Search This Blog

Search This Blog

Sunday, October 16, 2022

Nubar Berberian_Dr._Book Review by Zarmine Boghosian-2022

 




ԱՆԽՈՆՋ ԽՄԲԱԳԻՐԸ`

ԴՈԿՏ․ ՆՈՒՊԱՐ Գ․ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԸ

 

«Հայ դատը ոչ միայն ազգային կուսակցութեանց նպատակներուն գլուխը կը գտնուի, այլ պէտք է գլուխը գտնուի ամէն հայու հետապնդած ազգային նպատակներուն»։ Դոկտ Նուպար Պէրպէրեան

 

            Թերթատելով 501 էջերու մէջ խտացուած – եթէ կարելի է Միջազգային իրաւաբանութեան մասնագէտ, 60 տարիներու խմբագիր Նուպար Պէրպէրեանին հայ կեանքի բազմաշերտ հարցերու շուրջ գրած տասը հազարէ աւելի խմբագրականները «խտացնել», զայն կը գտնէք 2022-ին լոյս տեսած Թէքէեան Մշակութային Միութեան հրատարակած հատորին մէջ։ Թարգմանչաց Տօնի առթիւ ընթերցասէրներուն համար լաւագոյն նուէրն է որ կը տրամադրուի վերյիշելու թէ ո՞վ էր Դոկտ Նուպար Պէրպէրեանը եւ իր անմնացորդ նուիրումը լրագրական ասպարէզին։

Այս հատորը կարելի է նկատել լաւագոյն յուշարձանը հանգուցեալին վաստակին եւ անոր օրինակելի ու հաւատաւոր նուիրումին, իր խորունկ յարգանքին հետ անմնացորդ նուիրումը ՌԱԿ-ին, որ համախմբուած է շնորհիւ անձանձիր սերտողութեամբը Յակոբ Վարդիվառեանին եւ խմբագրութեամբը Պայծիկ

Գալայճեանին։  Գիրքին կողքն ալ որ ինքնին կը յուշէ խմբագրին աշխարհագրականօրէն անցած ճանապարհը- Եգիպտոսէն Փարիզ եւ հուսկ ապա Միացեալ նահանգներ գործն է Սահակ Ղարիպեանի։

            Բազմահմուտ խմբագրին հազարաւոր խմագրականները եօթը ենթախորագիրներով կարելի եղած է զտուած համայնապատկեր մը գոյացնել, ընդգծելով Պէրպէրեան խմբագրին բազմաբեղուն գրչին արգասիքը։ Ամէն մէկ հատուած կը զարմացնէ ընթերցողը հեղինակին դիպուկ վերլուծականներուն հետ իր արթուն դատողութիւնը։

            Իւրաքանչիւր խմբագրականին բովանդակութիւնը ինքնին զարմանք կը պատճառէ խորանալով այս հատուածներուն մէջ ընկղմուած ընթերցանութեամբ ․․․ ԱԶԳԱՅԻՆ, ԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ, ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼ, ԳԻՏԱԿԱՆ, ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ Իսկ իւրաքանչիւր ենթախորագրի տակ գտնուող իր վերնագիրները առաւել եւս կը մղեն կարդալու մինչեւ վերջ։
            «Կա՛մ, պիտի լանք, կամ պիտի պարենք
․․․» վերնագրին տակ Պէրպէրեան այս հատուսծով կը կրկնէ ազգային մեր ցաւը․․․ մեր համայնաքային «անկատար բաներուն» շուրջ։ « Վաթսուն տարիէ Մեծ Եղեռն ունեցած ենք «գոնէ յիսուն տարի լացած ենք, առանց լրջօրէն մտածելու միջ-կուսակցական համաձայնութիւն մը գոյացնելու անհրաժեշտութեան մասին, իբրեւ նախապայման ազգային ճակատով ներկայանալու եւ համազգային տարողութեամբ յաջողելու»։

