Search This Blog

Search This Blog

Sunday, May 4, 2025

1986_Challenger_Christa _McAuliffe _The astraunot Teacher Christa McAuliffe_Zarmine_Article_Baikar

 

 

ԽԻԶԱԽ ՈԻՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆ՝ ՔՐԻՍԹԱՆ

   Գրեց՝ Զարմինէ Պօղոսեան- Յնվ․ 29, 1986 

Նոր հորիզոններու հաւատացող ուսուցչուհի Քրիսթան- Christa Corrigan McAuliffe- իր վեց աստղանաւորդ ճանապարհակիցներուն հետ աներեւակայելի արագութեամբ անյայտացաւ հսկայական ծուխ ու մուխի ամպակոյտին մէջ, վարը՝ երկրագունդին վրայ առթելով սարսափահար աչքերու ակնապիշ սեւեռում մը։

Երեքշաբթի, Յունուար 28,1986-ի առաքւօտուն , 74 վայրկեան տեւող թռիչքին ձախողութիւնը «Չէլլէնճըրին», սարսափազդու լռութիւն մը յանկարծակի տարածեց ամբողջ աշխարհով մէկ։ Շատեր մանրամասնութեամբ պիտի յիշեն թէ ո՞ւր, ինչպէս եւ ե՞րբ տեղեակ եղան այս դժբախտութեան։

Ամբողջ օրը, կրկին ու կրկին ռատիոկայաններէն կրկնուեցան լուրորը, հեռատոսիլի պաստառները այնան յաժախակիօրէն անշարժացուցին ճառագայթող ժպիտով վերջին ձեռք ողջոյնը մանկավարժ քաղաքացիին, որ հազիւ մէկուկէս վայրկեան ետք պիտի թոծադրուէր դէպի յաւիտենական լռութիւնը։

Լռելու համար չէր որ կ՛երթարմ սակայն Քրիսթան։ Հպարտ էրոր Ամերիկա կրցած էր տեսնել մանկավարժի մը սերունդներու խօսք ամենազդու, ուղիչ միջոցը՝ դաստիարակը։

«ՆԱԶԱՆ» ալ իր կարգի, ամերիկեան այլ ընկերութիւներու նման, իր ծանուցումներու համար գտած էր զանգուածային հետաքրքրութիւն շարժող «Նոր»ութեան մը կամ՝ «առաջնեկ»ութեան մը պիտակը․- առաջին սովորական քաղաքացին, որ կին էր, ե՛ւ մայր ե՛ւ ուսուցչուհի։

«Առաջին սովորական քաղաքացին», ինչպէս ինքզինք կը սիրէր ներկայացնել Քրիսթան, առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցէր դէպի անջրպետ թռիչքին, ասպարէզով «ՆԱԶԱ»ի վեց հոգինոց խումբին միանալով։

Վեց ամիս առաջ չէր կրցած հւատալ որ 11 հազար թեկնածուներէն ինք պիտի ըլլար Առաւին համարուող քաղաքացին, որ պիտի մասնակցէր այս ճանապարհորդութեան։ Հպարտ էր ոչ ,իայն որպէս քաղաքացի այլ եւ անոր համար որ բոլոր ասպարէզներէն ուսուցիչն էր որ որ կ՛ընտրուէր ու կը վաւերացուէր, ըլլալու խօսնակը բոլոր քաղաքացիներուն։ Անկասկած՝ Քրիսթան ըսելիքներ շատ ունէր եւ պիտի ունենար երբ անջրպետէն վերադառնար։

Ծրագիրներ մշակած էր, ըսելիքները, փորձառութիւնները, տպաւորութիւնները օրագրային մանրամասնութեամբ փոխանցելու աշակերտներուն։

Այնքան լաւատես էր, որ յայտարարեց թէ ինքզինք ապահով կրնայ զգալ անջրպետին մէջ, ու քաջաբար աւելցուց․

- «Կը խորհիմ թէ այսօրուան անջրպետագնացը այնպիսին չէ, որ ոեւէ սոսկումի կամ կամ անխուսափելի արկածի մը մտավախութիւնը ունենայ։ Ես ինզինքս, հաւանաբար, աւելի ապահով զգամ նման ճամբորդութեան ընթացքին քան՝ թերեւս ինքնաշարժիս ղեկին ետին Նիւ Եորք քաղաքին մէջ»։

