Search This Blog

Search This Blog

Wednesday, February 24, 2021

Dr. Pergrouhi Svajian- ԱՆԱՂՄՈՒԿ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ

 

ԱՆԱՂՄՈՒԿ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ ԴՈԿՏ ԲԵՐԿՐՈՒՀԻ ՍՎԱՃԵԱՆ

(Նոյեմբեր 11, 1918 - Փետրուար 24, 2001)

մահուան Ա տարելիցին առթիւ

A people will not look forward to posterity who never look backward to their ancestors.

Edmund Burke

Հալէպի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի երկրորդականի տարիներու առթիւ ունեցած էինք ծանօթանալու հայրենի թէ սփիւռքահայ նշանաւոր անձնաւորութիւններու, որոնք կ’այցելէին մեր վարժարանը։ Մեր աշակերտական օրերու յիշատակները հարստացած են եւ մեր երեւակայութեան թեւ ու թռիչք տուած են զանազան հայ համայնքներէ արուեստագէտներ, բանաստեղծ թէ գիտնական այցելուներ։ Տնօրէնը – իմ օրերուս՝ Պրն Երուանդ Ակիշեանը միջանցք-սրահին մէջ հաւաքել կու տար մեզ եւ մեծ խանդավառութեամբ կը ներկայացնէր օրուան հիւրը։

Որքան ալ աշակերտական չարաճճիութեամբ կ’ուրախանայինք, որ տուեալ ժամանակի դասապահը պիտի կրճատուէր այդ հանդիպումով, մեր դաստիարակները վստահ էին, որ իրական կեանքէ, կենդանի տիպար անձեր մեր երեւակայութեան մէջ եւ մեր մատղաշ հոգիներու «Թապուլա ռազային» վրայ բան մը պիտի դրոշմէին։ Արդէն ներկայ ժամանակներու հետ բաղդատած՝ լսատեսողական դաստիարակութեան համար շատ կարելիութիւններ չկային։ «Նշանաւոր մարդիկ» կու գային մեզի, դպրոցականներուս կը պատմէին իրենց կեանքէն ու մասնագիտութենէն։ Այսպէս, անձամբ ներկայութիւնը վայելած եւ ծանօթացած էինք Անդրանիկ Անդրէասեանին, Սիլվա Կապուտիկեանին, Հրաչեայ Յովհաննիսեանին եւ շատ շատերու։

Օր մըն ալ – Պրն Ակիշեանը յայտարարեց, որ Լիբանանէն հայ կին մը, նախկին հալէպցի, շատ հաւանաբար իր սերունդին առաջինը ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ, մասնագիտական ուսում ստացած է, դոկտորայի աստիճանի հասած եւ արժանացած է Ph.D. տիտղոսին, պիտի այցելէ մեր վարժարանը։ «Այսօրուայ մեր հիւրը աշխարհահռչակ ճանաչում գտած մանկավարժ-հոգեբան մըն է»,- ընդգծեց Պրն տնօրէնը եւ ապա ամպիոն հրաւիրեց դոկտ Բերկրուհի Նաճարեանը։

Փոքրակազմ, գեղեցիկ փայլուն դէմքով եւ խիստ ճաշակաւոր հագուածքով օրիորդ մըն էր։ Ներկայ եղող չափահաս այլ հիւրերու եւ մեր ուսուցիչներու դէմքերէն արդէն կռահած էինք թէ չափազանց յարգալից անձնաւորութիւն մը ըլլալու էր օրուան հիւրը։ Ոտքի կեցած, երկար շարքերով լուռ մտիկ կ’ընէինք զինք։ Առինքնող, մեղմ եւ ազդու ձեւ մը ունէր խօսելու։ Շնորհակալ էր իր հօրմէն, որ հակառակ սերունդի տարբերութեան եւ ժամանակի պարտադրանքին` առիթ տուած էր իրեն մինչեւ Ամերիկա երթալու եւ ուսանելու։ Պատկերացուցէ՛ք, ջարդի սերունդէն հայր մը ջարդի տարիներու աւարտին ծնած իր դստեր արտօնութիւն տայ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն ետք (1949-ին) մինչեւ Ամերիկա երթալու, որպէսզի բարձրագոյն ուսում ստանայ։ Օրիորդ Բերկրուհին երեք տարուայ մէջ կ’ամբողջացնէ մագիստրոսի եւ դոկտորայի պահանջած ծրագիրը եւ 1952-ին ամերիկացի փիլիսոփայ-մանկավարժ Ճան Տուիին մանկավարժական փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած իր աւարտական ճառով, բարձր գնահատականներով եւ բացառիկ յաջողութեամբ դոկտորայի աստիճանին արժանացած՝ կը վերադառնայ Լիբանան։

