ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ԸՆԹԱՑՔԸ՝ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻ ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔՈՎ
(Երուսաղէմէն Հալէպ մեր ոդիսականը)
Պատանեկութեան
յուշեր կան, որ անմոռանալիօրէն դրոշմուած կը մնան մտքիդ մէջ: Յաճախ յուշիկ
քայլերով կ’այցելես ուղեղիդ բջիջներուն եւ սրտիդ լարերուն մէջ ծուարած այդ
անկիւնը: Կարգ մը ապրումներ գուրգուրանքով կը թաղես մէկ անկիւնը: Ուրիշներ
ընդվզում կը պատճառեն: Մեծ հարցականներու կ’առաջնորդեն քեզ:
Կը զարմանաս:
Ինչպէ՞ս
անցան այդ պահերը վրայէդ, կամ դո՛ւն անոնց ընդմէջէն: Կարելի՞ էր արդեօք այլ կերպ
դասաւորել կամ նոյնիսկ շեղեցնել պահերդ, օրերդ, որոնք անկախ քեզմէ յետագայ կեանքդ
մնայուն շրջանակի մը մէջ պիտի դնէին:
Այդ յուշերէն մին մասնաւորաբար
կապուած է նորոգ վախճանեալ եղբօրս՝ Տէր Վրթանէս Աւագ Քհնյ. Գալայճեանին հետ, երբ
տակաւին կուսակրօն քահանայ էր եւ կը պատկանէր Երուսաղէմի միաբանութեան:
Հալէպի միջնակարգը՝ 9-րդ դասարանը
աւարտելէս ետք երազներ ունէի անգլերէնս զօրացնելով Լոնտոն բժշկութեան ընդունուելու
համար: Ինչո՞ւ անպայման Լոնտոն՝ մի՛ հարցնէք, եւ ինչո՞ւ բժշկութիւն – պատասխանը
հիմա ես ալ չեմ գիտեր:
Հաւանաբար, անուղղակիօրէն
ընթերցումներուս ազդեցութիւններն էին – Չարլզ Տիքընզ, Ճէք Լոնտոն եւ... մանաւանդ՝
իմ շատ սիրած գրողս՝ Անտոն Չեխով, որ թէ՛ բժիշկ էր եւ թէ՛ սքանչելի գրող
(Անգլերէնս Մոսկուա չէր կրնար տանիլ զիս. Անգլիա կրնայի թէ՛ բժիշկ եւ թէ՛ գրող
ըլլալ...):
Նամակագրութիւններս եղբօրս հետ
քաջալերեցին, որ Երուսաղէմ երթամ եւ Երուսաղէմի Թարգմանչաց վարժարանի երկրորդական
տասներորդ դասարան արձանագրուիմ: Թարգմանչացին համբաւը վստահութիւն կը ներշնչէր,
ուր անպայման անգլերէնս պիտի զօրանար – Ճի.Սի.Ի.–ի քննութիւններէն պիտի յաջողէի եւ
շունչս Անգլիա առած՝ համալսարան մը պիտի ընդունուէի:
Պատանեկան վարդագոյն երազներ էին
անշուշտ: Այդ օրերուն Երուսաղէմի մէջ տիրող Տիրան
եւ Եղիշէ պատրիարքական պայքարի ելեւէջներն էին:
Տիրան Սրբազանը Միացեալ Նահանգներ
հասած էր, շարք մը քաղաքական թէ կուսակցական ծուղակ-ամբաստանութիւն-էնթրիքներէ
ետք: Յաղթական Եղիշէ Պատրիարքը իր Ռասբութինեան սուր ու զննող նայուածքով իգական
սեռին սրտին խորերը թափանցելու հմայքով բամբասանքի շատ առիթ կու տար: Փսփսուքներ
շատ կը շրջէին վանքին տարածաշրջանէն ներս եւ դուրս: Պատանի հոգիէս ներս
փլուզումներ տեղի կ’ունենային երդուեալ կղերականին վարք ու բարքին, բարոյականին
հանդէպ տարածուող կասկածելի «կուսակրօնութեան», սեռային եւ սիրային կապերուն... եւ
այլ մարզերու մէջ եղած «ըսի-ըսաւներուն» պատճառով:
Ընդհանուր փսփսուքներէն մին ալ որ
