Search This Blog

Search This Blog

Wednesday, October 26, 2022

From Life's Window_Siroon Siserian Book-review_zarmine Boghosian-oct.2022

 https://hairenikweekly.com/%d5%af%d5%a5%d5%a1%d5%b6%d6%84%d5%ab-%d5%ba%d5%a1%d5%bf%d5%b8%d6%82%d5%b0%d5%a1%d5%b6%d5%a7%d5%b6-%d5%a8-%d5%ba%d5%a7%d5%b5%d6%80%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%a7%d5%b6-%d5%b0%d5%a1%d5%bd%d5%a1/


«ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՏՈՒՀԱՆԷՆ» ը  ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ ՀԱՍԱՒ

Հալէպեան յուշերով՝ ՍԻՐՈՒՆԻՆ կ՛ընկերակցիմ

Սիրուն Սիսեռեան Հաճէթեանին

2022-ին լոյս տեսած հատորին ընդմէջէն

 

            Սիրուն Սիսեռեան Հաճէթեան ապրուած օրերու իր կեանքէն պատուհան մը բանալով մեզ իր հետ կը տանի իր կեանքի դէպքերն ու դէմքերը տեղադրելով 188 էջերու մէջ խտացուած, գեղեցիկ ու անմիջական պատումներով, ընթերցողն ալ ընկերակից դարձնելով։

«Կեանքի Պատուհանէն»ը հեղինակին երրորդ գիրքն է, որ ընթերցասէրներուն

ուշադրութեան կը յանձնուի։ Պէյրութ լոյս տեսած այս հատորը անանուն բարերարի մը մեկենասութեամբ, առաւել եւս կ՛իմաստաւորուի կողքի նկարազարդումովը մեր օրերու տաղանդաւոր նահապետ երգիծանկարիչ՝ Մասիս Արարատեանի գծանկարովը եւ Դոկտ Արմէն Իւրնէշլեանին բծախնդիր խմբագրական աշխատանքովը։

Այս հատորով չորս ենթախորագրերու տակ ամբողջ կեանք մըն է, որ կը

տողանցէ մեր աչքին առաջ։  Մեզ Հալէպ փոխադրող առաջին մասով իր «Յիշատակներու Արտացոլանքէն» կ՛երթանք Սիրունին «ԱՌԿԱՅԾՈՒՄՆԵՐ» ուն, հոնկէ կ՛անցնինք իր «ՀԱՅՐԵՆԱԲԱՂՁ ՀՈԳԻՍ»-ին հետ ապրեցնել տալու իր երկընտրանքը հայրենիքի մէջ ապրող երկու եղբայրներուն միջեւ արդար վճիռ մը կարենալ տալու։

Երեւանի «ՀԻՍԻՍԱՅԻՆ ՎՐԱՅ» իր հետ ունկընդիր կ՛ըլլանք հեկեկանքի դառնութեամբ երգող երգիչին տողերուն, եւ մեր ալ պանդուխտի սիրտը կը ցաւի յիշելով դարերու մեր ողբը․․․

            «Երկիր մ՛ունինք մենք Հայաստան,

 Ինչո՞ւ ապրինք օտարութեան»․․․

Ապա «ԿԱՅԻՆ ․․․ ՉԿԱՆ» հատուածին մէջ իր չորս պատումները մեզ կը կապեն անդենական երթալու իր կարգը «Սպասման Ցանկին Վրայ» տեսնելու պատրաստուող նախկին դերասան, ֆրանսագէտ, թարգմանիչ, արտասահմանի մէջ արուեստագէտ ըլլալու եւ ապրիլ կարենալու հայորդիին տագնապը։

Կ՛անցնինք ծանօթանալու սիրուած մանկավարժ, հայերէն լեզուի ուսուցիչ Յասմիկին, յետոյ Միջին Արեւելքի տուներու պատուհաններէն տարածուող թրքերէն երգերուն փոխարէն հայերէն էստրադայինները հնչեցնող Ատիսին կը յիշենք, կորուստը կը սգանք, եւ հուսկ ապա՝ մտերմութեան պահերով մասնակից կը դառնանք տաներէց Քահանայ հօր՝ Տէր Զարմայրին ճակատագրի բերումով, երէցկինը կորսնցնելէն ետք իր ապրած պահերուն։

Վերջին բաժինով  «ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՈՒՄՆԵՐ» ուն մէջ պարփակուած եօթը հատուածները մեզ կը փոխադրեն իր առօրեային, ԱԶԴԱԿ օրաթերթի խմբագրական աշխատանքէն մինչեւ Ապրիլեան խոկումներու՝ ուր կ՛եզրափակէ պատգամելով-          

«Կացին տեսնող ծառը աւելի կը զօրանայ

Անոր կոճղը կ՛ուրճանայ, ճիւղերը կը բազմանան,

Կատաղօրէն ապրելու բացարձակ տենչով մը թարմացած։»

 

Սիրունը անձնական ու ընտանեկան իր ապրած օրերուն հետ մեզ հաղորդակից կը դարձնէ իւրայատուկ անմիջականութեամբ եւ համեղ պատումներով։  