Դոկտ Նաճարեանին այդ օրուան մեզի տուած պատգամն էր, թէ «եթէ երազ ունիք, ձեր աշխատանքով ու կեցուածքով կրնաք համոզել ձեր շուրջինները, որպէսզի ձեր երազներուն ընթացք տան»։ Տրուած պատգամը հալէպեան մեր պայմաններով, մանաւանդ իգական սեռին համար, քաջութիւն, կորով ու աւի՛ւն սրսկող պատուաստ էր։

Շատ տարիներ անցան դպրոցական օրերէս։ Երբ ընտանիքով Նիւ Եորք հաստատուեցանք, մամուլէն կը փնտռէի իր անունը։

80-ական թուականներուն սկիզբը ԹՄՄ-ի տարեկան համագումարի, Վոլդորֆ Ասդորիայի մէջ հանդիպեցայ առաջին անգամ Դոկտ Բերկրուհի Նաճարեանին։ Տիկին Սվաճեան դարձած էր, եւ անոր համար զինքը չէի կրցած շուտով գտնել։ Նոր կորսնցուցած էր ամուսինը` ատամնաբույժ, պատմագէտ տոքթ Սթիվըն Սվաճեանը։ Պատմեցի մեր դպրոցական օրերէն այդ այցելութեան մասին։ Անշուշտ որ ինք չէր յիշէր հազարի հասնող աշակերտութեան իւրաքանչիւրը, որ զինք տեսած կամ լսած էր այդ օր։ Սակայն բացայայտ էր ուրախութիւնը, որ այդ օրերէն տպաւորուած մէկը վերապրեցնել կու տար հալէպեան այդ այցելութիւնը։ Հասցէներու փոխանակումէն ետք աւելի եւս ուրախացայ։ Աշխարհագրականօրէն ալ շատ մօ՛տ էի. նո՛յն շրջանին մէջ կ’ապրէինք։

Այդ օրուընէ սկսեալ շատ մը գեղարուեստական-գրական ձեռնարկներու երթ ու դարձի ճանապարհին մեր ինքնաշարժը ժամադրավայր էր իւրայատուկ ժողովներու, ազգային-եկեղեցական հարցերու վերլուծումներու, օրուան ձեռնարկին նիւթերը քննարկելու եւ գնահատելու, շատ յաճախ երեքով` դոկտորը, ամուսինս եւ ես։ Հիմա շատ կը ցաւիմ, որ օրը օրին չեմ արձանագրած կամ ձայնագրած մեր խօսակցութիւնները։ Ի՜նչ նիւթեր շօշափուած են հոն, չորս անիւներով փոքրիկ այդ սենեակին մէջ, մեզ տեղէ տեղ տանող, յաճախ մեր մտքերուն հետ սլացող ինքնաշարժին մէջ։ Խոստովանութիւն, գնահատանք եւ ափսոսանք, կատարուելիք աշխատանքներ, ծրագիրներ, որքա՜ն ընելիք ունէինք, ինչե՜ր կը մշակէինք միասնաբար լոյս ընծայելու։