ճակատագրական դեր խաղցաւ իմ կեանքիս մէջ, Եղիշէականներու եւ Տիրանականներու
յետ-ընտրութեան «ասէկոսներն» էին:
Եղիշէ Պատրիարքը աթոռին նստած ո՞վ կը համարձակէր իր դէմ
արտայայտուիլ: Օգոստոսի ամսու Տաղաւարին, Ս. Աստուածածնայ Տօնին – Խաղողօրհնէքին
հոն էի, կ’ըսուէր եւ կը սպասուէր, որպէս անգիր օրէնք՝ Պատրիարքը պէտք էր որ
պատարագէր, ինչպէս բոլոր միւս չորս տաղաւարներուն: Սակայն Պատրիարքը մէջտեղ
չկար... Երուսաղէմ ալ չէր, այլ՝ կ’ըսուէր թէ Իսրայէլի կողմ գացած էր գիշերային
կեանք վայելելու եւ հոն մնացած էր: Նոյն շրջանին վանքին մէջ նորընծայ աբեղաներու
խումբ մը կար, բոլորն ալ իրենց քսանհինգը չբոլորած երիտասարդ հոգեւորականներ:
Անոնցմէ կը յիշեմ Հայր Եզնիկը, Հայր Փառէնը, Հայր Գեղամը, Հայր Վահրիճը եւ
եղբայրս՝ Հայր Վրթանէսը:
Օգոստոս ամիսը Ամմանի մէջ անցընելէ
ետք, արդէն 1962-ի վերամուտին սկսած էի Թարգմանչաց երկրորդական յաճախել: Սեպտեմբեր
եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն վիճակացոյցս առի Թարգմանչացի ուսուցիչներէս, Նոյեմբերին
չհասայ: Աշնան լուր տարածուեցաւ, որ Պատրիարքը Հայր Եզնիկը կանչած է Պատրիարքարան ինչպէս նաեւ վանքին սափրիչը: Նոյն
այդ սրահին մէջ իր բարկութեան գագաթնակէտին հասած ըլլալով՝ անվայել խօսքերով,
անիմանալի հայհոյանքներով երիտասարդ աբեղային փիլոնազուրկ յայտարարած է, սափրել
տուած է աբեղայ Հայր Եզնիկին եւ անվայել հայհոյանքով մը «բարի ճանապարհ» մաղթելով՝
(բամբասողները գունաւոր «վեց գիր քաշեր է»
ըսին) ղրկեր է վանքէն
դուրս:
Լուր տարածուած էր անմիջապէս թէ Հայր
Եզնիկը Տիրանական ըլլալով հակա-Եղիշէական արտայայտութիւն մը ունենալուն համար «պատժուած էր»:
Նոյն օրերուն Հայր Փառէն Պէյրութ կը
գտնուէր արձակուրդով, իսկ Հայր Վահրիճ նմանօրինակ ամբաստանութեամբ «աքսորուած»
էր Բեթղեհէմ, իսկ Հայր Վրթանէսը նշանակուած էր Հրեշտակապետացի հովիւ- Պատրիարքին քիթին տակ․․․:
Սպասողական վիճակ մը կը տիրէր – ո՞վ
պիտի ըլլար Հայր Եզնիկին յաջորդող «զոհը»:
Եղբայրս ալ Տիրանականներէն մին ճանչցուած ըլլալով ամէն կողմէն թելադրութիւններ
կ’ըլլար իրեն, որ «գլուխը ազատէ» Երուսաղէմէն:
Ես՝ Թարգմանչացի աշակերտուհիս,
լրջօրէն կը հետեւէի դասերուս, երբ օր մը դասի պահուն դասարանէն դուրս կանչուեցայ:
Եղբայրս՝ Վրթանէս Աբեղան էր զիս դուրս կանչողը:
Շշուկով ըսաւ. «Չըլլայ որ արտայայտուիս
որեւէ տեղ, ամէնէն կարեւոր առարկաներդ առ եւ դուրս եկուր դասարանէն առանց աղմուկի:
Մէկու բան չըսես: Ամենամօտիկ ընկերուհիիդ ըսէ որ նամակ պիտի գրես»:
Այդ օրերուն ո՛չ համակարգիչ, ո՛չ
համացանց, ո՛չ ալ դիմատետր գոյութիւն ունէր անշուշտ: Մինչեւ հիմա կը զարմանամ թէ
ինչպէս ուսուցիչը արտօնութիւն տուաւ դասը կէս ձգելով դպրոցէն դուրս ելլէի: Շրջող