Օրին այդ խմբագրականին առիթով Նուպար Պէրպէրեան «վաթսուն» ըսած է, այսօր՝ 107 տարի անց ինչ փոխուած է ․․․ ո՞վ է մտիկ ընողը եւ գործադրողը․․․ «լրջօրէն մտածելով միջ-կուսակցական համաձայնութիւն մը գոյացնելու․․․»

Անցնելով միջազգային լուրերուն․․․ Չինաստանի «Մշակութային Յեղափոխութեան» ծալքերը- բանալով յարգելի խմբագիրէն կը սորվինք թէ այդ անուան տակ, իր ծիրէն դուրս ելլելով կը մատնանշէ «սպառնալիքը մանչուրեացիներու կեանքի տարրական պայմաններուն» եւ ․․․ կ՛եզրակացնէ չինական հին առածով- «Ով որ տէրն է Մանչուրիոյ, տէ՛րն է Չինաստանի»․․․։

            Լրագրական ասպարէզին մէջ – ի մասնաւորի իր խմբագրականներով Նուպար Պէրպէրեան կը շեշտէ կարեւորութիւնը քննադատութեան եւ ինքնաքննադատութեան։

            «Մենք կը հաւատանք ո՛չ միայն քննադատութեան, այլ նո՛յնիսկ ինքնաքննա-դատութեան ոյժին, զոր կը նկատենք յառաջդիմութեան գլխաւոր ազդակը» կը պատգամէ անխոնջ խմբագրապետը։

Բազմազան են եւ լուրջ հետաքրքրութիւն շարժող վերնագիրները որոնց ընդմէջէն իր մտահոգութիւներն ու դիպուկ նետերը ուսուցանելի են, համարձակ ու անկաշկանդակ։  Օրինակ մտածե՞ր էք բնաւ թէ ինչ կրնայ պատահիլ ․․․«Երբ Սփիւռքահայ մամուլը դադրի․․․» կամ․․․  «Սփիւռքահայութեան թանգարան մը հիմնենք Երեւանի մէջ»։ Եւ կամ գիտէ՞ք թէ «Ինչո՞ւ չի լուծուիր Լիբանանեան Վէճը»,  նաեւ՝ «Երբ կառավարութիւնը քայլ չի պահեր քաղաքականութեան հետ»։

«Ինքնազսպումը Ազգային Քաղաքական Կեանքի մէջ» խմբագրականով յարգելի խմբագիրը կ՛ընդգծէ կարեւորութիւնը քաղաքագէտ դառնալու յատուկ առաքինութիւնները, որովհետեւ բոլոր ժամանակներու համար անոր խօսքը պատգամ է կարծէք - «Քաղաքական կեանքը կը ներկայացնէ այնպիսի բարդութիւններ, որոնց մէջէն հեշտիւ եւ յաջողութեամբ յառաջանալ կարենալու համար , ոչ թէ մէկ, այլ բազմաթիւ առաքինութիւններ ու առաւելութիւններ ունենալու է մարդ»։

Յարգարժան խմբագիրը մտահոգ է նոյնքան նաեւ «Նոր Սերունդ՛ով», «Սփիւռքահայ Երիտասարդութեան Ներկայով եւ Ապագայով»,  շեշտելով կարեւորութիւնը թէ կազմակերպութիւն մը երիտասարդական կը նկատուի «երբ անոր անդամներուն միջին տարիքը երիտասարդութեան նշող տարիք մըն է»։

Միջազգային իրաւաբանութեան վկայականով ան «Բողոքագիր կը յղէ UNESCO-ի Դէմ»։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԻՊԱՊԱՇՏՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ էջէն դարձեալ կը տեսնենք թէ ինչպէս իրաւաբանութեան վկայականով խմբագիրը կը պախարակէ «անհիմն ազգայնամոլութիւն» խաղցողները եւ կը թելադրէ «քայլ պահել այժմու քաղաքական իրականութեան հետ, մեր ունեցած քիչին ապահովութիւնը չվտանգելու․․» ի մտի ունենալով որ «երկրին պետական ապահովութեան դէմ դատողները արժանի կը դառնան բանտարկութեան»։