1987-ին, 25 տարուայ ծառայութենէն ետք, վերջնականապէս թոշակի անցաւ Պրուքլին Համալսարանին մանկավարժական ամպիոնէն, որուն երկրորդական բաժնի վարիչն էր վերջին ինը տարիներուն։ Արդէն իսկ քանի՜ քանի կազմակերպութիւններէ ներս (հայ թէ օտար) ծրագիրներ մշակող ուղեղն էր եւ կամ գործօն մէկ անդամը գործադիր վարչութիւններու, որոնց կարգին նաեւ Նիւ Եորք քաղաքի Պէյսայտ շրջանի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի (ՍՆԱՎ) Ուսումնական Խորհրդին պատուակալ ատենապետն էր։ Իր թելադրութեամբ ալ ես մուտք կը գործէի յիշեալ վարժարանէն ներս որպէս տնօրէնուհի։

Դոկտ Սվաճեան ուր որ գտնուած է, ինչ յանձնախումբերու մէջ որ աշխատած է, արժանացած է իր աշխատակիցներուն բացարձակ յարգանքին ու հիացմունքին։ Իր իւրայատուկ ներդրումով, «իր հանճարեղ իմացական բարձր եւ իմաստուն մտքերով, իմաստութիւն՝ գործնական կաղապարի մէջ, գործադրելի տրամաբանութեամբ եւ ներուժ, վարակիչ խանդավառութեամբ». այսպէ՛ս կը բնութագրէր զինք Նիւ Եորք քաղաքի կրթական գրասենեակի փոխ նախագահ եւ տարիներու պաշտօնակից դոկտ Այրին Իմբէլիզզէրին 1991-ին, դոկտ Բերկրուհի Սվաճեանին կրթական եւ հասարակական գործունէութեան 50-ամեակին առթիւ Ս Վարդան Մայր Տաճարի Գաւուգճեան սրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան իր ելոյթին ընթացքին։

«Բերկրուհի Սվաճեանը առասպել է ու միաժամանակ ներկայ պատմութիւն է»,- իրաւամբ ու անկեղծ հիացմունքով օրին յայտարարած էր դոկտ Իմբէլիզզէրին։ Ձեռնարկը համագործակցաբար կը հովանաւորէն Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդարանը, Հաուըրտ Գարակէօզեան, Ճինիշեան հիմնարկները, Նիւ Եորք քաղաքի կրթական նախարարութիւնը եւ Պրուքլին Գոլէճի տնօրէնութիւնը։

Դոկտ Բերկրուհի Սվաճեանի աշխատանքի ծիրը այնքան ընդարձակ էր որ գլխապտոյտ կ’առաջացնէր։ Մէնհէթընի Մանուկներու Թանգարանէն՝ Երեւանի Մանուկներու Թանգարանը, ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական թէ կրթական բաժնի պատասխանատու պաշտօնէն՝ Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն Թանգարանի արուեստի խորհրդատուի հանգամանքը, հայերէն դասագրքերու պատրաստման աշխատանքներէն Ճինիշեան, Գարակօզեան, Երուսաղէմի Բարեկամներու Յանձնախումբերու ժողովները, Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի կրթական ժողովները օրացոյցը կը լեցնէին զիրար հրմշտկող ժամադրութիւններով։ Իր մասնակցութիւնը կը բերէր Հայաստանի երախաներու Կաթի Ֆոնտի աշխատանքներուն, կը ճամբորդէր Հայաստանի Լենինականի մէջ հաստատուող ատամնաբուժական գրասենեակի աշխատանքներուն համար։ Ուշ գիշերին կամ շատ կանուխ հեռաւոր Աուստրալիայէն, Հայաստանէն կամ Եւրոպայէն հեռաձայնային խորհրդակցութիւններ կ’ունենար ազգային ցաւերով մտահոգ անձնաւորութիւններու եւ կամ գրքի մեկենաս կամ խորհրդատու փնտռող անհատներու հետ։ Եւ այս բոլորը՝ երբ արդէն պաշտօնապէս Դոկտ Սվաճեանը հանգստեան կոչուած էր։