լուրերուն հետ հաւանաբար ինք ալ համախոհ էր եղբօրս ցուցմունքներուն: Շատ արագ
սենեկակից Սիրանոյշ մայրիկին քովէն անձնական առարկաներուս մէկ մասը առի, բոլորովին
ալ պիտի չպարպէինք մեր անձնական իրերը, որպէսզի անվերադարձ մեկնումի մեր որոշումին
նշան տուած չըլլայինք: Վանքին մայր մուտքէն ալ դուրս չելանք, այլ կողմնակի՝
Հրեշտակապետացի կողմէն, փոքրիկ դուռը օգտագործելով Վանքէն դուրս ելանք:
Եղբայրս տնօրինած էր, որ յատուկ
ինքնաշարժ մը այդ դրան մօտ մեզի սպասէր: Քշեցինք Բեթղեհէմ – եկեղեցի չգացինք՝ հոն
ալ աղմուկ չհանելու եւ ուշադրութիւն չգրաւելու համար: Եղբայրս կերպով մը Հայր
Վահրիճին հետ կապուած էր եւ համաձայնած, որ Հայր Վահրիճը «քալելու ելած»՝ մեզ սպասէր եկեղեցիէն բաւական հեռու՝ ձիթենիի ծառի մը
տակ:
Երեքով ինքնաշարժին մէջ՝ ես ունկնդիր
էի երկու հայր սուրբերուն առնելիք որոշումներուն: Անկասկած մեծ վախ ունէին, որ
յանկարծ երկու հայր սուրբերուն բացակայութեան Պատրիարքը տեղեակ ըլլալով՝ հրաման
տար ոստիկանութեան, որ այս երկու փախստական հոգեւորականները վերադարձուէին
Պատրիարքարան: Այդ պարագային ամենամեծ վախը Հայր Եզնիկին ճակատագրին ենթարկուիլն
էր:
Երկուքն ալ իրենց ածիլուելիք
գործիքները առած էին եւ հաստատակամ որոշած, որ յոռեգոյն պարագային իրենք տեղւոյն
վրայ պիտի ածիլուէին եւ յայտարարէին, որ այլեւս այդ միաբանութեան չեն պատկանիր:
Ծրագի՞րը... Երուսաղէմէն Ամման պիտի
երթայինք, հոնկէ ալ՝ Դամասկոս եւ անկէ ալ Հալէպ՝ մեր ծննդավայրը, ծնողքիս տունը:
Ամէնէն տագնապալի, «վտանգաւոր» պահը Յորդանանէն սուրիական սահման անցնիլն էր, Պատրիարքը
յորդանանեան իշխանութեան հետ ունեցած կապերուն պատճառով կրնար վերադարձնել տալ մեզ
բոլորս: Հանգստարան մը գտնելու մասին ալ չէինք մտածեր՝ օտար կամ ծանօթ աչքերէն
խուսափելու համար: Հայր Վրթանէսը երկու տարի ծառայած էր որպէս Ամմանի առաջնորդ եւ
այդ օրերէն շահած էր բարեկամութիւնը շատ վստահելի հայ ընտանիքի մը եւ շարժավարին
թելադրելով մեզ անոնց տունը առաջնորդեց:
Արդէն գիշերուայ ութը թէ ինն էր: Անակնկալի եկած տանտէրերը – հեռաձայնի
չգոյութեան – շատ լաւ հասկցան դրդապատճառը մեր յանկարծակի յայտնուելուն: Չէինք
կրնար հոն գիշերել. պէտք էր շարունակէինք մեր ճամբան, որքան շուտ՝ այնքան լաւ,
յորդանանեան սահմանէն դուրս ելած ըլլալու համար:
Սակայն, երախտագիտութեամբ կը յիշեմ
այն ընտանիքը, որ մեզ սիրայօժար հիւրընկալեց, թարմացանք: Աւելի ուշ նոր ինքնաշարժ
մը ապսպրուեցաւ մեզ ուղղակի Դամասկոս տանելու:
Գիշերը մեր լարուածութիւնը զգալով՝ արաբ
վարորդը հեղ մը երկու հոգեւորականներուն կը նայէր, յետոյ ալ ինծի – պատանի աղջիկ
մը – ի՜նչ գործ ունէին ասոնք: Եղբայրս անդրադառնալով վարորդին մտքին մէջ պտըտուող