Իր ժամանակակիցը ըլլալու հանգամանքով զիս հետը առած ինծի ալ վերյիշել կուտայ իր հալէպեան դպրոցական օրերէն քաղուած յուշ-պատումներով աշակերտական մեր առօրեան, այնքան հարազատօրէն, վերապրեցնելով տասնամեակներ առաջ մեր ալ երազային դպրոցական գարունները։  

Երկրորդական վարժարանի բարձրագոյն դասարանցիներուն համար պարտադիր զինուորական կրթութեան դասապահերուն հետ երեք տարի յաջորդաբար մեր հագած տարազները՝ փողկապով, գլխարկով եւ դասարանի յատուկ գոյներու ուսադիր ժապաւէնիկներով վերստին ինծի ալ հագցնել կու տայ այդ պարտադիր տարազը։

            Սիրունը մեզ կը յուզէ հոգեբանական պատկերով մը։ Ականատեսի վկայութեամբը ամավերջի հանդէսի մը առթիւ պատահած հակա-դաստիարակչական ու խիստ պախարակելի արարքի մը պատումովը, որ այդ օրերու կարգ մը ուսուցիչներ իրենց անգէտ վերաբերմունքով չէին անդրադառնար, թէ ի՜նչ աւերներ կրնային գործել նման վերաբերմունքով մը՝ մատղաշ հոգիներէն ներս, աշակերտին հոգիի փլուզումին պատճառ դառնալով։

            Որքան ալ սուրիական հիւրընկալ երկրին բարիքներն ու յարգանքը վայելած է եղեռնէն վերապրած գաղթական հայութիւնը տասնամեակներ շարունակ, տեսակ մը անգէտ կամ նախանձոտ դասակարգ մըն ալ կար - ո՞ւր չկայ որ- չէին կրնար մարսել վարպետ Հայ գործարարներուն յաջողութիւնը կամ բարձրագոյն ուսման տիրացած վերապրողներու յաջորդ սերունդի ներկայացուցիչներուն բարձր դիրքի հասած ըլլալը– եթէ ոչ բացայայտօրէն, այլ՝ սեղմուած ակռաներուն մէջէն անզուսպ շպռտելու մեր ետեւէն «Շա՛ֆէդ Էրմէն- գաղթական հայու կտոր մը» արտայայտութիւնը։

             «Դրօշակի Արարողութիւնը» պատումով փոքր պատկեր մը կու տայ Սիրունը հայ տուներու եւ նոյնիսկ համայնքներու մէջ – մանաւանդ ա՛յդ տասնամեակներուն- ծայր առած «պապէն աւելի պապական դարձած»  մեր երիտասարդութեան Դաշնակ կամ Հնչակ կուսակցութեան պատկանելիութեան հետեւանքով ընտանիքներու մէջ տեղի ունեցած վիճաբանութիւնները, թշնամական կեցուածքը իրարու հանդէպ- միեւնոյն երդիքի տակ ապրող եղբայրներներուն տան մէկ անկիւնը դաշնակցութեան դրօշը, իսկ միւս անկիւնին հնչակեան դրօշը հաւատարմօրէն ցուցադրելու արարողութեան մոլութիւնը։

Այդ տասնամեակներուն էր նաեւ, որ ազգային լուրջ մտահոգութիւն դարձած էր Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող եղբայրասպան կռիւները, յիշեցնելով Ֆրունզէ Տովլաթեանի մէկ ֆիլմը՝ Սարոյեան Եղբայրներուն մասին - մին՝ Համայնավար, միւսը Դաշնակցական։

Սիրունը եղեռնէն վերապրած իր հեղինակաւոր հօր՝ դաստիարակ, տնօրէն Միսաք Սիսեռեանին պատգամով կ՛եզրափակէ երկու եղբօր անվերջանալի կռիւները-   

«Գաղափարը դրօշակ բարձրացնելով չէ, ոչ ալ եղբօր դէմ թշնամութիւն սերմանելով․․․ Դուք եթէ ճիշդ մարդ պիտի ըլլաք պիտի յարգէք մէկզմէկու գաղափարը»։ 

            Այս բաժնին մէջ Սիրունին հերոսները իրական շնչող էակներ են․․․ Ապու Իսքանտարը, Կլատիսը, Գարեգին Աղան։

Հայու ճակատագրին մէկ այլ պատկերը կը պարզուի Սիրունին Թուրքիա այցելութեամբ, երբ հիւրը կը դառնայ Պոլսոյ մէջ իր ամուսնին հարազատին՝ Գէորգ Աղբարիկին։ Անոնց բարգաւաճ կեանքը, աշխատատեղին, գեղեցիկ տուն-տեղն ու շքեղ ամառնային տան վայելքը, որքան որ ալ հիացում կը պատճառէին Սիրունին, տխուր էր ականատեսը ըլլալ- ազգային առումով երկակենցաղ գոյութեամբ ապրելու հարկադրանքը իր հարազատ հայորդիներուն։