Օրին իր անձին հմայքն ու յարգանքը քով քովի բերած էր ամերիկացի յարգուած մանկավարժ-հոգեբանները, արուեստի երկրպագուները՝ Գոլոմպիա համալսարանէն, կրթական նախարարութենէն, հանրաճանաչ մանկավարժ-հոգեբան Հաուըրտ Կարտնըրը Հարվըրտ համալսարանէն, արուեստի խորհրդատու Փրօֆ Գէրոլ Ֆայնպըրկը Նիւ Եորքէն եւ Հենրիկ Իգիթեանը Հայաստանէն՝ դարձեալ ու կրկի՛ն հայը իր ուրոյն մշակոյթով ժամանակակից նշանաւոր անհատներուն ծանօթացնելու եւ ճանչցնել տալու հեռանկարով։ Իր առասպելական, իմաստուն համեստութեամբ գրաւած էր շատ շատերու սրտերը եւ գրաւած անոնց անվերապահ յարգանքը։ Հայաստանի մանուկներու արուեստին ընդմէջէն, անոնց վրձինի հարուածներէն ու գործածած գոյներէն հայն ու մշակոյթը եւ Հայաստան աշխարհը մօտէն ճանչցնելու, գնահատել տալու իր ճիգը պարզ էր ու սրտաբուխ։ Իզուր չէր, որ ցուցահանդէսը կը կոչուէր “Look and look again: children’s art from Armenia – Տե՛ս, դարձեա՛լ տես. մանուկներու արուեստը Հայաստանէն»։

Վերջին տասնամեակին Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի ամավերջի հանդէսները գրեթէ առանց բացառութեան կը վայելէին իր գուրգուրոտ, քաջալերական ներկայութիւնը։ Մեծապէս կ’ուրախանար, երբ աշակերտները երկլեզու յայտագրի ընթացքին հանգիստ ու հեզասահ մէկ լեզուէն միւսը կ’անցնէին։ Կը շեշտուէր մայրենին, եւ կը յարգուէր տեղականը։ «Նման բնական պայմաններու մէջ է որ մեր մանուկները հանգիստ ու առողջ հոգեվիճակով անկաշկանդ ու արդիւնաբեր չափահասներ պիտի կարենան ըլլալ այս միջավայրին մէջ»,- կ’ըսէր։

1998-ին Նիւ Եորքի Էլլիս Կղզիի Մետալի մրցանակաբաշխման շքեղ հանդիսութեան մուտքին, երբ ՍՆԱՎ-ի աշակերտները հայկական ու ամերիկեան դրօշակները ձեռին, հայկական տարազներով, ամերիկեան ծովուժի պատուոյ դրօշակակիրներու հետ շարքով բարեւի կեցած կը դիմաւորեն ամբողջ Ամերիկայի տարածքէն տարբեր ազգութիւններու զանազան ակնառու ներկայացուցիչներ, որոնք այս կամ այն մարզին մէջ իրենց յաջողութիւններով պատիւ կը բերէին թէ՛ Ամերիկային եւ թէ՛ իրենց պատկանած համայնքներուն, ճառագայթող իր ժպիտով խումբէն բաժնուելով մօտեցաւ աշակերտներուն, մէկ մէկ շնորհաւորեց եւ խմբային նկարի համար կեցաւ։ Տասը օր չանցած` իւրաքանչիւր աշակերտին իր ձեռագիրով անձնական նօթ մը ղրկած էր փոքրիկ շրջանակներու մէջ` իր փափկանկատութեամբ փոքրիկներուն սրտերը գրաւելով եւ ծնողներուն իր անձին հանդէպ ունեցած յարգանքը կրկնապատկելով։

