Search This Blog

Search This Blog

Monday, October 13, 2025

Armenian Cultural Month_Honoring Mesrob Mashdots_Holy Translators- ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԻՍԸ` ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ 2020-ին

 




Զարմինէ Գ Պօղոսեան - Հոկտ. 1, 2020 - Springfield, PA

Մարդ արարածը միշտ ալ պահանջք զգացած է իր զգացումները, յուզումները, վախն ու քաջագործութիւնը արտայայտելու խօսքով թէ գիրով։ Դարերէ ի վեր Հայ ժողովուրդն ալ ունեցած է բերնէ-բերան պատմուած բանահիւսութեան հրաշալի օրինակներու շարքը հերոսապատումներու, առասպելներու, առակներու եւ երգերու։

Պատմահայր Մովսէս Խորենացիին շնորհիւ այդ բանահիւսութիւններէն պատառիկներ փրկուած են կորուստէ եւ հասած են մեզի։ Խորենացին Պատմահայր կոչուելու արժանացած է շնորհիւ իր հետեւողկան պրպտումներուն։ Ան կրցած է վերակազմակերպել աւելի քան երկու հազար տարուան մեր ժողովուրդին մութ ու անծանօթ պատմութիւնը։ Այդ հերոսապատումները ժողովուրդին նկարագիրը բացայայտող, ներշնչող, դաստիարակող բնոյթ ունեցող պատումներ են։

Սերունդներ շարունակ Ազատասիրութեան, Խաղաղասիրութեան եւ Քաջութեան դասեր առած ենք «Հայկ եւ Բելի» առասպելէն։ Իսկ «Սասմայ Ծռեր» դիւցազներգութեան հերոս Սասունցի Դաւիթը մեզի կը սորվեցնէ խորունկ Հայրենասիրութեան հետ Մարդասիրութիւն, Ասպետական ոգի՝ երբ կը սպասէ որ Մսրամելիքը քունէն արթննայ եւ վերջը հարուածելու սկսի։

Իսկ իր ընտանիքի հանդէպ ունեցած սէրը կը բացայայտուի՝ երբ ան կը հրաժարի իր վերջին մահացու հարուածը տալ՝ երբ Մսրամելիքին մայրն ու քոյրը կը պաղատին։

Այս բոլորը դարերու ընթացքին դիւրաւ կարելի պիտի ըլլար բոլորովին կորսնցնել եթէ չհասնէր ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻՆ հանճարը իր Գիրերու Գիւտով։ Ի զուր չէ որ ԱՅԲ ու ԲԵՆԻ տառերը կը համարուին ամէնէն ազդեցիկ ազգային ինքնապաշտպանութեան զէնքն ու վահանը։ Յիշենք թէ ինչպէս Սահակ Պարթեւի բարոյական քաջալերանքով եւՎռամշապուհ Թագաւորի նիւթական հովանաւորութեամբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտները ժրաջանութեամբ լծուեցան թարգմանական աշխատանքի, ստեղծելով մշակութային եռուն կեանք մը, որ մեր պատմութեան մէջ ծանօթ է «ՈՍԿԵԴԱՐ» անունով։ Անոնք տեսան թէ դարերու ընթացքին քրիստոնէական հաւատքին չափ կարեւոր է ինքնուրոյն գիր ու լեզու ունենալը։ Դարերու ընթացքին մանաւանդ քրիստւնեայ Երոպայի արեւելեան երկիրներու մէջ հայեր լուծուած ու կորսուած են մոռնալով լեզուն եւ դաւանելով այլ քրիստոնեայ ճիւղաւորումներ։

Ամէն տարի, մանաւանդ՝Հոկտեմբերին վերաքաղ ընելով մեր պատմութիւնը, վերյիշենք մեր Թարգմանիչներուն անուններն ու իրենց կատարած թարգմանաչական կոթողային աշքատանքը։ Անոնք են- ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ, ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ, ԿՈՐԻՒՆ, ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑԻ, ԴԱՒԻԹ ԱՆՅԱՂԹ, ՈՐՈՆՑ ԿԸ ՅԱՋՈՐԴԵՆ - ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ, ՂԱԶԱՐ ՓԱՐՊԵՑԻ, ՓԱՒՍՏՈՍ ԲԻՒԶԱՆԴ, ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ, ԵՂԻՇԷ, ԱՊԱ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ- ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ 5-ՐԴ-ԷՆ 7-ՐԴ ԴԱՐ։

Ի զուր չէ որ Ս Գիրքի Հայերէն թարգմանութիւնը հռչակուած է անջնջելիօրէն «Թագուհի Թարգմանութեանց» անունով։ Իսկ առաջին նախադասութեան թարգմանութեան իմաստը դարերէ ի վեր պատգամ մըն է մեր բոլորին համար- «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ: To know wisdom and instruction; to perceive the words of understanding.» Proverb 1:2

Ֆրանսացի փիլիսոփայ Տենիս Տիտերօն (Denis Diderot- Oct 5, 1713, Langres, France: July 31, 1784, Paris, France) ըսած է- “Ազգի մը վերելքին համար այդ ազգին մէջ գտնուող գէշ կողմերը ոչնչացնելը բաւարար չէ։ Ազգ մը վերելքի կը հասնի լաւ կրթուած անդամներով եւ մասնաւորաբար լաւ կրթուած մանուկներով»։

Իսկ Վիքթոր Համբարձումեանին պատգամով յիշենք որ- «Իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է սորվեցնել յաջորդին հայոց լեզուն։ Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարէ ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագէտ գիտնայ հայերէնը։ Մենք փոխանցում ենք սերունդներին ոչ թէ արիւն, այլ՝ գաղափարներ, եւ այդ գաղափարների մէջ ինձ համար ամենաթանկը ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ Է»։

2020-ի համավարակի տարուան վերամուտի այս շրջանին, երբ ամէն ճիգ ի գործ կը դրուի մանուկներու դաստիարակութեան համար մեր ուսումնական հաստատութիւններուն դռները բաց պահելով, նորանոր ձեւեր որդեգրելով օգնենք որ բոլորին շրթներէն թող որ գլգլայ մեր Մեսրոպեանը Սուրբ։

Զարմինէ Գ Պօղոսեան - Հոկտ. 1, 2020 - Springfield, PA

Armenian Cultural Month_Honoring Mesrob Mashdots_Holy Translators- ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԻՍԸ` ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ 2020-ին

  Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան - Հոկտ. 1, 2020 - Springfield , PA Մարդ արարածը միշտ ալ պահանջք զգացած է իր զգացումները, յուզումները, վախն ու ք...