տարակուսանքին, հասկցուց, որ ես իր քոյրն էի, եւ Հալէպ արձակուրդի կ’երթայինք իր
ընկերոջ հետ, որ Հալէպ բնաւ չէր եղած:
Մի քանի ժամուայ ճանապարհը Ամմանէն
Դամասկոս – մանաւանդ սահման անցնիլը – յաւիտենական երկարութիւն թուեցաւ: Վերջապէս,
կէս գիշերէն ետք անցանք սահմանը մեծ ցնծութեամբ: Հոն առանց ժամանակ կորսնցնելու
տարբեր ինքնաշարժ վարձելով ուղղուեցանք Հալէպ: Ճանապարհին, երբ Հոմս հասանք, արդէն
հանգստացած էինք, որ հեռացած էինք պատրիարքական հաւանական սպառնալիք-վտանգէն:
Կանգ առինք հոն, առաւօտեան մօտ էր,
նշանաւոր Հոմսի հրուշակավաճառատու-ները
բացուելու սկսած էին: Հոմսի համեղ թէյն ու անուշեղէնը ըմբոշխնելէ ետք, լրիւ թարմացած
ուղղուեցանք Հալէպ՝ առաւօտ կանուխ անակնկալի բերելով ծնողքս:
Մնացեա՞լը․․․ մեր կեանքն է։ Ապրուած տարիները, որոնք ընթացան տարբեր հուն
ստանալով: Լոնտոնն ու բժշկութիւնը ծալլուած մնացին ուղեղիս մէկ խոր ծալքին մէջ:
Հայր Վահրիճը Հալէպէն Պէյրութ գնաց իր ընտանիքին միանալու, անկէ ալ անցաւ Ամերիկա
եւ տխուր պատահարով վախճանեցաւ շատ երիտասարդ տարիքին:
Հայր Վրթանէսը տարի մը հովուական
ծառայութիւն կատարեց Հալէպի արուարձաններէն Էշրէֆիէի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ ծուխին՝
միաժամանակ ուսուցչական պաշտօն ստանձնելով Հալէպի Կիլիկեան երկրորդական վարժարանէն
ներս եւ 1964-ի Դեկտեմբերին մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ օրուայ Արեւելեան Թեմի
Առաջնորդ Բարձ. Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեան Սրբազանին հրաւէրով:
Ես մնացի Հալէպ:
Երկրորդականս աւարտելէ ետք
ուսուցչութեան սկսայ Կրթասիրացէն ներս: Ամուսնացայ, Հայր Վահրիճը Պէյրութէն Հալէպ
եկաւ ներկայ ըլլալու իմ պսակադրութեանս՝ առ ի յարգանք եղբօրս, որ արդէն Միացեալ Նահանգներ
մեկնած էր եւ չէր կրնար ներկայ ըլլալ: Երուսաղէմեան յուշերը թարմացան:
Անդրադարձանք թէ ինչպէս մեր պատանութեան թէ երիտասարդութեան ապրումներուն հետ մեր
երազները անբացատրելի իրենց վերիվայրումներով, մտավախութիւններով, անփոխարինելի
հետքերով, իրենց անմեղութեամբ, պարզութեամբ եւ բոլոր ապրուած յոյզերով ընթացք առին
բոլորովին տարբեր ածուներով:
Տարիները անցան:
Մտքիս մէջ տակաւին հարցում մը կը
յամենայ անպատասխան, մանաւանդ՝ 2016-ի Օգոստոսին եղբօրս՝ Տ. Վրթանէս Ա. Քհնյ. Գալայճեանին
վախճանումէն ետք:
Եթէ Եղիշէ-Տիրան պատրիարքական մրցակցութիւն, անձնական վրիժառութեան քէներ չըլլային, այդ օրերու երդուեալ խումբ մը երիտասարդ հոգեւորականներէն իւրաքանչիւրին ճակատագիրը որքա՞ն տարբեր կրնար ըլլալ:
Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան –
Նոյեմբեր 19, 2016, Նիւ
Եորք
Ազէզէն Ամերկա Հատորին մէջ լոյս տեսած
Էջ- 71-75