Նոյն տարուայ Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի Ս Վարդան համալիրին մէջ այդ օրերու Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդը կազմակերպած էր Մետալի շնորհաւորական ձեռնարկ մը` պատուելու համար տարուան մետալակիրներ Առաջնորդ Սրբազան հայրն ու երկարամեայ ծխական ու Մայր Տաճարի հիմնադիրներէն Սվաճեան գերդաստանի արժանաւոր ներկայացուցիչը՝ Դոկտ Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեանը։ Իր շնորհակալութեան գիրը կ’ըսէր. «Երեկոն քաղցր յիշատակ մը աւելցուց, որուն համար ջերմօրէն շնորհակալ եմ։ Ուրախ էի, որ ընտրուած էի այդ մրցանակին արժանանալու ոչ միայն իմ անձիս համար, այլ մեր համայնքին վրայ թողած անդրադարձին համար»։

2000-ի ՍՆԱՎ-ի աւարտական հանդէսին բաւական տկար ու հիւծած, սակայն միշտ խնամքով ու ճաշակով հագուած՝ հո՛ն էր, առաջին շարքին, օրուան հիւր բանախօս բժշկուհի Գարոլէն Նաճարեանին եւ վարժարանի այլ պատուոյ հիւրերուն հետ։ Չէինք գիտեր, որ իր վերջին ներկայութիւնն էր այդ սրահէն ներս։

Երկար ամիսներու հիւանդանոցային կեանքէ մը ետք անաղմուկ չիջեցաւ։ Անսպասելի էր։ Միշտ կը յուսար, որ պիտի ելլէր հիւանդանոցէն         ու ամբողջացնէր այն գործերը, զոր սկսած էր։ Օր մը հիւանդանոցի իր սենեակին մէջ սրտի վիրահատման ենթարկուելէ մի քանի օր առաջ անկողնին մօտ երբ կը խօսակցէինք, պատահականօրէն ականջալուր եղանք սենեակին հանդիպակաց գրասենեակէն մեզի հասնող բժշկին բացատրութեան, որ վիրահատման ենթարկելու համար հիւանդանոցի փոփոխութիւնը կարգադրել կը ջանար։

Շիտակը չենք կրցած ճիշդ հասկնալ, թէ ինչէն կու գայ այս բարդութիւնը , երբեմն սիրտը ժայռի պէս ամուր է եւ սակայն․․․ գլուխը շարժելով կրկնեց իրեն սովոր յատուկ զսպուած մեղմ ժպիտով։

- Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ»,- ըսի կատակով, յետոյ՝ աւելցուցի․ - Մի՛ վախնաք, Դոկտ Սվաճեան, այս ալ պիտի յաղթահարէք։

Գործողութեան առաւօտուն կանուխ Մէնհէթընի Նիւ Եորք հիւանդանոցն էինք իր դստեր հետ։ Հիւանդապահուհիին օգնութեամբ լոգանքը առաւ, իր ոտքով գնաց դէպի գործողութեան սենեակը տանող պատգարակը – ազնուական ճաշակ ու մի՛տք կար իր լուռ կեցուածքին մէջ անգամ, որ չէր վրիպած հիւանդապահուհիին աչքէն։

- Ինչ արտակարգ կին է – մեզի դառնալով իր հիացմունքը չթաքցուց հիւանդապահուհին։

- Դոկտո՛ր, երկու օրուան մէջ այս աղջիկը ձեզ արդէն ճանչցեր է,- ըսի։

- Այո՛, աւելի լաւ, քան կարգ մը անձեր, որոնք շատ աւելի տարիներով զիս եւ աշխատանքս տեսած են,- ըսաւ` կրկին իմաստուն ժպիտ մը դէմքին, այս անգամ չթաքնուած տխրութեամբ, աչքերը մեզի, ձեռքը օրօրելով պատգարակին հետ հեռացաւ։ Աչքերով հետեւեցանք մինչեւ գործողութեան բաժնի դռներէն անդին անցնելը։ Չէի գիտեր, որ իր բնական ձայնով վերջին խօսքը պիտի ըլլար այդ նախադասութիւնը։