Շուկայի մէջ Ալի անունով ճանչցուած Գէորգ աղբարիկին երիտասարդ որդին, հայ երդիքի տակ հարազատ հայորդի Յակոբն էր, որուն աչքերը յառած էին Քանատա՝ համալսարանական ուսման հասնելու եւ իր իսկական ու միակ անունով «ազատ» եւ որպէս Յակոբ ապրելու։  

Յաջորդական ենթախորագիրներու միջոցաւ Սիրունին հետ կը ճամբորդենք իր «Առկայծումներ» ով Հայրենաբաղձ հոգիին հետ ճամբորդելու «Հիւսիսային Պողոտայէն մինչեւ «Արա Գեղեցիկ»։ 

Սիրունը իր յուշերու պատումով մեզ կը յուզէ բոլոր անոնց հետ որ «Կային ․․․ Չկան» եւ ապա վերջին ենթախորագրով իր «Անդրադարձումներ» ը մեզ կը տանին իր առօրեային, «ԱԶԴԱԿ»-ի յարկէն Պուրճ Համուտ, «Մայիսեան Արշալոյսը»-էն կը հասնինք «Կաղանդ Պապան» տեսնելու շեփորը բերանին։

Սիրունին ոճը շատ անմիջական է, հաճելի ու սրտախօսիկ։ Ամէնէն աննշան կարծուած պահէն քեզ իր հետ առնելով կը տասնի խորունկ իմաստասիրական տողերու, դէպքերու եւ վայրերու հետաքրքիր բնութագրումներու, թելադրանքներու։  Առաւօտեան գործի երթալու, երթեւեկող թաքսի մը նստելու արարողութիւնը կը հասցնէ Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտի մեծ պաստառը նկարելու։ 

Հոն օտարազգիի մը աչքերով Սիրուն մեզի տեսնել կու տայ այս «տարօրինակ վայրը» հոն ուր կողք-կողքի կը գտնես ամէն բան եւ ամէն մասնագիտութեան տէր մարդիկ եւ արհեստաւորներ․․․ «Պուրճ Համուտ ապրող երիտասարդը կեանքի մնայուն շփման մէջ մտնելով կը կոփուի եւ անոր անհատականութիւնը կ՛ամրապնդուի։ Հոս շրջապատը կը պատրաստէ ապագայ մարդը»։ 

Սիրունը առիթը լաւագոյնս կ՛օգտագործէ ընդգծելու Պէյրութի հայահոծ շրջանին՝ Պուրճ Համուտին իսկական նկարագիրը։  «Պուրճ Համուտը չէր կրնար չծաղկիլ, հոն ապաստան գտած մեր պապերը ճիգ չխնայեցին վերստին վառելու համար պապենական օճախներու մարած կրակը ․․․ Պուրճ Համուտը ծաղկեցաւ Հայուն անդրդուելի կամքով եւ վճռակամութեամբ, յամառ աշխատանքով ու իմաստութեամբ»։ 

Հոն է նաեւ Շաղզոյեան շէնքը։ Ամբողջութեամբ հայաբոյր եւ հայատրոփ շէնքը՝ օրաթերթի, գրական ամսաթերթի խմբագրատուներով, ժողովի սրահներով հսկայ կռուան մըն է հայութեան համար։

            Այս շրջաններուն մէջ է որ իրարմէ տարբեր կուսակցութեան պատկանողներ անհանդուրժող, երբեմն նոյնիսկ վիրաւորական արտայայտութիւններով անհեթեթ բռնկումներու,  ծայրայեղ բախումներու պատճառ կը դառնային։ 

Հալէպ ծնած, Հայկազեան Վարժարանէն եւ Քարէն Եփփէ  Ճեմարանէն ներարկուած Հայ ոգիով ու գիտելիքներով զինուած, Պէյրութ ապրող ու ստեղծագործող այս հայուհին անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ Հալէպեան կեանքէն ներարկուած ոգին եւ իր ստացած ժառանգը, քաղած աւիշը պատմութեան յանձնելով։

            Բարի երթ Սիրուն Սիսեռեան Հաճէթեանին, վստահ եմ տակաւին շատ պատմելիքներ կան Հալէպեան եւ Պէյրութեան հայու ճակատագրին հետ կապուած

մեր առօրեայէն։

                                                            Զարմինէ Գ Պօղոսեան- Սեպտեմբեր 14, 2022

Սփրինկֆիլտ-Փենսիլվանիա

 


No comments:

Post a Comment

Aleppo - Grtasieats is 90 years old=by zarmine K. Boghosian- 2014

  ՈՂՋՈՅՆ 90-ԱՄԵԱՅ ԿՐԹԱՍԻՐԱՑԻՆ (1924-2014) .   ԿՐԹԱՍԻՐԱՑԸ ՄԵՐ ԵՐԿՈՒՔԻՆ ՀԱՄԱՐ (Յուշ պատառիկներ եւ սրտի խօսք՝ Միսաք եւ Զարմինէ Պօղոսեաննե...