշտուած լռութեան մը մէջ։

Ետին թողած պարապութիւնը անչափելի է։

«Իր իմաստուն խորհուրդները մեզ վարժեցուցած էին միշտ իր հաւանութիւնը առնելու կարեւոր որոշումէ մը առաջ։ Հասկնալու անծայրածիր կարողութիւն ունեցող մէկն է այս կինը»,- վկայած են իր աշակերտներէն շատ ու շատեր։

Իսկ ամէնէն դիպուկ վկայութիւնը կու գայ Փրօֆ Մօրուս Հասրաթեանէն. «Մարդիկ հիացմունքով կ’արտայայտուէին իր (Բերկրուհի Նաճարեանին) կարողութեան եւ յաջողութիւններուն մասին։ Ասոնք բացառիկ, սակայն կարելի երեւոյթներ են։ Ինչ որ զիս ա՛յս տարիքիս կ’ապշեցնէ իր ա՛յդ տարիքին, իր մէջ կուտակուած համեստութեան, հասունութեան, կենցաղագիտութեան եւ իմաստութեան միաձուլուած ամբողջութիւնն է»։

Իսկ Վահէ Օշական կ’աւելցնէ«Դուք միակ անձն էք մեր համայնքին մէջ, որուն դատողութիւնը կը յարգուի բոլոր կուսակցական եւ կրօնական հետեւողութիւն ունեցող անձերէն։ Դուք մէկ հանդիպումով մը միայն կրնաք բոլոր հոսանքներու պատկանող երիտասարդ մտաւորականները ի մի բերել»։

Մահուընէ ետք նիւեորքեան ձիւն փոթորիկը չթողուց, որ տան կարգը որոշուած թուականին կատարուի։ Արդէն, ի՛ր փափաքով մարմինը Երուսաղէմ պիտի փոխադրուէր ամուսնոյն քով, Երուսաղէմի Հայոց գերեզմանատան մէջ թաղուելու: Լիբանանէն, Կիպրոսէն մինչեւ Ամերիկա յաւուր պատշաճի խօսքեր գրուեցան։ Սակայն դժուար թէ այդ բոլորը համապատասխանէին իր անթիւ-անհամար զոհողութիւններուն ու անսակարկ նուիրումին, մէկ խօսքով՝ իր մեծութեան։ Խարբերդէն ծլարձակող ու դէպի Հալէպ, Պէյրութ, Ամերիկա երկարող բազմաբեղուն կեանք մը, Միջին Արեւելքէն Եւրոպա ու Աուստրալիա կարկին չընդունող նուիրումի ու աշխատանքի ծիրը այսպէս համեստօրէն փակուեցաւ։

 Բծախնդիր, աչքէն ոչ մէկ բան վրիպող հարցերուն իր սեղմ եւ դիպուկ գնահատականը ունէր, որոնցմէ մին՝ ՍՆԱՎ-ի երեսնամեայ հանդիսութեան իր ելոյթին ընդգծուած խօսքն էր.

«Հաճելի չէ ահազանգ հնչեցնել։ Սակայն վտանգաւոր է անտեսել վտանգը։ Հայ դպրոցը համայնքի կարեւոր լաստերէն մին նկատելու զգաստութիւնը կը պակսի։ Սփիւռքը, մանաւա՛նդ Միացեալ Նահանգները, իր նիւթական եւ իմացական կարողականութեամբ պէտք է զգաստանայ` հեռանալով անձնապաշտութենէ, կամայականութենէ, որպէսզի դադրի կազմալուծումը համայնքին»։

Սիրելի՛ դոկտ Սվաճեան, մաղթանքս է, որ յիշատակիդ հետ գէթ այս պատգամդ արձագանգէ բոլոր անոնց հոգիներէն ներս, որոնց սիրտը տակաւին կը բաբախէ հայութեան առողջ ու հայեցի գոյատեւման համար։

Բիւր յարգանք, խունկ ու ծունկ մը աղօթք Ձեր անմոռաց յիշատակին։

Պրուքլին, Նիւ Եորք, Յունուար, 2002

«Նոր օր», Լոս Անճելըս, 2 Մարտ, Շաբաթ, 2002

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...