Յաջորդ օրը յատուկ խնամքի բաժնին մէջ չորս անկողինով սենեակին մը մէջ պառկած էր։ Չորս հիւանդներն ալ յատուկ մեքենաներու կապուած ուղղակի հսկողութեան տակ էին։ Երեքը տղամարդ էին, միակ կինը ինք էր։ Իր մահճակալին հանդիպակաց հիւանդը Նիւ Եորք քաղաքի նախկին քաղաքապետներէն մէկն էր։ Մեր նախկին խօսակցութիւններէն մէկուն ակնարկելով` կատակով ականջին փսփսացի

- Դոկտո՛ր, նկատեցի՞ք, որ հոս ալ կարեւոր մարդոցմով շրջապատուած ժողովի մէջ էք եւ միա՛կ կինը։ Հաւանաբար դուք կրնաք որոշել, թէ ով պիտի ըլլայ Ամերիկայի նախագահը։

Թթուածինի ապակիին տակէն ժպտաց եւ գլուխը շարժեց։ Կոր-Պուշ ընտրութիւնները ընթացքի մէջ էին։ Շուտով հարցուց, թէ տակաւին չէ՞ր որոշուած նախագահը։ «Ո՛չ»,- ըսի։ Հիւանդապահուհին հարցուց, թէ ինչ կ’ըսէր, ըսի, թէ ընտրութիւններու մասին կը խօսէինք։

- Արտակարգ կին է,- ըսաւ ա՛յս հիւանդապահուհին ալ եւ աւելցուց. - Հիւանդի այս անկողնին մէջ, հոգ չէ թէ բոլորն ալ նոյն համազգեստին տակ են, կը զգանք եւ կրնանք զանազանել, թէ մեր հիւանդը ով է եւ ինչ անհատականութիւն եւ նկարագիր ունի։

- Անկասկա՛ծ,-ըսի։

Խարբերդի գիւղերէն փոքրիկ քնքոյշ այս աղջիկը, աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ իր անուան հետ հայութիւն սփռող ազնուաշուք, հանճարեղ հայ տիկինը, Նիւ Եորք հիւանդանոցի մահիճին մէջ ֆիզիքապէս աւելի՛ եւս հիւծած, փոքրացած ֆիզիքականով եւ անխօս իր գոյութեամբ կը տպաւորէր նոյնիսկ իր ժամանակաւոր խնամատարը։

Կարճ այցելութիւններ կը թոյլատրուէին։ Ամիսներ շարունակ, յաջորդական բարդութիւններով երկարաձգուեցաւ հիւանդանոցային իր կեանքը։

1918 Նոյեմբեր 11-ին, Զինադադարի եւ խաղաղութեան դաշինք կնքուած օրուան ծնած ըլլալը նախախնամական կը գտնէր եւ հաւատացած էր, որ տակաւին շատ ընելիքներ ունէր։ Փխրուն մարմինը եւ հայու ճակատագրով քսաներորդ դարու գրեթէ բոլոր դառնութիւնները ճաշակած ու անոնց վերիվայրումներու թոհուբոհով թրծուած հոգին ու ապառաժի պէս ամուր սիրտը պայքարի մէջ էին։ Բուժումի բոլոր միջոցները գործադրուած էին։ Վերջապէս զինք դարձեալ ուրիշ հիւանդանոց փոխադրելու որոշում տրուած էր։

Երկու օր չանցած` դուստրը զանգեց։ Մինակ էր։ Սպասուածը յստակ էր իր ձայնէն։ Պէտք էր երթար մահուան տեղեկագիրը ստորագրելու։ «Ես կը տանիմ քեզ հիւանդանոց»,- ըսի։

Զինք գտանք սենեակին առանձնութեան մէջ, միեւնոյն ժպիտով, կիսափակ աչքերով հանդարտ պառկած, քունի մէջ ըլլար կարծես։ Մարմինը տաք էր տակաւին։ Միասին հայերէն «Հայր մեր» մը ըսինք եւ զինք ձգեցինք ի՛ր ժպիտով, այդ մենութեան ու ահաւոր շեշտուած լռութեան մը մէջ։