Խմբագիրը մտահոգ է նաեւ մեր համայնքէն ներս հետզհետէ խամրող ու վախճանի հասնող ամերիկահայ հայրենակցականներու ապագայով։   

Այո՛, այսօր քանի՞ն անոնցմէ տակաւին գործունեայ է։ Գոյութիւն կը պահպանե՞ն արդեօք  Սեբաստահայ Վերաշինաց Միութիւն, Էվերէկ-Ֆենեսէ , Այնթապցիներու, Մարաշցիներու, Քիլիսցիներու, Ուրֆայի կամ Սասունցիներու Հայրենակցական միութիւնները։ Համայնքներու հայաշունչ կազմակերպութիւններն ու կեդրոններն անգամ մէկը միւսին ետեւէն կը փակուին եւ մենք ազգովի՛ն մեղապարտ ենք, սակայն լո՛ւռ կը մնանք։ Այս մտահոգութեամբ կ՛արժէ որ կրկնենք Դոկտ Պէրպէրեանին փափաքը - «Սփիւռքահայութեան թանգարան մը հիմնենք Երեւանի մէջ»։

«Սփիւռքը բառ մըն է, որ հայուն համար կերտուած է։ Ամէն ժողովուրդ կրնայ արտասահման ունենալ, բայց միայն ՀԱՅ ժողովուրդն է որ ՍՓԻՒՌՔ ունի»- կը պատգամէ Նուպար Պէրպէրեան

Արաբկիրցի ծնողքի զաւակ Նուպարը ծնած է Գահիրէի մէջ, Սեպտեմբեր 25, 1922 ի «գեղածիծաղ առաւօտ» մը։ Իր կեանքի հանգրուաններուն Ճամբորդական քարտէսը լայնածիր է։ Գահիրէի ազգային Նուպարեան վարժարանէն հայեցիութեամբ թրծուած կը հասնի Ֆրանսա, ուրկէ 1944-ին  Միջազգային Իրաւագիտութեան վկայականը ձեռքին կը վերադառնայ ծառայելու եգիպտական դատարաններուն մէջ։ Մայիս 18, 1941-ին իր անդրանիկ թատերախղով կը մտնէ գրական աշխարհ։  Իսկ Վահան Թէքէեանի կողքին շուտով կը դառնայ Եգիպտոսի «Արեւ»ին օգնական խմբագիր։

Յաջորդող տարիներուն, խմբագրի պաշտօնով զինք կը գտնենք 1947-ին Փարիզի ԱՊԱԳԱՅ-ին մէջ ուր իր ներդրումը կը բերէ հայերէն եւ ֆրանսերէն երկլեզու խմբագրականներով։ Յաջորդող մօտաւորապէս տասը տարիներու ընթացքին կը ծառայէ Գահիրէի ԱՐԵՒ-ին։

Միջին Արեւելքի – Եգիպտոսի կիզիչ արեւով թրծուած  Եւրոպայի մէջ բարձրա-գոյն ուսում ստացած փափկանկատ ու կնամեծար հայորդին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը Գահիրէ, իսկ 1958-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներ՝

1958-էն -1960 խմբագրի պաշտօն կը վարէ Ֆրեզնօյի ՆՈՐ ՕՐ-ին եւ ապա Պոսթոնի ՊԱՅՔԱՐ-ին։