            Շատ արագ կասեցան երազներուն ընթացքը։ Ժամական 1,977 մղոն արագութեամբ սուրացող տիեզերանաւը տասը մղոնը հազիւ անցած այնպիսի առագութեամբ պայթեցաւ, որ թերեւս ճամբորդները իրենք իսկ չապրեցան սոսկումի այն պահը, ու այդպէս ալ խառնուեցան անհունի առեղծուածին երկրագունտին տեղացնելով հրաշէկ մետաղներու ցիր ու ցան տեղատարափ մը։

Ի՞նչպէս պատահեցաւ։ Ի՞նչ էր ձախողութեան առաջնորդող չնախատեսուած սխալը։ ՆԱԶԱ-ի անձնակազմը լռութեան վարագոյր մը կը փորձէ հագցնել առայժմ։ Միակ ծանօթ ժխտական կացութիւնը սառոյցային կեղեւն էր, որ կը ծածկեր այդ առաւօտ Քէյփ Քանավերայի մէջ տիեզերանաւը պատուանդանի վրայ պահող կառոյցին շուրջ։

Թռիչքէն քսան վայրկեան առաջ ահազանգի նշան մը անտեսուած էր․․․

Հիմա տխուր իրականութիւնը այն է թէ եօթը ընտանիքի անդամներ կը սգան իրենց հարազատներուն անհետանալը ու ամբողջ աշխարհը սգակից է իրենց։

Որքան որ ալ փորձենք ընդունիլ թէ «ջուրին կուժը ջուրի ճամբուն կը կոտրուի» , պահուան անսպասելիութիւնը ցնցած էր բոլորին  հոգիները։

Մինչդեռ, 74 երկվայրկեան առաջ խանդավառութեան ալիքը սիրտէ սիրտ տարածուած էր։ Թռիչքի թուականէն չորս օր առաջ, կեանքի ապահովագրութեան ընկերութիւնը ուսուցչուհիին կեանքը ապահովագրած էր մէկ միլիոն տոլարով։

Իսկ Քրիսթայի համաքաղաքացիները կը պատրաստուէին շքեղ ընդունելութիւն մը կազմակերպելու Քրիսթայի վերադարձի խանդավառութիւնը պանծացնելու։

Քրիսթան համամիտ չէր նման մսխումի։ Երբ կը տեղեկանայ թէ 26 հազար տոլար պիտի արժէ նման հանդիսաւոր ընդունելութիւն մը կ՛ըսէ- «Խնայեցէք այդ գումարը եւ դասարաններու յատկացուցէք»։

Թռիչքէն մի քանի ժամ ետք եօթը աստղանաւորտներու համար եօթը վայրկեանի սուգի ղօղանջներ լսուեցան եկեղեցիներէն։ Գանգորտի (Մեսեչուսեց) մէջ Քրիսթային համաքաղաքացիները խանդավառ ընդունելութեան տեղ ցաւակցական-մխիթարական բառեր կ՛ուզէին պատրաստել ամուսնին ու երկու զաւակներուն համար։

Քրիսթան, հպարտ մանկավարժը, համեստ քաղաքացին, փառաբանուիլ չէր ուզեր արդէն։ Իրեն համար այնքան ընելիքներ կային։

Սերունդը դաստիարակելու, «անջրպետային պիզնէսը մարդկայնացնելու» համար այնքան անհրաժեշտ կը գտնէր իր քաղաքացիի մասնակցութիւնը։

Բայց՝ երազած թռիչքը կարճատեւ դարձաւ։

Երազը կայ ու կը մնայ սակայն։

Չէ՞ որ ամէն երազի ժամբայ իր զոհերը,առաքեալները եւ սուրբերը ունի, որոնց մեզմէ հեռանալը նոր հաւատացեալներու համար ճանապարհ բացող սկիզբ է։

 

Յունուար 29, 1986- Նիւ Եորք

 


 

1986_Challenger_Christa _McAuliffe _The astraunot Teacher Christa McAuliffe_Zarmine_Article_Baikar

    ԽԻԶԱԽ ՈԻՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆ՝ ՔՐԻՍԹԱՆ    Գրեց՝ Զարմինէ Պօղոսեան- Յնվ․ 29, 1986   Նոր հորիզոններու հաւատացող ուսուցչուհի Քրիսթան- Christa Co...