Ետին թողած պարապութիւնը անչափելի է։

«Իր իմաստուն խորհուրդները մեզ վարժեցուցած էին միշտ իր հաւանութիւնը առնելու կարեւոր որոշումէ մը առաջ։ Հասկնալու անծայրածիր կարողութիւն ունեցող մէկն է այս կինը»,- վկայած են իր աշակերտներէն շատ ու շատեր։

Իսկ ամէնէն դիպուկ վկայութիւնը կու գայ Փրօֆ Մօրուս Հասրաթեանէն. «Մարդիկ հիացմունքով կ’արտայայտուէին իր (Բերկրուհի Նաճարեանին) կարողութեան եւ յաջողութիւններուն մասին։ Ասոնք բացառիկ, սակայն կարելի երեւոյթներ են։ Ինչ որ զիս ա՛յս տարիքիս կ’ապշեցնէ իր ա՛յդ տարիքին, իր մէջ կուտակուած համեստութեան, հասունութեան, կենցաղագիտութեան եւ իմաստութեան միաձուլուած ամբողջութիւնն է»։

Իսկ Վահէ Օշական կ’աւելցնէ«Դուք միակ անձն էք մեր համայնքին մէջ, որուն դատողութիւնը կը յարգուի բոլոր կուսակցական եւ կրօնական հետեւողութիւն ունեցող անձերէն։ Դուք մէկ հանդիպումով մը միայն կրնաք բոլոր հոսանքներու պատկանող երիտասարդ մտաւորականները ի մի բերել»։

Մահուընէ ետք նիւեորքեան ձիւն փոթորիկը չթողուց, որ տան կարգը որոշուած թուականին կատարուի։ Արդէն, ի՛ր փափաքով մարմինը Երուսաղէմ պիտի փոխադրուէր ամուսնոյն քով, Երուսաղէմի Հայոց գերեզմանատան մէջ թաղուելու: Լիբանանէն, Կիպրոսէն մինչեւ Ամերիկա յաւուր պատշաճի խօսքեր գրուեցան։ Սակայն դժուար թէ այդ բոլորը համապատասխանէին իր անթիւ-անհամար զոհողութիւններուն ու անսակարկ նուիրումին, մէկ խօսքով՝ իր մեծութեան։ Խարբերդէն ծլարձակող ու դէպի Հալէպ, Պէյրութ, Ամերիկա երկարող բազմաբեղուն կեանք մը, Միջին Արեւելքէն Եւրոպա ու Աուստրալիա կարկին չընդունող նուիրումի ու աշխատանքի ծիրը այսպէս համեստօրէն փակուեցաւ։

 Բծախնդիր, աչքէն ոչ մէկ բան վրիպող հարցերուն իր սեղմ եւ դիպուկ գնահատականը ունէր, որոնցմէ մին՝ ՍՆԱՎ-ի երեսնամեայ հանդիսութեան իր ելոյթին ընդգծուած խօսքն էր.

«Հաճելի չէ ահազանգ հնչեցնել։ Սակայն վտանգաւոր է անտեսել վտանգը։ Հայ դպրոցը համայնքի կարեւոր լաստերէն մին նկատելու զգաստութիւնը կը պակսի։ Սփիւռքը, մանաւա՛նդ Միացեալ Նահանգները, իր նիւթական եւ իմացական կարողականութեամբ պէտք է զգաստանայ` հեռանալով անձնապաշտութենէ, կամայականութենէ, որպէսզի դադրի կազմալուծումը համայնքին»։

Սիրելի՛ դոկտ Սվաճեան, մաղթանքս է, որ յիշատակիդ հետ գէթ այս պատգամդ արձագանգէ բոլոր անոնց հոգիներէն ներս, որոնց սիրտը տակաւին կը բաբախէ հայութեան առողջ ու հայեցի գոյատեւման համար։

Բիւր յարգանք, խունկ ու ծունկ մը աղօթք Ձեր անմոռաց յիշատակին։

Պրուքլին, Նիւ Եորք, Յունուար, 2002

«Նոր օր», Լոս Անճելըս, 2 Մարտ, Շաբաթ, 2002

No comments:

Post a Comment

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...