Search This Blog

Search This Blog

Sunday, January 11, 2026

Armenian Schools in Diaspora- Appeared in Yerevan Armenian Language & Literature in schools-Zarmine Boghosian-Dr Pergrouhi Svajian

 

 

 

 

Այս գրութիւնը լոյս տեսած է  Երեւան-Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող «Հայոց Լեզու եւ Գրականութիւնը  Դպրոցում» Մարտ 2, 1990-ի թիւին մէջ։ 

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ

Նիւ Եորքի Պէյսայտ շրջանի Սրբոց Նահատակաց Ազգային (Ամէնօրեայ) Վարժարանը (ՍՆԱՎ-HMADS) վերջին քսանամեակին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափին իրար ետեւէ բացուող աւելի քան երկոտասնեակ մը հաշուող ամէնօրեայ վարժարաններէն մին է։

Դպրոցին նշանաբանն է լաւ քաղաքացիներ եւ գիտակից հայեր պատրաստել,  հայ դպրոցականը զինել ամերիկեան կեանքի պահանջքներուն համաձայն, անոր հոգիին ու սրտին մէջ սերմանել սէրը լաւին ու գեղեցիկին, ներշնչել պատկանելիութեան զգացումը եւ գիտակցութիւնը ինքզինք տեսնելու որպէս յաջորդականութիւն պահող կարեւոր օղակ մը դարաւոր անցեալէն  քսանմէկերորդ դարը դիմաւորող հարուստ Հայ Մշակոյթին։

Սրբոց Նահատակաց Ազգային Ամէնօրեայ Վարժարանը Նիւ Եորք Նահանգի կրթական նախարարութենէն պաշտօնապէս վաւերացուած նախակրթարան մըն է – (3 տարեկանէն մինչեւ 11 տարեկան)- մանկամսուրէն մինչեւ վեցերորդ դասարան:

1987-88 ուուսումնական տարեշրջանը կ՛ընդգծուի մի քանի ողջունելի առիթներով։

- «Հայ Պարտէզ» անուամբ Մանկամսուրով սկսած այս նախակրթարանը այս տարի իր Քսանամեակը կը բոլորէ (1967-1987-88)։ Վարժարանին 1982-ի առաջին շրջանաւարտները այս տարի կ՛աւարտեն երկրորդականներ՝ մտնելու համար համալսարանական կեանքի ասպարէզ։

- Դպրոցի շրջանաւարտները այս տարի կը սկսին Շրջանաւարտից Միութիւն մը։ Աւելի քան 60 շրջանաւարտներու կոչ ուղղուցան, որ անոնք գան ու համախմբուին իրենց սիրելի կրթական հայ օճախին շուրջ։

Նուիրեալ անհատներու համախմբումը, յատկապէս հայ դպրոցին շուրջ, ամենագլխաւոր ազդակն է անոր յաջողութեան ու բարգաւաճման համար։

Այս տարի գլխաւոր պաշտօններով համագործակցաբար կ՛աշխատին Տիկին Սառա Տատուրեան՝ որպէս ընդհանուր վերատեսչուհի, Տիկին Զարմինէ Պօղոսեան՝ Տնօրէնուհի, եւ Տիկին Նատիա Իշկիւզար որպէս փոխ-տնօրէնուհի  եւ հայերէն լեզուի դասաւանդութեանց պատասխանատու։

Դպրոցը կը գտնուի Նիւ Եորք քաղաքի Քուինզ- Պէյսայտ շրջանի մէջ գտնուող Սրբոց Նահատակաց Առաքելական եկեղեցւոյ յարակից համալիրին մէջ։ Վարժարանը կը վայելէ մասնակի օժանդակութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան, եւ այլեւայլ բարեսիրական ու շրջանաւարտից միութեանց։

Վարժարանը  հիմնադրամ մը հաստատած է նաեւ Հայց Եկեղեցւոյ հիմնադրամէն ներս (ACEF-Armenian Church Endowment Fund), առաւել` կ՛օգտուի նաեւ մեր ծնողներուն ու հայ գաղութի առատաձեռն ազգայիններէն գոյացած նուիրատուութիւններէն։

 

ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐԻՑ ՄԷԿԸ՝

Տօքթ Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեան

 