Դոկտ Նուպար Պէրպէրեան բազմակողմանի հարուստ պաշարով, իր կեանքի ընթացքով շաղկապ մըն էր ու կամուրջը՝ Արշակ Չոպանեանի, Վահան Թէքէեանի, Գերսամ Ահարոնեանին նման ՌԱԿ-ի նուիրեալ սերունդի մը՝ ժամանակակիցներուն հետ կապ հաստատող- գուցէ եւ վերջինն էր ․․․։  Այսօր անգլիագիր գրող խմբագիրներու համար ինքնին դպրոց մըն է այս հատորը եթէ տակաւին հայերէն կարդացողներ կան։

Ականջիս կը հնչեն Պարոն Պէրպէրեանին յատուկ շեշտաւորումով եւ դիպուկ բառերով խօսքերը, որոնք կարծես կը կրկնուին այս խմբագրականներէն իւրաքանչիւրը կարդալուս պահուն։

Կը յիշեմ երբ սահիկներով իր կեանքին ամփոփումը կը ներկայացնէի  յարգարժան խմբագրին ազգային գործունէութեան 65-ամեակին առթիւ եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառէն շնորհուած Ս․Սահակ-Ս․Մեսրոպ հայրապետական յուշամետալին եւ կոնդակին առթիւ, հոն յատկապէս շեշտուեցաւ, որ 1981-ի տուեալներով ան ստորագրած է աւելի քան տասը հազար խմբագրականներ։

Այդ առթիւ քանի մը տասնեակ վկայութիւններ հասած էին, մեր համայնքի ակնառու անհատներէն անկեղծ բնորոշումներով բնութագրելու Դոկտ Նուպար Պէրպէրեանին անձը, ոճը, նուիրումը ու ազգային անբասիր ծառայութիւնը։ 

Հոս կ՛ուզեմ աւելցնել Նիւ Եորքաբնակ հանգուցեալ լրագրող Արմինէ Տիքիճեանին վկայութիւնը- «Ան մեզի տուաւ միջազգային քաղաքական կեանքի ազդեցութիւնը մեր ազգի գնացքի ընթացքին այժմէական ըմբռնողութեամբ։ Ան մտիկ կ՛ընէ շրջապատի անհատներուն, կը խրախուսէ ազնուութեամբ, կը խրատէ կարեկցութեամբ»։

Այսօր, այս հատորը ձեռքիս աւելի եւս կը հիանամ ու կը գնահատեմ այն հսկայ աշխատանքը որ կատարուած է անխոնջ խմբագրապետին բոլոր ձեռագիրները ի մի հաւաքող, ուսումնասիրող, զտող, դասաւորող, խմբագրական աշխատանք տանող երկու անձնուէր հայորդիներուն յանձինս՝ Յակոբ Վարդիվառեանին եւ Պայծիկ Գալայճեանին։

Կ՛եզրափակեմ՝ այս հատորին յառաջաբանին մէջ արձանագրուած Երուանդ Ազատեանին տողերը կրկնելով - «Վստահ եմ Նուպար իրեն յատուկ լուռ ժպիտով, այսօր վերէն գոհունակութիւն կը յայտնէ այս ծրագրի ամբողջացման համար եւ իր օրհնութիւնը կը տարածէ այդ դժուարին գործը գլուխ հանողներուն նկատմամբ»։

Կը խոնարհինք Խմբագրապետ՝ Դոկտ Նուպար Պերպէրեանին վաստակին առաջ, եւ բիւր յարգանք ու գնահատանք այս հատորը համադրող, խմագրող եւ ընթերցողներուն նուիրող անձնաւորութիւններուն։

Զարմինէ Գ Պօղոսեան

Հոկտեմբեր 7, 2022

 

 

No comments:

Post a Comment

Midnight conversation with my brother - Fr. Vertanes KalayjianAugust 5, 2016-2024

  ԿԷՍ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ ԿԱՐՕՏԻ   ՇՇՈՒՆՋ Օգոստոս 5-էն 12, 2016   Ես ամէն գիշեր կը լսեմ ձայնդ Գիտեմ ութը տարիէ մեկնած ես   Ութը տարի ա...