Տօքթ Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեան սփիւռքահայ մեր կեանքէն ներս իր ուրոյն տեղը գրաւած առանձնայատուկ այն անձնաւորութիւններէն մին է, որ ո՛չ միայն պարծանքն է իր սեռին ու պատկանած ժողովուրդին, այլեւ ներշնչման աղբիւր մը յարատեւ աշխատանքին ու բարձր նկրտումներու։ Ազնուազարմ հայ կնոջ այնպիսի տիպար մըն է ան, որ խուսափելով շռնդալից յայտարարութիւններէ իր մասնագիտութիւնն ու փորձառութիւնը ի սպաս կը դնէ ամենուրեք հանդարտ ու խոր հունով ներթափանցելով իւրաքանչիւր հարցի բնոյթին։

            Ծնած է 1918-ին՝ Խարբերդ, պատմական Հայաստանի մէջ, ինչպէս կը սիրէ յայտարարել ինք՝  Տոքթոր Սվաճեան։ Ուսումնատենչ անհատի իր գիծերը յայտնաբերուած են շատ փոքր տարիքէն։ 1928-ին յետ-պատերազմեան օրերուն գաղթական իր ընտանիքը երբ կը վերահաստատուի Հալէպ, ան իր ուումը կը շարունակէ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն ներս, ապա Հալէպի Ամերիկեան աղջկանց Գոլէճ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան, յաջորդաբար կը դառնան իր ուսման կայանները հասնելու համար Միացեալ Նահանգներ՝ ուր Քորնէլ Համալսարանէն կ՛արժանանայ Մագիստրոս Արուեստից եւ Տոքթորայի վկայականներուն (1952) մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ փիլիսոփայութեան ճիւղերուն մէջ։  

            Կ՛ամուսնանայ ատամնաբոյժ Տոքթոր Ստեփան Սվաճեանի հետ եւ բնակութիւն կը հաստատէ Պրուքլին- Նիւ Եորք։

            Ուսուցչական ասպարէզէն ներս իր առաջին քայլերը կը սկսին Հալէպի Ուսումնասիրաց Վարժարանէն,  յաջորդաբար շարունակած է Պէյրութի Ամերիկեան Գոլէճի, Ամերիկեան համալսարանի, մէջ, ուր կարճ ատենուայ մէջ մնայուն ամպիոնի վարիչի տիտղոսին արժանանալով կը հանդիսանայ երկրորդ կին դասախօսը, որ համալսարանի մօաւորապէս 150 տարուայ պատմութեան մէջ նման դիրքի կը տիրանար։

            Տօքթ Սվաճեանի կենսագրութիւնը մաս կը կազմէ Միջին Արեւելքի տասը ականաւոր կիներու նուիրուած գրքին։ Միացեալ Նահանգներու մէջ Փրոֆ Բերկրուհի Սվաճեան դասախօսած է  Գոլոմպիա համալսարանին մէջ։ 1968-էն սկասեալ կը դասախօսէ Պրուքլին Գօլէճի մանկավարժական հոգեբանութեան բաժնին մէջ, ուր կը հանդիսանայ մնայուն ամպիոնի տէր եւ վարիչ՝ ինը տարուայ շրջանով մը։

Ան մասնագիտական դասախօսութիւններով հանդէս ելած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերու զանազան կարեւոր համալսարաններու մէջ։ 1984-87 եղած է մասնագէտ խորհրդական։

Փրօֆ Սվաճեանի մանկավարժական հոգեբանութեան հարցերով կատարած ուսումնասիրութիւնները հրատարակուած են գիտական բազմաթիւ պարբերաթերթերու մէջ։ Իսկ հոգեբան Ուէյն Տենիսի հետ կատարած ուսումնասիրութիւնը «ԻՆՖԸՆԹ ՏԻՎԵԼՕԲՄԸՆԴ  ԷՆՎԱՅՐԸՄԷՆԹԸԼ ՀԷՆԴԻՔԷՓ - INFANT DEVELOPMENT ENVIRONMENTAL HANDICAP » ՎԵՐՆԱԳՐՈՎ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է 1956-ին։


Armenian Schools in Diaspora- Appeared in Yerevan Armenian Language & Literature in schools-Zarmine Boghosian-Dr Pergrouhi Svajian

        Այս գրութիւնը լոյս տեսած է   Երեւան-Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող «Հայոց Լեզու եւ Գրականութիւնը   Դպրոցում» Մարտ 2, 1990-ի թիւին մ...